ԲԱՑ ԵՒ ՅՍՏԱԿ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Սուրիոյ հիւսիսին ստեղծուիլը ծրագրուած անվտանգ գօտիի հարցին շուրջ ցարդ ապահովուած արդիւնքը գոհացում չէ պատճառած Թուրքիոյ եւ այս հանգամանքը բացայայտ ու յստակ ձեւով յանձնուած է ամերիկեան կողմի նկատառման։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Մեւլիւտ Չավուշօղլու Նիւ Եորքի մէջ յայտարարութիւններ ըրաւ թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն։ Նախարարը ՄԱԿ-ի նոր նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքներուն համար կը գտնուէր Նիւ Եորքի մէջ, ուր սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անդրադարձաւ Սուրիոյ տագնապին եւ այդ երկրի հիւսիսին ստեղծուիլը նախատեսուած անվտանգ գօտիին։

Չավուշօղլու ընդգծեց, որ այս ուղղութեամբ Թուրքիոյ կողմէ որդեգրուած հիմնական նպատակն է ահաբեկիչներու այդ տարածքաշրջանէն դուրս բերուիլը եւ այդ տարածքաշրջանի մաքրագործուիլը։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ալ այս ուղղութեամբ ունէր խոստում մը եւ պէտք է այդ մէկը յարգուի։ Աւելի վերջ ահաբեկիչներու դուրս բերուելուն զուգահեռ ստեղծուելիք անվտանգ գօտիէն ներս պաշտօն պիտի ստանձնեն զանազան տարրեր, տեղական ղեկավարներ եւ Թուրքիա այս ուղղութեամբ պատրաստ է աշխատելու ԱՄՆ-ի եւ տեղական ուժերուն հետ։ Թուրքիա պատրաստ է տեղւոյն ժողովուրդին հետ աշխատելու, սակայն բնականաբար չի պատրաստուիր ԵՓԿ-ՓՔՔ-ՓԵՏ-ի հետ աշխատելու։ Չավուշօղլու շեշտեց, որ անվտանգ գօտիի ստեղծուելէն վերջ անհրաժեշտ պիտի ըլլայ օգնել այն մարդոց, որոնք պիտի փափաքին վերադառնալ այնտեղ։ Թուրքիոյ այս նիւթին վերաբերեալ ծրագիրները, մօտեցումները եւ նպատակները բացայայտօրէն արտայայտուած են Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի կողմէ՝ վերջերս Նիւ Եորքի մէջ եւ աւելի առաջ ալ տեղի ունեցած երկկողմանի շփումներուն ժամանակ՝ արեւմը-տեան երկիրներու ղեկավարներուն եւ շահագրգիռ այլ երկիրներու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու պաշտօնատարներուն։

Նախարարը իր յայտարարութիւններուն մէջ ուշադրութիւն հրաւիրեց այն հանգամանքին վրայ, թէ ամերիկեան կողմէն իրերամերժ ձայներ կը բարձրանան Սուրիոյ վերաբերեալ հարցերուն եւ Թուրքիոյ հետ համագործակցութեան շուրջ։

Նախարար Չավուշօղլու ընդգծեց, որ այժմու կէտը գոհացում չէ պատճառած Թուրքիոյ եւ այս բանը բացայայտօրէն ամերիկեան կողմի նկատառման յանձնուած է։ «Կրնամ ըսել հետեւեալը, որ տոկոսներ տալով, թիւեր կամ վիճակագրութիւններ հրապարակելով չէ, սակայն ընդհանրապէս մեզ չի բաւարարեր այն կէտը, ուր հասած ենք այսօր։ Մեր հանրապետութեան նախագահն ալ յաճախ կ՚ընդգծէ այս հանգամանքը։ Այս պատճառով արդէն եթէ այս ձգձգման ընթացքը շարունակուի, մենք ալ մեր գլխուն ճարը պիտի նայինք, ինչ որ միշտ ալ կ՚ըսենք», ըսաւ Մեւլիւտ Չավուշօղլու։

Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նախարարը անդրադարձաւ նաեւ դեկտեմբերին Լոնտոնի մէջ նախատեսուած ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին։ Չավուշօղլու ըսաւ, որ դաշինքի ընդլայնումը միշտ Թուրքիոյ տեսակէտէ համարուած է առաջնային։ Այժմ օրակարգի վրայ է հիւսիսային Մակեդոնիայի անդամակցութիւնը։ Թուրքիա հաշտ աչքով կը դիտէ այս հեռանկարը։ Բաց աստի, Թուրքիոյ տեսակէտէ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ նաեւ Վրաստանի եւ Պոսնա-Հերսէքի անդամակցութիւնը։ Անգարա նախապատուութիւն կու տայ նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի խնդիրներուն եւ ներկայիս ՆԱԹՕ-ի երկիրներուն դէմ ամենամեծ սպառնալիքը կը համարուի ահաբեկչութիւնը եւ անհրաժեշտ է անոր դէմ մղել պայքար։ ՆԱԹՕ պէտք է նոր քաղաքականութիւններ զարգացնէ այս բոլոր հարցերուն շուրջ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 30, 2019