ՆՈՐ ԳԻՐՔ. ՆՈՐ ԲԱՑԱՅԱՅՏՈՒՄՆԵՐ
Այս տարի Մեծն Բրիտանիոյ մէջ լոյս տեսաւ ամերիկա-անգլիական ծագումով պատմաբան Ճանըթըն Քոնլինի «Պարոն Հինգ տոկոս. Աշխարհի ամենահարուստ մարդու՝ Գալուստ Կիւլպէնկեանի բազմաթիւ կեանքերը» խորագրով անգլերէն գիրքը: The Guardian օրաթերթը զայն անուանեց աշխարհի ամենահարուստ մարդուն մասին գրուած լաւագոյն գիրքը: Թերթը այս գիրքին առիթով նաեւ Գալուստ Կիւլպէնկեանը բնորոշեց իբրեւ մեր օրերու համաշխարհային անվերահսկելի քարիւղային հսկաներու նախահայր:
Ճանըթըն Քոնլին հայ մեծահարուստ, հաւաքորդ եւ բարերար, Միջին Արեւելքի քարիւղի առեւտուրով հարստացած նշանաւոր մարդու մասին այս գիրքը գրելու նախաձեռնութիւնը ստանձնած է 2012 թուականին: Եօթ տարի տեւած աշխատանքը տուած է արդիւնքը, եւ ան գիրքը նուիրած է Գալուստ Կիւլպէնկեանի 150-ամեակին, որ լրացաւ այս տարի՝ 2019-ին:
Գիրքը թարգմանուած է նաեւ հայերէնի եւ ռուսերէնի: Օրեր առաջ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ թարգմանուած գիրքերուն շնորհանդէսը: Հայերէն եւ ռուսերէն գիրքերը թարգմանած եւ հրատարակած է Հայաստանի «Էտիթ փրինթ» հրատարակչութիւնը (թարգմանիչ՝ Սիլվա Յովակիմեան), իսկ շնորհանդէսը կայացաւ «Էլիթ փլազա» կեդրոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահէն ներս:
Այս գիրքը պատմաբան Ճանըթըն Քոնլին գրած է Գալուստ Կիւլպէնկեանի արխիւին հիման վրայ՝ ուսումնասիրելով եւ հրապարակելով նիւթեր, որոնց մէկ մասը մինչեւ այսօր անյայտ էին:
Անգլիոյ Սաութհեմփթըն քաղաքի համալսարանին մէջ պատմութեան դասախօս Տքթ. Ճանըթըն Քոնլին «Կիւլպէնկեան» հիմնարկէն դրամաշնորհ ստացած է, իսկ հիմնադրամէն ներս պահպանուող Կիւլպէնկեանի թղթածրարը ուսումնասիրելու համար ստացած է մուտքի բացարձակ արտօնութիւն:
Կիւլպէնկեանի կեանքը ամբողջութեամբ ներկայացնելու համար ստեղծուած է նաեւ պատմաբաններու վերահսկիչ յանձնախումբ մը, իսկ Քոնլինին տրուած է ազատ շարադրելու լիազօրութիւն: Ահաւասիկ, այս նախանձելի պայմաններով է, որ ան գրած է գիրքը:
Հիմնադրման օրուընէ առ այսօր «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը իր խորհուրդի կազմին մէջ տեղ մը յատկացուցած է Կիւլպէնկեան ընտանիքէն մէկ անդամին: Ներկայիս այդ տեղը կը զբաղեցնէ Մարտին Եսայեան, որ յաջորդած է իր հօրը՝ Միքայէլին՝ Գալուստ Կիւլպէնկեանի թոռան: Մարտին Եսայեան արժէքաւոր տեղեկութիւններ տրամադրած է իր մեծ հօր՝ Միքայէլի մասին եւ մասնակցութիւն ունեցած է գիրքի ստեղծման, նաեւ գիրքի հեղինակին տրամադրած է Նուպար Կիւլպէնկեանի անձնական արխիւը:
