ՏԻԿՆԱՆՑ ԿԱԶՄԵՐՈՒ ՀԱՄԱԿԱՐԳՄԱՆ ՄԱՐՄԻՆԸ ՁԵՌՆԱՐԿԵՑ ՆՈՐ ԵՂԱՆԱԿԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻՆ

Իսթանպուլահայ տիկնանց կազմերու համակարգման խորհուրդը նախընթաց օր Պաքըրգիւղի մէջ կազմակերպուած հաւաքոյթով մը ձեռնարկեց 2019-2020 շրջանի աշխատանքներուն։

Տատեան վարժարանի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ այս հաւաքը, որու բացումին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ՝ Պաքըրգիւղի աղքատախնամ մարմնէն Զարդար Պուլտուք։ Մեր եկեղեցիներու տիկնանց կազմերու, վարժարաններու ծնողաց միութիւններու եւ զանազան թաղերու յարակից մարմիններու իգական սեռէ ներկայացուցիչները հերթական անգամ համախմբուեցան՝ իրենց գործունէութիւնը համակարգելու եւ զանազան ծրագրերու պարագային զօրակցութիւն ապահովելու նպատակով։

Հաւաքոյթի ընթացքին ելոյթ մը ունեցաւ Թագուհի Կիւլ, որ կը գլխաւորէ այս համակարգման մարմինը։ Ներկաներու միաձայն հաւանութեամբ որոշուեցաւ, որ Թագուհի Կիւլ շարունակէ պաշտօնավարել՝ որպէս ատենապետուհի։

Յառաջիկայ ծրագրերու վերաբերեալ ժամանակացոյցի ընդհանուր քննարկումէն վերջ հաւաքի մասնակից տիկինները համախմբուեցան ճաշասեղանի շուրջ, ուր իրարու հետ ունեցան հաճելի զրոյց։ 

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 26, 2019