ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

Երէկ յետմիջօրէին, Շիշլիի գերեզմանատան մէջ ոգեկոչուեցաւ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Թաղային խորհուրդի բազմամեայ ատենապետ, նորոգ հանգուցեալ Աբիկ Հայրապետեան։ Իր յիշատակի ոգեկոչման մասնակիցները բիւր յարգանքով համախմբուեցան անոր բարոյական ներկայութեան շուրջ։ Հոգեհանգստեան պաշտօնին նախագահեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան եւ Տ. Մինաս Ա. Քհնյ. Ճիհանկիւլեան։ Արարողութեան ընթացքին կատարուեցաւ նաեւ հանգուցեալի շիրիմի օրհնէքը։

Հոգեհանգստեան պաշտօնի աւարտին ներկաները հերթական անգամ ցաւակցութիւն յայտնեցին հանգուցեալի այրիին եւ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչներուն։  

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2019