ՔԱՂԱՔԱԳԷՏ ՏՔԹ. ՎԻԳԷՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՄԷՆ ԳՆՈՎ ՊԷՏՔ Է ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ԴՈՒՐՍ ԳԱՅ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՊՐԿՈՒԱԾ ԻՐԱՎԻՃԱԿԷՆ»
Լոս Անճելոսի մէջ վերջերս կազմուած «Արեւմտեան Ամերիկայի համահայկական խորհուրդ»ի անդամներէն Տքթ. Վիգէն Յովսէփեան կը պատասխանէ մեր հարցումներուն։ Նշենք, որ ազգային հասարակական գործունէութիւն ծաւալող Յովսէփեան քաջածանօթ անուն մըն է Ամերիկայի Արեւմտեան ափի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի արտաքին գերատեսչութեան շրջանակներուն համար։
*
-Վերահասու դարձանք, որ կարեւոր դեր վերցուցած էք վերջերս հիմնադրուած «Արեւմտեան Ամերիկայի համահայկական խորհուրդ»ի կազմութեան գործին մէջ։ Ի՞նչ են այդ մարմնի հեռահար նպատակները. կրնա՞ք բնորոշել։
-«Համահայկական խորհուրդ» մը ստեղծելու գաղափարը մի քանի տարիներէ ի վեր արդէն կը զարգանար: Յատկապէս 1915-ի 100-ամեակին առիթով երբ 160 հազար հայերով ողողեցինք փողոցները, զգացինք որ համայնքի ուժերը հաւաքագրելու, նպատակաուղղելու կարիքը կայ: Եւ ահա ծնունդ առաւ «խորհուրդ»ը, առաւելաբար մնայուն «կլոր սեղան» մը ստեղծելու համայնքի խոշորագոյն կազմակերպութիւններուն համար՝ համակարգուած ձեւով քով-քովի գալու, ազգն ու համայնքը յուզող խնդիրներու շուրջ խորհրդակցելու, աշխատանքներ համակարգելու: Համայնքին մէջ ներգործօն եւ հեղինակաւոր կազմակերպութիւններ շատ յաճախ իրարմէ անտեղեակ են եւ կը գործեն իրարմէ կտրուած աշխարհներու մէջ: Այս ճիգը, ի մի կը բերէ բոլորը եւ համայնքի կազմակերպութիւններու միջեւ համախոհութեան նոր մակարդակ կը նուաճէ:
Յամենայնդէպս, ստեղծուածը ո՛չ համայնքի հայութեան կառավարութիւն է, ոչ ալ անոր անունով խօսելու յաւակնութիւնը ունեցող մարմին: Այն խորհրդակցութեանց հարթակ է եւ համադրող մարմին: Արդէն 23 խոշորագոյն կառոյցներ միացած են խորհուրդին, եւ հաւանաբար շուտով այլ կազմակերպութիւններ եւս կը միանան: Երկար ժամանակ գոյութիւն ունեցող երազ մըն է, որ կ՚իրականանայ այսպէս:
-Ամերիկահայութիւնը մեծ հաշուով դրական որակումներով դիտարկեց Հայաստանի մէջ իրականացուած Թաւշեայ յեղափոխութիւնը։ Այսօր շուրջ տարի մը անց նոյն խանդավառութիւնը գոյութիւն ունի՞։ Եւ առահասարակ ինչ են ամերիկահայութեան սպասումները Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւններէն։
