«ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԱԿ». ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆ, ՈՐՈՒՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆ ԵՆ ՄՈՍԿՈՒԱՆ ԵՒ ԱՆԿԱՍԿԱԾ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԸ

Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան չորեքշաբթի օր կը յայտարարէր Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն ուղղութեամբ ընթացք առնելիք ռազմական գործողութեան մասին։

Յայտարարութենէն ժամ մը վերջ, Թուրք զինեալ ուժերը ծանր հարուածներ կը հասցնէին մասնաւորապէս Ռեսուլայնի եւ Թել Ապեատի մէջ տեղակայուած ահաբեկչական զօրամիաւորումներու կեդրոնատեղիներուն։ Ի տարբերութիւն «Եփրատի վահան» եւ «Ձիթենիի ճիւղ» խորագիրը կրող գործողութիւններուն, այս գործողութեան առաջին իսկ վայրկեանէն պարզ կը դառնար, որ ահաբեկչական ջոկատները վճռած են պատերազմը շարունակել մինչեւ վերջ։ Ինչ կը վերաբերի շրջանին մէջ տիրող քաղաքական ընդհանուր դրութեան, ապա աւելի քան յստակ էր, որ Անգարա այս գործողութեան կը ձեռնարկէր ունենալով նախեւառաջ Մոսկուայի լռելեայն համաձայնութիւնը, որ նաեւ արդիւնք էր վերջին մէկ տարուան ընթացքին Անգարա-Մոսկուա բանակցութիւններուն, որոնք տեղի ունեցած էին Աստանայի, Սեն Փեթերսպուրկի, Մոսկուայի ու վերջապէս Անգարայի մէջ։

Երեւելի էր նաեւ, որ Անգարայի համար խիստ կարեւոր «ապահովական գօտի» մը ստեղծելու միտող եւ ջանացող այս գործողութիւնը կը դառնար քննադատութեան թիրախ այն երկիրներուն կողմէ, որոնք այս կամ այն ձեւով դուրս մնացած էին «սուրիական խաղ»ի ընդհանուր հայեցակարգերէն։ Այդ երկիրներէն էր Ֆրանսան, որ այսօր գրեթէ ազդեցիկ դեր մը չունի Սուրիոյ զարգացումներուն գծով, նաեւ Ռիատը, որ Սուրիոյ պատերազմի գանձատրման երեսակը ապահովելէ եւ դրամական մեծ միջոցներ ծառայեցնելու իր գործարքներէն ետք, այսօր նոյնպէս յայտնուած է «բարձիթող»ի վիճակի մը մէջ։

Անշուշտ այս բոլորէն անդին կար նաեւ Միացեալ Նահանգները, որուն մօտեցումները, որուն նախագահին հակասական եւ երկդիմի յայտարարութիւնները անպայմանօրէն ցոյց կու տան, թէ Անգարա-Ուաշինկթըն տարակարծութիւնը ունի ձեւական բնոյթ։ Ի վերջոյ Թուրքիոյ հետ կամ առանց Թուրքիոյ, Միացեալ Նահանգներ ոչ մէկ առումով դէմ կրնայ կանգնիլ Սուրիոյ սահմանին հիմնուելիք «ապահովական գօտի» մը ստեղծելու գաղափարին, նաեւ նախագահական ընտրութիւններու պատրաստուող գործող նախագահ Թրամփի համար չէր կրնար պատահիլ նման «ոսկեայ առիթ» մը, որուն շնորհիւ ալ ան ճարպիկ մօտեցումով իր «ձեռքերը կը լուար» եւ ահաբեկիչներուն կը յիշեցնէր Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան գլխաւոր առաջնորդ Խումէյնիի թեւաւոր խօսքը՝ «Ամերիկայի հետ թշնամութիւնը վտանգաւոր է, իսկ բարեկամութիւնը մահացու...»։

Ի դէպ, հաշուի պէտք է առնել, որ Թրամփի վարած քաղաքականութիւնը, անոր կողմէ հնչած խօսքերը, նաեւ սուրիական գետնի վրայ ամերիկեան ուժերու «դիտող»ի դերով հանդէս գալը ցոյց կու տան, որ Անգարա-Ուաշինկթըն կապերը այդքան ալ թոյլ չեն, այլ կայ մշտական կապ եւ նոյնիսկ ինչ-որ մակարդակի համակարգում։

