ՆՈՐ ՎԻՃԱԿ

«Խաղաղութեան ակ» գործողութիւնը յառաջիկայ շրջանին ուղղակիօրէն պիտի պայմանաւորէ Մերձաւոր Արեւելքի ընդհանուր վիճակը։ Տարածքաշրջանը շուրջ տասն տարիէ ի վեր արտասովոր, արիւնալի իրավիճակի մը մէջ կը գտնուի։ Այս պայմաններուն ներքեւ միշտ օրակարգի վրայ կու գային աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններու վարկածներ՝ ներառեալ քարտէսի փոփոխութիւններ, մասնաւորապէս Իրաքի եւ Սուրիոյ պարագային։ Թուրք զինեալ ուժերու լայնածաւալ գործողութիւնը այժմէն եկած է կանխել քարտէսի փոփոխութեան հաւանականութիւնները։ Արդարեւ, զինեալ ուժերու միջամտութեան հիմնական նպատակներէն մին է Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան երաշխաւորումը։ Անվտանգ գօտիի մը ստեղծման նպատակը Անգարա կը հետապնդէր երկար ժամանակէ ի վեր։ Արդարեւ, Թուրքիոյ մէջ ապաստան գտած սուրիացիներէն գողցուած է իրենց հայրենիքին մէջ ապրելու իրաւունքը եւ այժմ անոնց առջեւ կը բացուի այդ իրաւունքին վերատիրանալու հորիզոնը։ Ինչ որ ալ ըլլայ, յառաջիկայ շրջանին Սուրիոյ տագնապին համար քաղաքական լուծում մը պիտի որոնուի բանակցութեան սեղանի շուրջ։ Թուրքիա կը ձգտի այդ սեղանին շուրջ ապահով տեղ մը ունենալ՝ լուծման գործընթացին իր նպաստը բերելու համար։ Անգարա համոզուած է, թէ առանց դաշտի վրայ ամուր դիրք մը ունենալու՝ կարելի չէ սեղանի շուրջ ազդու դերակատար մը ըլլալ։ Ուստի, այժմու գործողութիւնները ձեւով մը եղած են անհրաժեշտ, անխուսափելի՝ մանաւանդ, որ թրքական կողմը չի կասկածիր իր զինեալ ուժերու յաջողութենէն։

Ներկայ նուրբ իրավիճակին մէջ Անգարա բոլոր ուղղութիւններով միջոցներ ձեռք առած է նախեւառաջ զինուորներուն անվտանգութիւնը երաշխաւորելու համար։ Իր հարաւային սահմաններու երկայնքով ահաբեկչութեան գոյութիւնը Թուրքիոյ կողմէ կ՚ընկալուի լուրջ սպառնալիք մը եւ ներկայ գործողութիւնը վճռակամ քայլ մը կը նկատուի այդ սպառնալիքին դէմ։ Թուրքիա կը թիրախաւորէ բացառապէս ահաբեկչական լծակները եւ որդեգրած է քաղաքային տարրերը խնայելու սկզբունքը։ Սա շատ կարեւոր հանգամանք մըն է՝ մանաւանդ, որ պատկան մարմինները ապատեղեկատուութիւններու հաւանականութեան լոյսին տակ մեծ կարեւորութիւն կը ցուցաբերեն այս կէտին նկատմամբ։ Թուրքիոյ մէջ ապաստան գտած սուրիացիներու մեծամասնութիւնը եկած են այդ երկրի այն շրջաններէն, որոնք ներկայիս ահաբեկիչներու բռնագրաւման տակ կը գտնուին։ Միջազգային հեղինակաւոր իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններ քանիցս անդրադարձած են անոնց ենթարկուած անհաւատալի խնդիրներուն։ Թուրքիոյ կողմէ ձեռնարկուած ներկայ գործողութիւնը կը ծառայէ նաեւ այս խնդրի կարգաւորման հեռանկարին՝ մարդասիրական չափումներով հանդերձ։ Անգարա թափանցիկ ձեւով այս բոլորը փոխանցած է աշխարհին։ Թուրքիա կը ջանայ ապահովել, որ իր մօտ ապաստան գտած սուրիացիները կամաւոր ու մշտական ձեւով վերադառնան իրենց երկիրը եւ այնտեղ ունենան կենցաղային անհրաժեշտ բոլոր պայմանները։

Անգարայի տեսակէտէ անկանխատեսելի չէ, որ միջազգային բեմահարթակի վրայ այս գործողութիւնները կրնան չընկալուիլ միանշանակ, զանազան շահերու բախումներով կրնան յառաջանալ ապատեղեկատուութիւններ ու կրնան շրջանառութեան մէջ մտնել իրականութեան անհամապատասխան լուրեր։

Սուրիոյ իրադարձութիւնները մէկ օրէն միւսը միջազգային օրակարգէն դուրս պիտի չմնան։ Ինչպէս այդ երկրի ամբողջ տարածքին, այնպէս ալ ներկայ գործողութիւններու ընդգրկած աշխարհագրութեան մէջ կ՚ապրին նաեւ հայեր։ Սուրիա հայկական սփիւռքի կարեւորագոյն կէտերէն մին է։ Այդ երկրի տարածքի իրադարձութիւնները առարկայ են ամբողջ հայաշխարհի անմիջական ուշադրութեան։ Բնականաբար բոլորին ձգտումն է, որ այնտեղ վերահաստատուի խաղաղութիւնը եւ ժողովուրդը կարենայ վերադառնալ իր բնականոն կեանքին։ Գործնականօրէն խաղաղութիւնը պիտի վերահաստատուի՝ երբ որ գոյանան անոր պայմանները։ Ուստի, Սուրիոյ իրադարձութիւնները կատարեալ պատկերացնելու համար անուշադրութեան պէտք չէ մատնուին Անգարայի մօտեցումները, Անգարայէն հնչած տեսակէտները՝ մանաւանդ «Խաղաղութեան ակ» գործողութիւնով պայմանաւորուած ներկայ մթնոլորտին մէջ։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

 

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 11, 2019