-Ընդհանրապէս ամերիկահայութեան անունով չեմ կրնար խօսիլ, ինքզինքիս չեմ տար այդ իրաւունքը: Կրնամ միայն իմ տպաւորութիւններս փոխանցել: Ազգի մեծամասնութեամբ ողջունեցինք Հայաստանի մէջ իրականացուած յեղափոխութիւնը, որովհետեւ ըստ իս, փոփոխութիւններու ժամը վաղուց հասած էր: Անպայման Նիկոլ Փաշինեանի անձով հմայուածներու շարժում չէր այդ համահայկական շարժումը, որ յաղթանակ արձանագրեց: Ուստի, իշխանութիւններն ալ պիտի հասկնան, թէ որքան կարեւոր է, որքան կենսական է հասարակաց յայտարարներ ստեղծել իրենց ծրագիրներուն շուրջ, այնպէս ինչպէս ի սկզբանէ յաղթանակ արձանագրեցին: Ոչ մէկս այնքան կոյր ենք ու չենք տեսնելու, թէ ինչպիսի ահաւոր ճիգեր հարկաւոր են Հայաստանի մէջ, եւ ընդհանրապէս հայկական իրականութեան մէջ, բարեկարգումներ յաջողցնելու համար: Տասնամեակներու վրայ կուտակուած խնդիրներ կան, «ծուռ բուսած» ծառերը շատ են, ընկերատնտեսական լրջագոյն մարտահրաւէրներ կան, եւ ասոնք մոգական գաւազանով լուծուելիք խնդիրներ չեն: Հետեւաբար, զգուշաւոր լաւատեսութեամբ պէտք է հետեւիլ եղածին, համապատասխան յանձնառութիւն վերցնել ընդհանուր գործին նպաստելու հա-մար, եւ միեւնոյն ժամանակ ազնիւօրէն ու տրամաբանական համբերութեամբ յորդորել իշխանաւորներուն, որպէսզի ամենաճիշդ ուղիները որդեգրեն:
-Յաճախ կը խօսուի Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններու օրակարգին մէջ առկայ բացթողումներուն մասին. այս կապակցութեամբ ի՞նչ են ձեր մօտեցումները. Հայաստան ի՞նչ պէտք է ընէ, որպէսզի կարողանայ «գրաւիչ» երկիր մը դառնալ ԱՄՆ-ին համար։
-Գիտէ՞ք, երբ կը խօսինք Հայաստան-ԱՄՆ յարաբերութիւններուն մասին, կամ Հայաստանի որեւէ այլ պետութեան հետ կապերուն մասին, շատ հետաքրքրական բան տեղի կ՚ունենայ: Եթէ յարաբերութիւններուն մասին կայ անբաւարարութեան զգացում, կամ կայ տպաւորութիւն, թէ յարաբերութիւնները լաւագոյն վիճակի մէջ չեն, առհասարակ պատասխանատուութիւնը կը բարդուի հայկական կողմին վրայ: Իսկ եթէ հակառակը պատահի եւ դրական զարգացումներ արձանագրուին՝ կ՚ենթադրուի, թէ այդ միւս կողմի մեծահոգութեան պատճառով է, կամ ալ հայերուս շնորհուած պարգեւ է: Մինչդեռ, քաղաքագիտութեան ամենէն տարրական հասկացողութիւնն է, թէ միջպետական յարաբերութիւններու առանցքին կան պետական շահերը: Ուստի, այս պարագային, ԱՄՆ-ի համար Հայաստանի գծով երկու - յաճախ հակադիր - շահեր կան: Մէկ կողմէ, Հայաստանը կը դիտուի ամբողջականօրէն եւ անյոյս չափերով որպէս ռուսական ազդեցութեան գօտի, Իրանի կամ այլ Միջին Արեւելքի օրակարգի կէտերով ԱՄՆ-ի շահերուն հակադրուող կողմ: Միւս կողմէ, ԱՄՆ-ի հայկական համայնքի ներգործութեան եւ լոպիական ճիգերու բերումով, Հայաստանն ու հայութիւնը կը դիտուին որպէս նկատառելի դերակատար: Պարզենք, որ ԱՄՆ-ի քաղաքական թատերաբեմին վրայ հայկական ուժը չունի, օրինակ, հրէական ուժի տարողութիւնն ու հզօրութիւնը, որպէսզի կարողանայ քաղաքականութիւն թելադրել: Սակայն, ունի օրէ օր զարգացող եւ կազմակերպուող ուժ, որպէսզի որոշ շեշտեր դնէ, եւ մեղմացնէ ԱՄՆ-ի հաւանական կոշտ քայլերը, որոնք կրնան դրսեւորուիլ որեւէ պարագայի: Ասոր վրայ գանք աւելցնել, որ Թրամփի ուաշինկթընեան միջավայրը եւ այնտեղէն բխող արտաքին քաղաքականութիւնը շատ մը իմաստներով անկանխատեսելի են, եւ այդ իմաստով գործընթացները տարբեր են, այն ինչին որ մշակոյթը եւ վերլուծաբանները վարժ էին վերջին առնուազն 75 տարիներուն:
Վերջապէս աւելցնեմ, որ գէթ հայկական կողմի վարած քաղաքականութեան մէջ այդքան ալ լուրջ բացթողումներ չեմ նկատուիր, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք այն սահմանափակումները, որոնց մէջ կը գործէ Հայաստանի արտաքին յարաբերութիւններու մեքենան: Բացթողում կը նշանակէ թերացում եւ ոչ անպայման ձախողութիւն: Ես բացայայտ թերացումներ չեմ նկատեր, բայց ձախողութիւններ անպայման կ՚արձանագրուին, քանզի ամէն ինչ չէ որ հայկական կողմի կարելիութեանց մէջ է:
-Մտահոգ է՞ք ԱՄՆ-ի Արցախի հանդէպ վերջերս լսելի դարձած հաւանական նիւթական օժանդակութիւններու կրճատման կապակցութեամբ։ Ի՞նչ կարելի է ընել այդ խնդրի հայանպաստ լուծումը ապահովելու համար։
-Որեւէ օժանդակութեան հաւանական կրճատում, այդ ըլլայ Հայաստանին թէ Արցախին, մտահոգիչ է եւ անընդունելի: Գրեթէ ամէն տարեշրջանի եւ պիւտճէի կազմաւորման սկիզբին, այսպիսի ահազանգ հնչեցուած է: Այս անգամ քիչ մը աւելի մտահոգիչ են լուրերը, նկատի առնելով անկանխատեսելիութեան վարկածը որուն քիչ առաջ անդրադարձայ: Կը մնայ, որ պետութիւն-հայկական լոպի ներգործօն եւ համադրուած ճիգերով կարելի եղածին չափ առաջքը առնուի որեւէ օժանդակութեան նուազեցումի: Կարեւոր է հասկնալ, թէ հարցը օժանդակութեան գումարը չէ, այլ այն ինչ, որ այդ օժան-դակութեան չափը կը խորհրդանշէ:
-Բաւարար կը համարէ,ք Միացեալ Նահանգներու այսօրուան օժանդակութեան ընդհանուր ծրագիրները՝ ուղղուած Հայաստանի Հանրապետութեան։
-Անշուշտ ոչ: Արդար ըլլալու համար պէտք է նշել, թէ գոյութիւն ունին շատ մը ծրագրեր, որոնք ընթացիկ կերպով տեսանելի չեն բոլորին: Կան զանազան նախարարութիւններու հետ ուղղակի իրականացուող ծրագրեր, ինչպէս նաեւ հասարակական կազմակերպութիւններուն ուղղուած դրամաշնորհներ, եւ այլն: Իսկ կան բնագաւառներ՝ ուր Հայաստան ինք այդ ուղղութեաբ պիտի դժուարանայ օժանդակութիւն ընդունիլ, նկատի ունենալով այլ ռազմավարական նկատառումներ:
-Ճոն Պոլթընի Հայաստան այցելութիւնը մեծ քննարկումներու առանցք հանդիսացաւ։ Ճիշդ է, որ գետնի վրայ դրական տեղաշարժ չտեսանք, բայց շատեր ունին այն համոզումը, թէ այդ այցելութիւնը նոր դուռ մը պիտի բանար Հայաստան-ԱՄՆ ո՛չ աշխոյժ եւ ոչ արդիւնաւէտ փոխգործակցութեան առումով։ Եւ այսօր Պոլթընի իր պաշտօնէն հեռացումէն ետք, ի՞նչ ակնկալել երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման առնչութեամբ։
