ՀԱՄԱՉԱՓՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան յայտարարեց, որ Արցախի բնակչութեան անվտանգութեան միակ երաշխաւորը Երեւանն է։ Զօհրապ Մնացականեան, որ եղաւ հիւրը BBC-ի վարկանիշային «Hard Talk» հաղորդաշարին, մեկնաբանութիւններ ըրաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ։ Ան այս առթիւ ըսաւ.
«Հայաստան կը շարունակէ յանձնառու մնալ ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման եւ այս ամբողջին մէջ Արցախի կարգավիճակը եւ անվտանգութիւնը մեր հիմնական առաջնահերթութիւններն են։ Այս համատեսքին մէջ պատահական չէր արտաքին գործոց նախարարի անդրադարձը Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի բնակչութեան դէմ իրականացուած մարդու իրաւանց լուրջ խախտումներուն, որոնք կը շարունակուին առ այսօր։ Հնարաւոր չէ հասնիլ հակամարտութեան վերջնական եւ յարատեւ լուծման, որովհետեւ քանի տակաւին չկան Արցախի բնակչութեան անվտանգութեան համար լուրջ երաշխիքներ, որոնց շարքին թերեւս ամենակարեւորն է Արցախի կարգավիճակը՝ ինչ որ չի կրնար ըլլալ աւելի ցած, քան ունինք այսօր»։
Հարցազրոյցի տեւողութեան Մնացականեան յայտնեց, որ հիմնախնդիրը չի կրնար լուծուիլ առանց կողմերու յանձնառութիւններու ողջմիտ համաչափութեան։ Մնացականեան շարունակեց.
«Միջազգային հանրութեան համար անգամ մը եւս յստակօրէն ընդգծուեցաւ, որ հնարաւոր չէ ակնկալել հակամարտ կողմերէ մէկէն փոխզիջումներ, երբ միւս կողմը նոյնիսկ ելոյթներու մակարդակի վրայ պատրաստ չէ խօսիլ անոնց մասին։ Այս համատեսքին մէջ կարեւոր էր շեշտադրումը, թէ Հայաստանի նոր իշխանութիւնները արդէն իսկ դրսեւորած են կառուցողականութիւն՝ բազմիցս շեշտելով, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան հաւանական լուծումը պէտք է ընդունելի ըլլայ բոլոր երեք կողմերուն համար։ Մինչդեռ Ատրպէյճան ո՛չ միայն հանդէս չէ եկած պատասխան քայլով մը, այլեւ՝ ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը շարունակէ իր ռազմատենչ յայտարարութիւնները։ Հնարաւոր չէ յանձնառու ըլլալ զիջումներու, երբ դիմացինդ պատրաստ է ամէն պահ հարուածելու։ Ամփոփելով կրնաք փաստել, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին կողմէ հնչեցուած հիմնական տեսակէտներու ընտրութիւնը պատահական չէր, որովհետեւ անոնց հիմքին կային համամարդկային արժէքները եւ սեփական պետութեան շահու գիտակցումը»։