ՍՓԻ՞ՒՌՔ ԵՆ, ԹԷ՞… (Ա.)

Պոլսոյ մէջ ուսումնասիրութեանս ընթացքին, Պէյրութ կարճատեւ այցելութիւններու առիթներով, եւ այլ զանազան զրոյցներու ընդմէջէն յաճախ ինծի ուղղուած է հարցում մը. «Հիմա, վերջ ի վերջոյ, պոլսահայերը սփի՞ւռք են, թէ՞ ոչ»։ Հարցումին հիմնական պատճառը այն է, որ զայն արտաբերողները այս կամ այն ձեւով լսած են, որ պոլսահայեր կը մերժեն սփիւռք համարուիլ։ Ըսեմ նաեւ, որ նոյն հարցումը, ենթակայի փոփոխութեամբ, հարցուած է ինծի նոյնիսկ պոլսահայերու կողմէ. «Դո՛ւն ի՞նչ կը խորհիս կոր, մենք սփի՞ւռք ենք, թէ՞ ոչ... չե՛նք, չէ՞ մի...»։

Այս էջով սկսող յօդուածաշարքովս, երկու կամ երեք մասէ բաղկանալիք, կը փորձեմ անդրադարձ կատարել այս հարցին, ու պատասխանել հարցումին։ Յստակ «այո» կամ «ոչ» սպասողները թերեւս յուսախաբ ընեմ, քանի որ սփիւռք ըլլալ-չըլլալն ալ, ինչպէս բազմաթիւ այլ հասարակական երեւոյթներ, բարդ եւ բազմաշերտ երեւոյթ է։ Նախքան խնդրոյ առարկայ պոլսհայերուն մօտենալը սակայն, այս էջով կ՚ուզեմ ընդհանրապէս սփիւռք հասկացութեան մասին գրել, այդ ալ՝ թէ՛ հայկական խօսոյթի մէջ, թէ՛ աւելի լայն տեսական ու ակադեմական մակարդակի վրայ։

Առաջին. հայերս, սովորաբար, «սփիւռք» ըսելով ի՞նչ կը հասկնանք։ Այլ խօսքով՝ «պոլսահայերը սփի՞ւռք են», հարցնողին միտքին մէջ «սփիւռք»ը ի՞նչ է։ Կարծես երեք մօտեցում կարելի է առանձնացնել այստեղ, երեք ոչ անպայման իրերամերժ մօտեցումներ։ Սփիւռքը, դեռ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումէն ալ առաջ, Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի եւ Ամերիկաներու մէջ գտնուող այն լայն հաւաքականութիւնն էր, որ իր հայրենիքէն բռնագաղթի ենթարկուած էր Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն եւ, համեմատաբար աւելի փոքր թիւով (Մուսալեռէն եւ Կիլիկեան այլ շրջաններէ), Թուրքիոյ Հանրապետութեան առաջին տասնամեակներուն ընթացքին։ Նոյն այս հաւաքականութիւն նաեւ «սփիւռք» կ՚անուանէ հայաստանեան դիտանկիւնը, բայց ինքզի՛նք որպէս խարիսխ ընդունելով. այսինքն, այդ մարդիկ սփիւռք են, ոչ թէ կորստեալ հայրենիքի, այլ այժմու Հայաստանի, որ պատրաստ է նաեւ նախարարութիւն (կամ գլխաւոր յանձնակատար) տրամադրել անոնց։ Այս մօտեցումը անշուշտ վերջին տասնամեակներուն հող գտած է նաեւ նոյնինքն այդ սփիւռքի մօտ։ Ուրեմն՝ սփիւռք ո՞ր հայրենիքի. պատմակա՞ն, թէ՞ ներկայ-ապագայ։ Վերջապէս կայ «նոր սփիւռք» ըսուածը. յղացք մը, որ վերջին տարիներուն բաւական տարածում գտած է արդէն, եւ որ կը վերագրուի Հայաստանի անկախացման նախորդող եւ յաջորդող տարիներուն արտագաղթած հաւաքականութեան։ Անշուշտ կարելի է հարցը շատ աւելի խորացնել եւ մանրամասնել, բայց կը կարծեմ որ այսքանը բաւարար է արդի հայ պատմութեան մէջ «սփիւռք» յղացքի կենսագրականը ներկայացնելու համար։ Պոլսահայերը կարելի՞ է այս դասակարգումներուն մէջ տեղադրել. ո՞ր մէկուն, ի՞նչ չափով եւ ի՞նչ առումով։ Կը քննենք յաջորդող շաբաթներու ընթացքին։

Նախքան այդ, քանի մը ընդհանրական խօսք նաեւ յղացքի ակադեմական ու տեսական հասկացութիւններու մասին, դարձեալ շատ սեղմ եւ յուսամ հանրամատչելի կերպով։ Սփիւռքագիտութեան մէջ կարելի է առանձնացնել երկու հիմնական մօտեցում։ Առաջինն այն է, որ սփիւռքը կը դասակարգէ, կը գնահատէ եւ քննէ «դուրսէն», առարկայական պայմաններէ մեկնելով։ Շատ կարճ ու պարզեցնելով եթէ ըսեմ, հետեւեալն է. «Այն հաւաքականութիւնները, որոնք դուրս եկած են իրենց հայրենիքէն՝ սփիւռք են»։ Բառն ալ, ինքնին, որոշ չափով կապուած է այս տեսութեան. Սփռում, սփռուիլ… երկրորդ, ու վերջերս աւելի տարածում ու հաստատում գտած մօտեցումը հարցականի տակ կ՚առնէ առաջինը, ըսելով, որ «հայրենիքը» արդէն իսկ տրուած իրականութիւն մը չէ, այլ ընկերային-մշակութային-քաղաքական առումով կառուցուած ու ապրուած իրականութիւն մը։ Այլ խօսքով, կ՚առաջարկէ հարցը քննել «ներսէն»։ Տուեալ հաւաքականութիւնը, կամ տուեալ անձինք, հեռուն գտնուող հայրենիք մը կ՚ապրեցնե՞ն իրենց մէջ, անով կ՚ապրի՞ն, կը ձգտի՞ն անոր, շօշափելի կամ գաղափարական կապի մէ՞ջ են անոր հետ։ Եթէ այո, ուրեմն ունին այդ իմաստով հայրենիք ու կը գիտակցին, որ հեռու կ՚ապրին անկէ եւ սփիւռք ու սփիւռքցի են որպէս այդպիսին։ Բայց եթէ ոչ, ապա մեր գո՞րծն է արդեօք իրենց հագցնել «հայրենիքէ հեռու»ի շապիկն ու որպէս այդպիսին անուանել «սփիւռք»։

Ահա այս մօտեցումները նկատի առնելով փորձենք մօտենալ պոլսահայոց հարցին, հասկնալու համար սփիւռք/ոչ-սփիւռք երկուութեան մէջ իրենց դիրքաւորումը։

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2019