ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ

Հայաստանի փոխ-վարչապետ Տիգրան Աւինեան երէկ Թիֆլիզի մէջ մասնակցեցաւ «Մետաքսի ճանապարհ» համաժողովին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, համաժողովի բացման արարողութիւնը սկսաւ Վրաստանի վարչապետի ելոյթով։ Աւելի վերջ տեղի ունեցաւ բարձրաստիճան քննարկում մը, որու ատենախօսներու շարքին էին՝ բացի Տիգրան Աւինեանէն, Վրաստանի փոխ-վարչապետ Մայա Ցքիթիշվիլի, Էօզպեքիստանի փոխ-վարչապետ Էլիոր Կանիեւ, Չինաստանի կառավարութեան Եւրոասիոյ գծով յատուկ բանագնաց Լի Քուէյ եւ Ասիական դրամատան փոխ-նախագահ Շիքսին Չեն։

Թիֆլիզի կեցութեան ընթացքին Տիգրան Աւինեան հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Վրաստանի խորհրդարանի նախագահ Արչիլ Թալաքուածէի հետ։

Հանդիպման ներկայ գտնուեցան նաեւ Վրաստանի խորհրդարանի հայազգի պատգամաւորներ Ռուսլան Պօղոսեան եւ Սամուէլ Մանուկեան։ Տիգրան Աւինեան ներկայացուց Հայաստանի տնտեսական գերակայութիւնները եւ կառավարման համակարգի բարեփոխումները։ Քննարկուեցան նաեւ տարածքաշրջանային խոշոր տըն-տեսական ծրագրերուն վերաբերեալ հարցեր։ Զրուցակիցները կարեւորեցին վիրահայ համայնքին դերակատարութիւնը երկկողմանի յարաբերութիւններու առաւել զարգացման ուղղութեամբ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2019