Բաց աստի եւ հակառակ շրջանային երկիրներու Թուրքիան դատապարտելու միտող խօսքերուն՝ հինգշաբթի երեկոյեան պարզ կը դառնար, որ Անգարայի այս գործողութիւնը երկարատեւ գործողութիւն մը ըլլալու միտում չունի։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի կողմէ հնչած յայտարարութիւնը ցոյց կու տար, որ Անգարայի գործողութիւնը կը կատարուի ունենալով մէկ նպատակ, որն է ստեղծել՝ «ապահովական գօտի» եւ որուն խորութիւնը պիտի ըլլայ բացառապէս 30 քիլօմեթր։ Այս բոլորը անշուշտ կը նշեմ ընթերցողիս բացատրելու ու շեշտելու համար, թէ Անգարայի կողմէ գործադրուած այս գործողութիւնը կը վայելէ սուրիական խաղին մէջ իրենց կարեւոր դերը ունեցող միջազգային մեծ խաղացողները։

ՍՊԱՍԵԼՈՎ ԷՐՏՈՂԱՆ-ԹՐԱՄՓ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ

Սուրիոյ զարգացումներուն հետեւող միջազգային մամուլը երեքշաբթի յետմիջօրէին բաւական բարդ դրութեան մը պատճառ կը հանդիսանար։ Մասնաւորապէս «Ռէօյթըրզ» լրատուական գործակալութիւնը, որ զանգուածային լրատուամիջոցներու միջազգային ընտանիքին համար կը համարուի արժանահաւատ, արագ լուր մը տարածելով յայտարարեց, որ Թուրքիան ազդանշանը տուած է դէպի Սուրիոյ հիւսիսային շրջանները նախատեսուած ռազմական գործողութեան։

Ի դէպ, նախքան այդ յայտարարութեան տարածուիլը մէկէ աւելի առումներով՝ թէ՛ Անգարա եւ թէ Ուաշինկթըն անուղղակի եւ յաճախ ալ ուղղակի յայտարարութիւններով «փոխհրաձգութեան» մթնոլորտ մը կը ստեղծէին։

Մինչ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները կը հաւաստէին, թէ Թուրքիան կը պատրաստուի ռազմական գործողութիւններու դիմելու, անդին նոյն յայտարարութենէն միայն ժամեր անց Տանըլտ Թրամփ կ՚ըսէր. «Ամերիկա պատրաստ է Թուրքիոյ տնտեսութիւնը կործանել, եթէ Անգարա դէպի Սուրիա ռազմական գործողութեան մը դիմէ...»։

Անշուշտ նախքան այս փուլին հասնիլը պարզ կը դառնար, որ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ չէ Թուրքիոյ նեցուկ ցոյց տալ ու մասնակցիլ Սուրիոյ մէջ նոր գործողութեան, այսպէսով ինքզինք ամբողջապէս ապահովագրուած զգալով, նաեւ հեռանալով՝ ինչպէս Թրամփ կ՚ըսէր. «մեզ յոգնատանջ ընող աւելորդ պատերազմներէ»։

Այս բոլորի լոյսին տակ փաստ է, որ Միացեալ Նահանգներու ներկայ վարչախումբը պատրաստ չէ Միջին Արեւելքի այսօրուան ընդհանուր տեսարանին մէջ որեւէ մակարդակի նոր փոփոխութեան մասին չխօսիլ, այդ ուղղութեամբ շարժումներ չկատարել, նաեւ պատուար դառնալ բոլոր անոնց, որոնք նպատակ ունին նոր փոփոխութիւններու դրօշակիրը դառնալ։ Այս բոլորէն անդին յստակ է նաեւ, որ հակառակ Ուաշինկըթն-Անգարա բարձր մակարդակի լարումին, ԱՄՆ-ի նախագահութիւնը մեծ գրաւ կը դնէ Թուրքիոյ հետ երկխօսութիւնը շարունակելու գործընթացին։ Իբր այդ ալ, աւելի քան կարեւոր կը համարուի նախագահ Էրտողանի առաջիկայ նոյեմբերին դէպի Ուաշինկթըն կատարելիք այցն ու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ վճռորոշ հանդիպումը։

«ՔԱՐՆԵԿԻ ՀԻՄՆԱՐԿ»Ի ՓՈՐՁԱԳԷՏ ԱՐՄԵՆԱԿ ԹՈՔՄԱՃԵԱՆԻ ՏԵՍԱԿԷՏԸ

-Ինչպէ՞ս կը բնութագրէք Անգարայի մէջ վերջերս կայացած երեք ղեկավարներու՝ Էրտողանի, Փութինի եւ Ռուհանիի հանդիպման արդիւնքները։

-Նախագահներ՝ Էրտողան, Փութին եւ Ռուհանի, Սոչիի եւ Անգարայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումները յանգեցան աուրիական հակամարտութեան առընչութեամբ քանի մը կարեւոր որոշումներու։

Օրինակ՝ Իտլիպի հարցով։ Այս հանդիպումներէն յետոյ քիչ հաւանական է սուրիական պետական զօրքի կողմէ նոր յարձակում մը։ Մանաւանդ այն հանգամանքին, որ Անգարան կը ցանկար Իտլիպի մէջ երկարաժամկէտ զինադադարի հաստատում, այնուամենայնիւ այս զինադադարն ալ նախորդներուն պէս պիտի ըլլայ ժամանակաւոր։

