ՍՈՒՐԲԵՐՈՒՆ ՀԵՏ…

Հա­մայն հա­յու­թեան հա­ւա­քա­կան էու­թիւ­նը ա­լե­կո­ծած է այ­սօր դար­ձեալ։ Մեծ Ե­ղեռ­նի 100-րդ տա­րե­լիցն է։ Հա­յոց ի նպաստ զօ­րակ­ցու­թեան խորհր­դան­շա­կան դրսե­ւո­րու­մը ե­ղան ե­րէկ բո­լոր ցա­մա­քա­մա­սե­րուն մէջ հնչած կոչ­նակ­նե­րը։ Խա­ղաղ զօ­րակ­ցու­թիւն։

Հա­յե­րը այ­սօր գլուխ գլու­խի են ի­րենց սուր­բե­րուն հետ։ Հայ  Ե­կե­ղե­ցին ե­րէ­կուան սրբա­դա­սու­մով հա­ւա­սա­րակշ­ռուած եւ ծան­րակ­շիռ քայլ մը ա­ռաւ նա­հա­տակ­նե­րը պատ­մու­թեան մէջ դիր­քա­ւո­րե­լու ի­մաս­տով։

2015-ի ո­գե­կո­չում­նե­րը այս ա­ռու­մով կ՚ի­րա­կա­նա­ցուին այն­պի­սի մթնո­լոր­տի մը մէջ, ուր ա­ռա­ւե­լա­գոյնս կը հա­մընկ­նին զգա­ցա­կա­նու­թիւն ու տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը՝ դէ­պի ա­պա­գա­յ։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ուրբաթ, Ապրիլ 24, 2015