-Գէթ Հայաստանի գծով, Ճոն Պոլթընի մնալը կամ հեռանալը չեմ խորհիր, որ լուրջ ազդեցութիւն կ՚ունենայ ԱՄՆ-ի քաղաքականութեան վրայ: Այսինքն, այն կոշտ կամ այսպէս ըսած «բազէներ»ու գիծը, որ Պոլթըն կը ներկայացնէր վարչակարգին մէջ, տակաւին տիրականօրէն ներկայ է: Շատ փոքր դանդաղացումէ ետք, ԱՄՆ-ի առաջադրանքները վստահաբար կը շարունակուին դրուիլ Հայաստանի իշխանութիւններուն առջեւ: Որոշ «սուտ» օրակարգային կէտերու կողքին ամենակարեւորը ԱՄՆ-ի համար Իրանի մեկուսացումն է: Հետեւաբար, Հայաստանէն ամենէն կարեւոր ակնկալութիւնը այդ գծով քաղաքականութեան վերանայումն է։
Տեսէ՛ք. որքան տկարացաւ Թրամփը ներքին ճակատի վրայ, այդքան աւելի կարեւորութիւն ստացաւ հրէական լոպին, որ Թրամփի համար որպէս յենարան եւ փրկութեան լաստ սկսաւ գործել: Այս իմաստով, Թրամփի օրօք Իսրայէլը ձեռք ձգեց այնպիսի առաւելութիւններ, ինչպիսին էր ԱՄՆ-ի կողմէ Երուսաղէմը իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալը, կամ Կոլանի բարձրունքները, որպէս իսրայէլապատկան հող ճանչնալը, որոնց համար տասնամեակներ շարունակ մեծ պայքար կար: Հիմա ալ, գէթ մինչեւ այն ատեն, երբ Թրամփ տակաւին նախագահ է, Իսրայէլը ամէն ինչ պիտի ընէ ԱՄՆ-ի ճամբով տկարացնելու Իրանն ու անոր դաշնակիցները (յատկապէս լիբանանեան «Հիզպուլլահ»ը): Կը մնայ սպասել ու տեսնել, թէ Հայաստանը պիտի յաջողի՞ դուրս մնալ այս պրկուած վիճակէն, կամ պիտի կարենա՞յ համոզել, թէ իր կացութիւնը իւրայատուկ է եւ թէ ԱՄՆ պէտք է շարունակէ հասկացողութեամբ մօտենալ Հայաստան-Իրան յարաբերութիւններուն: Այս է գլխաւոր կնճիռը, որ պէտք է լուծել:
-Ձեր տեսակէտով՝ վարչապետ Փաշինեան կարողացա՞ւ բարձր մակարդակի շփումներ իրականացնել ամերիկեան վարչամեքենային հետ։
-Արդէն գիտենք, որ վարչապետի պաշտօնական այցը Ուաշինկթըն՝ հաւանաբար հազիւ 2020-ին տեղի ունենայ: Բայց անշուշտ ԱՄՆ-ի հետ յարաբերութիւնները կը մշակուին ու կ՚իրագործուին տարբեր-տարբեր մակարդակներու վրայ: Եթէ մեր կիզակէտը ռազմավարական արժէք ներկայացնող, այսպէս կոչուած «բարձր քաղաքականութեան» մասին է, հոն կարեւորագոյնը երկու ուղղութիւններով աշխատանք տանիլն է: Առաջինը, այն բոլոր պաշտպանողական տիպի ճիգերն են, որոնք պէտք է ձգտին Հայաստանին տալ ազատութիւնը հանգիստ գործելու իր աշխարհագրական պայմաններու թելադրանքին տակ, եւ հոս ԱՄՆ հասկացողութեամբ պէտք է ընդունի Հայաստան-Իրան, կամ նոյնիսկ, Հայաստան-Ռուսաստան կապերը, հասկնալով նաեւ Հայաստանի իւրայատուկ դրուածքը այդ իմաստով: Երկրորդ՝ աւելի ներգործօն ճիգերն են, այս անգամ բարձրացնելու Հայաստանի, Արցախի, եւ ընդհանրապէս, հայութեան վարկն ու հեղինակութիւնը յաչս ԱՄՆ-ի իշխանական եւ օրէնսդիր շրջանակներուն, ինչպէս նաեւ յաչս ամերիկեան հասարակութեան: Այս վերջինը գետին կը պատրաստէ ապագայի ծրագիրներու եւ քայլերու համար:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան