ՌԻՎԼԻՆԷՆ ՉԱՓԱՒՈՐ ԲԱՆԱՁԵՒՈՒՄ
Իսրայէլի Նախագահ Ռէուվէն Ռիվլին Երուսաղէմի մէջ ոգեկոչման արարողութեան մը մասնակցեցաւ 1915 թուականի դէպքերու 100-րդ տարելիցին առթիւ։ Երուսաղէմի Նախագահական ապարանքին մէջ իր տանտիրութեամբ կազմակերպուած հաւաքոյթին ժամանակ ան մէկտեղուեցաւ սաղիմահայութեան ներկայացուցիչներուն հետ։ Նախագահ Ռիվլին այս առթիւ ելոյթ մը ունեցաւ 1915 թուականի դէպքերուն շուրջ։ Տեղական մամուլը կը հաղորդէ, որ ան չէ օգտագործած ցեղասպանութեան եզրոյթը։ Ռիվլին այդ շրջանին ապրուածներուն լոյսին տակ յայտնեց, թէ հայ ժողովուրդը եղած է առաջին զոհը՝ արդի հաւաքական սպանդներուն։
Նոյն հաւաքոյթին ընթացքին ելոյթ մը ունեցած է նաեւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան դիւանապետ Տ. Արիս Արք. Շիրվանեան։