Քոնլինի գրածէն կը տեղեկանանք, որ Կիւլպէնկեան ընտանիքէն սերող եւ աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ ապրող բոլոր մարդիկը բարեացակամ եղած են հեղինակին հանդէպ եւ աջակցած իրենց նշանաւոր նախահօր՝ Գալուստ Կիւլպէնկեանի մասին վերջապէս ամբողջական տպագիր աշխատութիւն մը ստեղծելու գործին մէջ: Ան շնորհակալութիւն կը յայտնէ Կիւլպէնեկան ընտանիքի անդամներուն՝ Մարտին Եսայեանի մօրը՝ Թինային, կնոջ՝ Թրէյսիին, Կիւլպէնկեան ընտանիքի միւս անդամներուն՝ Էտուարտ Կրտսերին ու Քարմէն Կիւլպէնկեանին, Մելինէ Ֆրանքեանին, Մարք Սեմուէլսընին, որոնք հեղինակին հետ կիսած են իրենց յիշողութիւնները, թուղթերը, հիւրընկալութիւնը՝ Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, Բրիտանիա, Փորթուգալ: Նոյնը կը վերաբերի նաեւ Դաւիթ Էսքերճեանին, որ բարեացկամօրէն արտօնած է օգտուիլ Կիւլպէնկեանի լոնտոնեան գրասենեակի մասին իր հօր մանրամասնօրէն գրած օրագրերէն:
Կիւլպէնկեան իր կեանքին մեծ մասը շարժումի մէջ անցուցած է, եւ այս գիրքին հեղինակը նոյնպէս բաւական ճամբորդած է եւ համագործակցած՝ ուրիշ հետազօտողներու հետ, որոնք Իսթանպուլի, Մոսկուայի, Սեն Փեթերսպուրկի արխիւներուն մէջ գտած եւ թարգմանած են ռուսերէն, օսմաներէն եւ թրքերէն փաստաթուղթեր:
Քոնլին 2014 թուականին հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժնի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեանին հետ շրջագայած է նաեւ Թուրքիոյ մէջ՝ Էրման Օհանեանի եւ Օզան Օզավցիի հետ փորձելով հասկնալ Կիւլպէնկեանի ժամանակաշրջանի ձգած ժառանգութիւնը:
Էրման Օհանեան եւ Օզան Օզավցի օգնած են նաեւ գիրքի հեղինակին՝ թարգմանելու տեղեկութիւններու նոր փունջ մը, որ ան ձեռք ձգած է Իսթանպուլի, Կեսարոյ եւ Ատանայի ճամբորդութեան ընթացքին՝ Տ. Արք. Արամ Աթէշեանի, Սարգիս Սերովբեանի, Սարգիս Տելկիի եւ Լեւոն Էրարսլանի նիւթերէն: Քոնլին Թուրքիա այցելած է նաեւ 2015 թուականին: Միաժամանակ անոր առջեւ բաց եղած է նաեւ բրիտանական քարիւղա-կազային BP ընկերութեան արխիւին այն մասը, որ անհրաժեշտ էր գիրքը գրելու համար:
Կիւլպէնկեան որքան որ քարիւղի գործի գիտակ էր, նոյնքան եւ ելեւմտական ու տնտեսագիտական հարցերու մասնագէտ, ուստի գիրքի հեղինակին հնարաւորութիւն տրուած է նաեւ ուսումնասիրութիւններ կատարել Լոնտոնի, Փարիզի, Ռուպէքսի, Ֆրանքֆուրթի, Իսթանպուլի դրամատնային արխիւներուն մէջ:
