ՎԱՆԻ ՄԷՋ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ
Ապրիլի 24-ին ընդառաջ, երէկ յետմիջօրէին, Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի «Ս. Խաչ» եկեղեցւոյ մէջ եւս տեղի ունեցաւ ոգեկոչման արարողութիւն մը։ Ներկայիս Պիթլիսէն, Մուշէն, Սասունէն, Տիարպաքըրէն եւ յարկից այլ շրջաններէն խումբ մը հայեր պտոյտի մը ձեռնարկած են դէպի արեւելք՝ երբեմնի հայաբնակ գաւառները։ Անոնց միջեւ կը գտնուին նաեւ վերոյիշեալ քաղաքներէն սերած ընտանիքներու զաւակներ, որոնք այժմ կը բնակին Իսթանպուլի մէջ։ Այցելուներու խումբը փափաք յայտնեց, որպէսզի երէկ այցելէ Աղթամար կղզի եւ աղօթէ եկեղեցւոյ մէջ։ Այս պահանջը ներկայացուեցաւ Պատրիարքարան եւ Աթոռին տնօրինութեամբ Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան միօրեայ կարճատեւ այց մը տուաւ Վան։ Տեղւոյն կուսակալութեան մասնաւոր թոյլտուութեամբ, այժմ թանգարանի վերածուած պատմական եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ կարճ աղօթք մը։ Հայր Սուրբը մեզի յայտնեց, թէ նկատի ունենալով մթնոլորտին եւ ժամկէտին յատուկ նշանակութիւնը, իրենք յարմար նկատած են նման աղօթքի մը կատարուիլը։ Շուրջ 20 վայրկեան տեւած արարողութեան ընթացքին երգուեցան շարականներ եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան աղօթք։
Կարճատեւ արարողութեան աւարտին կրօնական ժողովի ատենապետը վերադարձաւ քաղաքս, իսկ այցելուներու խումբը կը շարունակէ իր շրջագայութիւնը։
Թրքահայ կեանք
- 11/22/2024