ԱՆԿՐԿՆԵԼԻ ՄԵԾՈՒԹԻՒՆ

Այս շաբաթավերջին կ՚ոգեկոչուի աշխարհահռչակ լուսանկարիչ հոգելոյս Արա Կիւլէր, որու մահուան առաջին տարելիցին առթիւ վաղը հոգեհանգստեան պաշտօն մը տեղի պիտի ունենայ՝ Շիշլիի գերեզմանատան հողակոյտին վրայ։

Անցեալ մէկ տարուան ընթացքին Արա Կիւլէրի բացակայութիւնը եղաւ իսկապէս զգալի, իսկապէս անփոխարինելի։ Զանազան ձեռնարկներ կազմակերպուեցան իր գլուխ գործոց դրուագներով, որոնք այլեւս բոլորի յիշողութեան մէջ քանդակուած են։ Իսթանպուլի անցեալէն տեսարաններ, համաշխարհային անանց մեծերու դիմանկարներ, Հայաստանէն պատկերներ ու տակաւին ինչեր… Այդ բոլորը ներկայացուեցան թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ արտասահմանի մէջ, ամենահեղինակաւոր սրահներէ ու միջավայրերէ ներս, ամենաբարձր մակարդակի արարողակարգով։ Անցեալ մէկ տարուան ընթացքին Արա Կիւլէրի ժառանգութիւնը սկսաւ արժեւորուիլ անոր բացակայութեամբ եւ համայն մարդկութիւնը տարբեր հարթութեան մը վրայ սկսաւ ընկալել անոր թողած աւանդը։ Ի վերջոյ, իր հեռացումէն վերջ անցած տարուայ մը ընթացքին վերահաստատուեցաւ, թէ Արա Կիւլէր անկրկնելի մեծութիւն մըն էր, որու թողած հետքը պիտի ապրի ժամանակներու մէջ։

Արա Կիւլէրի ոգեկոչումը թըր-քահայ կեանքին տեսակէտէ ալ ունի շատ կարեւոր նշանակութիւն։ Ան այս համայնքի արդի տարեգրութեանց մէջ մեր հաւաքականութենէն ծնունդ առած իսկական մեծութիւններէն մին էր եւ իբր այդ հպարտութեան միջոց մը։

Բի՜ւր յարգանք մեծանուն վարպետի՝ Արա Կիւլէրի անթառամ յիշատակին։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2019