ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԿՈՂՄԷ ԲՈՂՈՔ
Թուրքիա հայկական հարցին շուրջ վերջին օրերուն կատարուած յայտարարութիւններուն բերումով երէկ հակազդեցութիւն ցոյց տուաւ Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամայի, Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Գերմանիոյ Նախագահ Եոախիմ Կաուքի դէմ։ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Օպամայի Ապրիլ 24-ի յայտարարութիւնը Ա. Աշխարհամարտի շրջանին ապրուածներու տեսակէտէ կը ցոլացնէ միակողմանի մօտեցում մը, մինչդեռ այդ բոլորը հայոց չափ թուրք ժողովուրդին տեսակէտէ ալ կը ներկայացնեն զգայնութիւն։ Հետեւաբար, Անգարա կը մերժէ այս ընտրովի եւ կողմնակալ արդարութեան հասկացութիւնը։
Վլատիմիր Փութինի կողմէ ցեղասպանութեան որակումով կատարուած յայտարարութիւններն ալ պախարակուած են Անգարայի կողմէ։ Նախարարութիւնը ընդգծած է, որ նման քաղաքական յայտարարութիւնները չեղեալ կը համարուին Թուրքիոյ տեսակէտէ։
Թրքական կողմը Կաուքի յայտարարութիւններն ալ իրաւական ու պատմական ճշմարտութիւններուն հետ խոտոր կը նկատէ ու կը շեշտէ, որ թուրք ժողովուրդը այդ արտայայտութիւնները պիտի չմոռնայ ու պիտի չներէ։ Անգարայի բողոքին մէջ նշուած է, թէ Կաուք իրաւունք չունի թուրք ազգին վերագրել յանցագործութիւն մը, որ չէ կատարուած անոր կողմէ։