ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԻ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր Պաքուի մէջ կը մասնակցի Թրքախօս երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդի 7-րդ գագաթաժողովին։ Երէկ, նախագահ Էրտողան ժամանեց Պաքու, ուր Զակուլպայի պալատէն ներս առանձնազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Դէպի Պաքու ուղեւորութեան բերումով Էրտողան յայտարարեց, որ թրքախօս աշխարհէ ներս զօրակցութեան ու համագործակցութեան հետզհետէ ամրապնդումը հպարտութեան առիթ մըն է։

Պաքուի մէջ Էրտողան երէկ մասնակցութիւն բերաւ Համաշխարհային թրքական գործարար խորհուրդի ժողովին, որու ընթացքին ունեցած ելոյթին ժամանակ անդրադարձաւ նաեւ «Խաղաղութեան ակ» գործողութիւններուն, որոնք Սուրիոյ հիւսիսին յառաջ կը տար-ւին Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ։ Նախագահը ընդգծեց, որ Թուրքիա այժմու գործողութիւններով՝ 1974 թուականին Կիպրոսի գործողութիւններուն համաչափ նշանակութեամբ կենսական քայլ մը առած է։ «Առանց տեղի տալու ճնշումներու եւ սպառնալիքներու՝ վըճ-ռած ենք մեր գործողութիւնը յառաջ տանիլ մինչեւ վերջ», ըսաւ Էրտողան։

Երէկ երեկոյեան ալ նախագահ Էրտողան մասնակցութիւն բերաւ Իլհամ Ալիեւի տանտիրութեամբ՝ Պաքուի գագաթաժողովի մասնակիցներուն համար սարքուած պաշտօնական ընթրիքին։

Երէկ Պաքուի մէջ Էրտողան տեսակցեցաւ նաեւ Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանի հետ։ Հարկ է նշել, որ Հունգարիա՝ որպէս դիտորդ մասնակցութիւն կը բերէ Թրքախօս երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդին։ Էրտողան այս առաւօտ ալ Պաքուի մէջ տեսակցեցաւ Էօզպեքիստանի նախագահ Շեւքէթ Միրզիեոյեւի հետ։

Թրքախօս երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդի 7-րդ գագաթաժողովի բուն աշխատանքը տեղի կ՚ունենայ այսօր։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2019