ԳԵՐԲՆԱԿԱՆ ԱՌԱՔԻՆՈՒԹԻՒՆ
«Ի վերջոյ, եղբայրներ, խորհեցէք այն բաները՝ որոնք ճշմարիտ են, պարկեշտ, արդար, մաքուր, սիրելի, բարեհամբաւ, առաքինի եւ գովելի. թող միայն ասոնք զբաղեցնեն ձեր միտքը» (ՓԻԼ. Դ 8)։
Առաքինութիւնը սովորական եւ հաստատ տրամադրութիւնն է բարին գործելու։
Ան թոյլ կու տայ ո՛չ միայն կատարելու բարի արարքներ, այլ նաեւ տալու լաւագոյնն իր անձին։
Զգայնական եւ հոգեւոր իր ամբողջ ուժերով, «առաքինի անձ»ը կը ձգտի դէպի բարին. կը հետապնդէ եւ կ՚ընտրէ զայն շօշափելի գործերուն մէջ, եւ ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Գրիգոր Նիւսացի. «Առաքինի կեանքին նպատակը կը կայանայ Աստուծոյ նման ըլլալու մէջ»։
Մարդկային առաքինութիւնները իմացականութեան եւ կամքին ամուր կեցուածքներն են, կայուն տրամադրութիւններ, ունակական կատարելութիւններ՝ որոնք կը կանոնաւորեն մարդուն արարքները, կը կազմաւորեն անոր կիրքերը եւ կ՚առաջնորդեն անոր վարքը ըստ բանականութեան եւ հաւատքին։
Առաքինութիւնները կը հայթայթեն դիւրութիւն, ինքնազսպում եւ ուրախութիւն բարոյապէս «բարի կեանք» մը վարելու համար։
Արդարեւ, առաքինի մարդը ա՛յն է, որ ազատօրէն կը գործէ բարին։
Բարոյական առաքինութիւնները ստացական են՝ մարդկօրէն ձեռք ձգուած են։ Անոնք բարոյապէս բարի գործերուն պտուղներն ու սերմերն են. անոնք մարդկային արարածին բոլոր զօրութիւնները, բոլոր կարողութիւն եւ կարելիութիւնները կը տրամադրեն հաղորդուելու աստուածային սիրոյ հետ։
Ուստի Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ. «Լաւ ապրիլը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ՝ սիրել Աստուած ամբողջ սրտով, ամբողջ հոգիով եւ բոլոր գործերով։ Կը վերապահենք Անոր ամբողջական սէր ժուժկալութեամբ, որ ո՛չ մէկ դժբախտութիւն կրնայ խախտել, ի՛նչ որ զօրութիւն է, որ կը հնազանդի միա՛յն Անոր, եւ ասիկա արդարութիւն է, որ կը հսկէ կշռադատելու համար բոլոր բաները, որպէսզի չըլլայ թէ անակնկալի գայ խորամանկութենէն եւ սուտէն։ Եւ ասիկա համբերութիւն է»։ Այսպէս կը խօսի ընդհանուր առաքինութիւններու մասին։
Մարդկային առաքինութիւնները, որոնք ձեռք ձգուած են դաստիարակութեամբ, որ կը նշանակէ՝ թէ «ստացական» են, ինքնակամ արարքներով եւ միշտ վերսկսուած յարատեւ ճիգերով, մաքրազտուած եւ վեր բարձրացած են աստուածային շնորհքով։ Աստուծոյ օգնութեամբ, անոնք կը դարբնեն նկարագիրը եւ հեշտութիւն կ՚ընծայեն բարիին կիրարկումին մէջ։ Եւ «առաքինի մարդ»ը երջանիկ է զանոնք գործադրելով։ Արդարեւ, դիւրին չէ մեղքէն վիրաւորուած մարդուն համար պահել իր բարոյական հաւասարակշռութիւնը։ Փրկութեան պարգեւը, Քրիստոսով, կու տայ մարդուս անհրաժեշտ շնորհքը յարատեւելու առաքինութիւններուն որոնումին մէջ։
Ուստի, մեզմէ իւրաքանչիւրը պարտի միշտ խնդրել «լոյսի եւ զօրութեան» այս շնորհքը, դիմել սուրբ խորհուրդներուն, գործակցիլ Սուրբ Հոգիին հետ, հետեւիլ բարին սիրելու եւ չարէն զերծ մնալու՝ Անոր կոչին։
Մարդկային առաքինութիւնները կը հաստատուին եւ կ՚արմատաւորուին աստուածաբանական առաքինութիւններուն մէջ, որոնք մարդուն կարողութիւնները եւ տարողութիւնը ատակ կը դարձնեն մասնակցելու աստուածային բնութեան. (Բ ՊԵՏՐ. Ա 4)։
Աստուածաբանական առաքինութիւնները կը վերաբերին ուղղակի՛ Աստուծոյ։ Անոնք տրամադիր կ՚ընեն քրիստոնեաները ապրելու յարաբերութեան մէջ Ամենասուրբ Երրորդութեան հետ։ Անոնք իբր ծագում, դրդապատճառ եւ առարկայ ունին Աստուած Մի եւ Երրեակ։ Աստուածային-աստուածաբանական առաքինութիւնները կը հիմնաւորեն, կ՚ոգեւորեն եւ կը յատկանշեն քրիստոնեային բարոյական գործելակերպը։ Անոնք կը կերպարանաւորեն եւ կը կենդանացնեն բարոյական բոլոր առաքինութիւնները։ Աստուած կը զեղու զանոնք հաւատացեալներուն հոգիին մէջ։
Բոլոր հաւատացեալները յայտնեալ ճըշ-մարտութեան հասկացողութեան եւ փոխանցումին բաժնեկից են։ Անոնք ընդունած են օծումը Սուրբ Հոգիին, որ կ՚ուսուցանէ զանոնք եւ կ՚առաջնորդէ «դէպի ամբողջական ճշմարտութիւնը» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 13)։
Աստուածաբանական առաքինութիւններն են. հաւատք, յոյս եւ սէր։ Եւ անոնք են որ կը կերպարանաւորեն բարոյական բոլոր առաքինութիւնները. (Ա ԿՈՐՆ. ԺԳ 13)։
Առաքինութեան զօրութիւնը, դժուարութիւններուն մէջ կ՚ապահովէ հաստատամը-տութիւն եւ յարատեւութիւնը բարիին հետապնդումին մէջ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 15, 2019, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024