Եռակողմ հանդիպումները գրեթէ աւարտին հասցուցին «Սահմանադրական յանձնաժողով»ի կազմաւորման գործընթացը։ Սակայն շատ յոյսեր պետք չէ կապել այս յանձնաժողովին, որովհետեւ իր սահմանափակ իրաւասութիւններով հազիւ պիտի կարողանայ լուրջ փոփոխութիւններ մտցնել Սուրիոյ կառավարման համակարգին մէջ։ Ի վերջոյ հակամարտութեան մէջ ներգրաւուած գերիշխող ուժերու կամքն է, որ պիտի որոշէ Սուրիոյ ապագան:

-Նկատեցինք նաեւ, որ թրքական կողմի պահանջքը՝ «ապահովական գօտի» ստեղծելու վերաբերեալ, իր առաջին քայլերը նետեց, սակայն ամբողջական չեղաւ։ Այս առումով ի՞նչ զարգացումներու սպասել։

-Եռակողմ հանդիպումներու ընթացքին Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան իր ելոյթներուն մէջ առիթը չկրոսնցուց ամերիկացի գործընկերներուն յիշեցնելու, որ Թուրքիան պատրաստ է առանձինն «ապահովական գօտի» ստեղծել Սուրիոյ հիւսիսը։ Այդ ուղղութեամբ փոքր առաջընթաց կայ, բայց ամենայն հաւանականութեամբ այս հարցով ամերիկեան կողմը յստակ, երկարաժամկէտ համաձայնութեան չկարողանայ հասնիլ Անգարային հետ։ Պաշտօնական Անգարայի համար այս գօտիի ստեղծումը ազգային անվտանգութեան հարց է։ Միեւնոյն ատեն այդպիսի քայլ մը կ՚ենթադրէ աւելի խորանալ սուրիական հակամարտութեան ճահիճին մէջ։

-Ընդհանուր խօսակցութիւններու մէջ նաեւ կը խօսուի Իտլիպը Սուրիոյ իշխանութիւններուն յանձնելու թրքական կողմի ծրագրին եւ անոր փոխարէն թուրք-սուրիական համագործակցութեան սկիզբի մը մասին, յատկապէս քրտաբնակ շրջաններու կտրուածքով, այսինքն հիւսիսային այն հատուածները, որոնք քիւրտերու տրամադրութեան տակ են, այնտեղ նաեւ համատեղ գործողութիւններ կրնան կատարուիլ մէկ կողմէ Սուրիոյ իշխանութիւններուն, իսկ միւս կողմէ Անգարայի կողմէ: Այսպիսի բեմագրութիւն մը հաւանակա՞ն է։

-Սուրիոյ մէջ ծաւալած պատերազմին պատճառով Թուրքիան եւ Սուրիան կանգնած են հակառակ բեւեռներու վրայ, բայց քրտական հարցով զանոնք կը միացնէ ընդհանուր շահը։ Երկուքին համար ալ անցանկալի է Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան հատուածին մէջ ունենալ Ամերիկայի աջակցութիւնը վայելող քրտական ուժ։ Այսօր ստեղծուած իրավիճակը առաջին հերթին շահաւէտ է Դամասկոսի համար, որովհետեւ քրտական ուժերը կորսնցնելով վստահութիւնը դաշնակից՝ Ամերիկայի, ուշ թէ կանուխ պիտի վերադառնան Դամասկոսի գիրկը:

Ինչ կը վերաբերի Իտլիպը փոխանակելու հարցին, սկզբունքօրէն այսպիսի «քաղաքական խաղեր» հնարաւոր են եւ կրնան պատահիլ Սուրիոյ հակամարտութեան ընթացքին։ Բայց կը կարծեմ, որ Իտլիպի պարագային փոխանակման հաւանականութիւնը տուեալ պահուն քիչ է։ Այս տեսակէտը հաստատող տարբեր հիմքեր կան։ Օրինակ՝ Անգարան տասներեք ռազմական դիտակէտեր ունի Իտլիպի մէջ եւ հեշտութեամբ իր զօրքերը դուրս պիտի չբերէ այնտեղէն։ Միեւնոյն ատեն Թուրքիան Իտլիպը յանձնելով սուրիական պետութեան կը ստեղծէ փախստականներու մեծ ալիք մը, որու միակ փախուստի ճանապարհը պիտի ըլլայ Թուրքիան։ Մինչդեռ Անգարան այսօր կը փորձէ իր երկրին մէջ բնակող փախստականներու թիւը կրճատել, երբեմն նոյնիսկ զանոնք դէպի Իտլիպ արտաքսելով (refoulement)։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 12, 2019