Օտար մասնագէտներու եւ գիտնականներու կարգին Քոնլին երախտագիտութիւն յայտնած է նաեւ կարգ մը հայ մասնագէտներու, ինչպէս՝ Խաչիկ Մուրատեանին, Նարեկ Սեֆերեանին, Անի Պաքքալեանին:
Գիրքին մէջ տեղ գտած են նաեւ Կիւլպէնկեան ընտանիքի տոհմածառը եւ լուսանկարներ: Այդ լուսանկարներուն մէջ կան Կիւլպէնկեանի գեղարուեստական անկրկնելի հաւաքածոյին լուսանկարները, եւ գիրքը կարդալով, Կիւլպէնկեան որքան որ հիացմունք կը պատճառէ իբրեւ տաղանդաւոր, հմուտ գործարար եւ բարերար, նոյնքան ալ՝ իբրեւ բարձրաճաշակ գեղարուեստի սիրահար: Այնուամենայնիւ, ինչպէս հեղինակը կը փաստէ, Գալուստ Կիւլպէնկեանի կեանքին պատմութիւնը շատ բաներու մասին է, բայց ոչ երբեք՝ աղքատութենէն դէպի հարստութիւն գացած մարդու մը:
Ան փոքր տարիքէն ընտանիքի հարստութիւնը վայելած է, եւ տակաւին երեխայ, Եւրոպայի եւ Ասիոյ շատ մը քաղաքներ ճամբորդելը առօրեային մաս կազմած է, քանի որ ընտանիքին մէկ ոտքը Վոսփորի մէկ ափին էր, միւս ոտքը՝ միւս:
Ընտանեկան տունը եւ Գալուստ Կիւլպէնկեանի առաջին՝ Արամեան-Ունճեան դպրոցը Գատըգիւղ էին՝ քաղաքի ասիական կողմը: Ընտանիքին գրասենեակներն եւ պահեստները եւրոպական կողմն էին՝ Իշխանաց կղզիներ, Մարմարա ծովին վրայ: Հեղինակը անգամ մը եւս կը յիշեցնէ, որ վաճառականներ եւ լումայափոխներ եղած են Կիւլպէնկեանները, որոնք կանոնաւոր հաղորդագրութեան մէջ էին օսմանեան մեծ քաղաքներու՝ Իզմիրի, Պէյրութի եւ Պաղտատի գործընկերներուն հետ, ինչպէս նաեւ կապեր ունէին հեռաւոր երկիրներու հետ, որոնք նախկինին օսմանեան էին, ինչպէս՝ Պուլկարիա, Եգիպտոս եւ այլն: Անոնք Օսմանեան կայսրութեան անմշակ բուրդն ու բամպակը, մոհերն ու ափիոնը կ՚արտածէին եւ կը ներմուծէին կերպասեղէն Մանչեսթըրէն, ապակեղէն՝ Ֆրանսայէն, կազի իւղ՝ Պաքուէն:
Կիւլպէնկեանները իրենց ընտանիքը կը ներկայացնէին որպէս արեւելեան, որ անոնց համար կը նշանակէր հայրիշխանական: Երեխաները կը դաստիարակէին դայեակները, մասնաւոր ուսուցիչները, տնային դաստիրակչուհիները, եւ ծնողքին մօտ անոնց մուտքը սահմանափակ էր: Հայրերը պատկառելի մարդիկ էին, որոնց խօսքը օրէնք էր: Անոնք հոգ կը տանէին, որ իրենց որդիները գործարարութիւն սորվէին, աշխատէին արտասահմանի կամ կայսրութեան մէջ ոեւէ ազգականի մօտ: Անոնք նաեւ ամուսնութիւններ կը դասաւորէին, եւ որդիները պարտաւոր էին ամուսնանալ նոյն դասին պատկանող ոեւէ հայու հետ եւ ոչ՝ օտար եւ անյայտ ծագումով մէկու մը հետ (առաջ անցնելով ըսենք, որ այս պայմանը յետագային խախտած են Կիւլպէնկեանի եղբայրներէն մէկը, որդին եւ ուրիշներ ալ): Մասնաւոր ուսուցիչը կամ ընտանիքի ոեւէ սպասաւոր, երբեմն նոյն ընտանիքին մէջ քանի մը սերունդներու կը ծառայէր, եւ երբ կը ծերանար եւ այլեւս կարող չէր ծառայելու, ապա զայն չէին հեռացներ, այլ պայմաններ կ՚ապահովէին եւ յաճախ անոնք ընտանեկան վիճաբանութիւններու ժամանակ ոչ-պաշտօնական հաշտարարի դեր կը կատարէին:
Այդպիսի ծառայողներէն էր Պարոն Սեդրակ Դեւգանձը, որ եղած էր Գալուստ Կիւլպէնկեանի, իսկ յետագային նաեւ անոր որդիին՝ Նուպարին ուսուցիչը: Երբ 1893 թուականին Սարգիս Կիւլպէնկեան Գալուստ Կիւլպէնկեանը ղրկեց Մարսէյլ ուսանելու, անոր ուղեկցած է Պարոն Դեւգանձը: Ան Գալուստ Կիւլպէնկեանին ուղեկցած է, որպէսզի նաեւ Սարգիս Կիւլպէնկեանին զեկուցէ անոր առաջընթացին մասին, ինչպէս նաեւ տղան հեռու պահէ մոլորութեններէ:
Գալուստ Կիւլպէնկեան Մարսէյլի մէջ հանգրուանած է իր քեռիին՝ Յակոբ Սելեանին տան մէջ: Մեկնելէն առաջ Սարգիս Կիւլպէնկեան նամակ մը յղած է Սելեանին. «Մենք չենք փափաքիր Գալուստը գիշերօթիկ դպրոց ղրկել, քանի որ ան միշտ մղձաւանջներ կ՚ունենայ: Ընդհուպ մինչեւ Մարսէյլ մեկնիլը ան իր մայրիկին սենեակին մէջ կը քնանար: Չի կրնար արտայայտել իր միտքերը: Մայրը միշտ կը փայփայէր զայն, այդ պատճառով ալ ջղային է ու ամչկոտ: Գրեթէ բառ չ՚ըսեր: Թուրքիոյ մէջ ոեւէ աղջկայ «բարեւ» ալ չ՚ըսեր: Իմ կարծիքովս՝ ան այդ մէկը անբարոյ կը նկատէ: Զայն Եւրոպա կը ղրկենք՝ յոյս ունենալով, որ բնաւորութիւնը կը փոխուի»:
1884 թուականի ամրան, Գալուստ Կիւլպէնկեան, արդէն առանց Դեւգանձի ուղեկցութեան, Լոնտոն կը մեկնի: Ան բաւական առաջընթաց արձանագրած էր թէ՛ ուսման, թէ՛ հմտութիւններու, թէ՛ մարդկային յարաբերութիւններ կառուցելու առումով, եւ ընտանիքը համարձակօրէն զայն նոյնիսկ գիշերօթիկ ղրկած է:
Գիրքին մէջ նաեւ մանրամասն անդրադարձ կայ Գալուստ Կիւլպէնկեանի եւ անոր ապագայ կնոջ՝ Նուարդ Եսայեանի վաղ մտերմութեան եւ Կիւլպէնկեան եւ Եսայեան ընտանիքներու յարաբերութիւններուն մասին, որպէս քաղաքի երկու հարուստ ընտանիքներ: 1878 թուականին ընտանիքներէն Սերովբէ Կիւլպէնկեան եւ Յովհաննէս Եսայեան նշանակուած են Իսթանպուլի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձու: Երկու մտերիմ ընտանիքները յաճախ նաեւ սպասաւորներ կը փոխանակէին: Օրինակ՝ Գալուստի համար որպէս դաստիարակ ծառայելէ ետք Դեւգանձը նաեւ Նուարդին հայերէնի դասեր տուած է:
Պահպանուած են նաեւ Գալուստ Կիւլպէնկեանի եւ Նուարդի առաջին սիրային նամակները, երբ Գալուստը քսան տարեկան էր, իսկ Նուարդը՝ տասնչորս: Նոյն տարին իսկ ամուսնութեան առաջարկութիւն կատարուած է Նուարդին, բայց սիրահարներուն հայրերը՝ Յովհաննէս Եսայեանը եւ Սարգիս Կիւլպէնկեանը, եկած են այն համաձայնութեան, թէ Նուարդը տակաւին պզտիկ է ամուսնանալու համար, հակառակ որ Նուարդին մայրը՝ Վերժինէն տասնչորս տարեկանին ամուսնացած էր:
Կիւլպէնկեաններուն պէս Եսայեաններն ալ Կապադովկիայէն էին՝ Կեսարիայէն, բայց անոնցմէ շատ աւելի վաղ ելած էին այնտեղէն եւ Իսթանպուլ հաստատուած: Նաեւ անոնք Կիւլպէնկեաններէն աւելի վաղ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ ընտանեկան վաճառատուներու ճիւղեր բացած էին: Ի վերջոյ, 1892 թուականին Լոնտոնի մէջ կ՚ամուսնանան, երկու երեխայ կ՚ունենան՝ Նուպար-Սարգիս եւ Սիրվարդ-Ռիթա: Ռիթան կ՚ամուսնանայ նոյնպէս Եսայեան ընտանիքէն մէկու մը՝ Գէորգ Եսայանին հետ, որ իր մօր՝ Նուարդի զարմիկին որդին էր: Անոնք ամուսնացան 1920 թուականին եւ այդ ամուսնութիւնը, ինչպէս գիրքին մէջ կը նկարագրէ, սիրոյ վրայ հիմնուած չէր:
Գիրքին մէջ կը կարդանք Կիւլպէնկեանի դստեր յետագայ կապին մասին (1932-1937, ռուս ներգաղթեալ նկարիչ Փոլ Մակին հետ), ինչպէս նաեւ Նուպարի ողջ կեանքը քննութեան տակ առնուած է, կ՚երեւին Գալուստ Կիւլպէնկեանի որդիին ամուսնութիւնները, մոլութիւնները, կիներու հանդէպ թուլութիւնները, իր հօր հետ ունեցած վէճերը՝ միասին աշխատած տարիներուն, ժամանակ առ ժամանակ գժտուիլը, յետոյ՝ հաշտուիլը, այնուհետեւ հօր գործէն անկախանալը, հոգեկան անկայունութիւնը եւ այլն:
Միաժամանակ կը ներկայացուի նաեւ Նուարդի եւ Ռիթայի միջեւ եղած լարուածութիւնը. մայր ու դուստր, իրենց բնաւորութեամբ չափազանց նման ըլլալով, նաեւ հակասութիւններ ունէին: Բայց մայրը աւելի ծանր կը տանէր որդին՝ Նուպարը անորոշ ու անկայուն վիճակներու մէջ տեսնելով եւ կը խոստովանէր, որ ատոր մէջ ինքն ու ամուսինը իրենց մեղքի բաժինն ունին:
Նուարդէն պահուած այսպիսի նամակ մը զետեղուած է գիրքին մէջ. «Զիս ահաւոր յանցաւոր կը զգամ, որ այսպէս անյոյս ձեւով քեզ մեծցուցած եմ… մեր մոլորեալ սէրն ու սարսափելի թուլութիւնը քեզի այսօր 40 տարեկանին դարձուցած են առանց պատասխանատուութեան… առանց իտէալի… առանց նպատակի… յոգնած ինքզինքէդ ու միւսներէն… առանց յարգանքի ձգտելու… Միայն նիւթական յարմարաւէտութիւն՝ որեւէ գինով եւ առանց քու կողմէդ նուազագոյն ջանք թափելու, աս է կարծես քու կարգախօսդ: Ես սարսափելի դժբախտ եմ»:
Գիրքին հեղինակը կ՚եզրակացնէ, որ Գալուստ Կիւլպէնկեան Նուարդը առանձին ձգած էր, կինը ինքը զբաղած էր Նուպարի ճգնաժամին, ինչպէս նաեւ Ռիթային հարցերով եւ այլեւս չէր դիմանար: 1937 թուականի յունիսին Նուարդ կը գրէ. «Այնքան յոգներ եմ… Կ՚ուզեմ մեռնիլ…»:
Ակներեւ է մանաւանդ Նուարդի կեանքի վերջին տարիներուն ամուսիններու միջեւ եղած խզումը եւ պահպանուած ձեւական յարաբերութիւնները՝ յանուն հասարակութեան մէջ իրենց վայելած դիրքին:
Գիրքին մէջ ակնառու կերպով կը տեսնենք նաեւ Գալուստ Կիւլպէնկեանին ազդեցութիւնը՝ համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ եւ այդ մէկը կ՚ըլլայ անոր դիրքին շնորհիւ: Շատ մեծ տէրութիւններու ղեկավարներ յաճախ ստիպուած հաշուի կը նստէին անոր կարծիքին հետ: Սան Ռեմոյի խորհրդակցութեան ժամանակ քարիւղային ընկերութիւններու միջեւ տարածքներու բաժանման հարցին շուրջ տարաձայնութիւններ կային: Կիւլպէնկեան կը վերցնէ կարմիր մատիտը եւ կը գծէ իւրաքանչիւր պետութեան տիրոյթին սահմանները, այդ պատճառով ալ Սան Ռեմոյի պայմանագիրը կոչուած է «Կարմիր գիծի» պայմանագիր: Այս մասին զատ գլուխ մը կայ գիրքին մէջ:
Լոնտոնի ձեռնարկատիրութեան ասպարէզին մէջ ստացած իր կրթութիւնն էր, որ օգնած էր Կիւլպէնկեանին՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հաստատել գերազանց շփումներ, իսկ Օսմանեան կայսրութեան ենթակայութեան տակ գտնուող ասիական տարածքներու վրայ դառնալ գտնուած քարիւղի եկամուտի 5 տոկոսին տէրը: Այդ հինգ տոկոսը, որքան որ հարստացուցած է զայն, նոյնքան եւ հարցերու դուռ բացած է, եւ անոնցմէ մէկը՝ իր սեփական զաւկին կողմէ, որ դատի տուած է իր հայրը՝ հինգ տոկոսին մէջ ինքն ալ բաժնեմաս ունենալու համար:
Չափազանց վիրաւորուած է Կիւլպէնկեան իր որդիին առած այս քայլէն, եւ միայն Նուարդին թախանձագին խնդրանքներէն ետք Նուպար ետ վերցուցած է դատական հայցը:
1950-ականներուն Կիւլպէնկեան կը նկատուէր աշխարհի ամենահարուստ մարդը: Երբ մահացաւ, ան իրմէ ետք ձգեց 5 միլիառ փաունտ կարողութիւն:
Ճանըթըն Քոնլին կը գրէ, որ Կիւլպէնկեան կը փափաքէր Մեծն Բրիտանիոյ կամ Միացեալ Նահանգներու մէջ թանգարան հիմնել, սակայն հարկային վախերով պայմանաւորուած՝ իր անունը կրող հիմնարկը եւ թանգարանը կը հիմնէ Փորթուգալի մէջ: Ան միաժամանակ նաեւ պարտէզով տուն ունենալու երազանք ունէր, մանաւանդ կ՚երազէր զայն ունենալ իր ծննդավայր Իսթանպուլի մէջ, բայց, հսկայ կարողութիւններու տէր մարդը, պանդոկներու մէջ ապրելէ ետք, մահացաւ նոյնպէս պանդոկի մէջ՝ լքելով աշխարհը, որուն զարգացման մէջ ինքն ալ ունեցած էր իր լուման:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