ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԼԱՐՈՒԱԾ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ. ՀԱԶԱՐԱՒՈՐ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԸ
Իմ ընթերցողները գիտեն, որ անցեալ շաբաթ ողջ Լիբանանի տարածքին ընթացք կ՚առնէր բողոքի տարողունակ ալիք մը, որ մինչեւ այս յօդուածին հրապարակուիլը (շատ հաւանաբար) կը շարունակուի։
Լիբանանցի ժողովուրդը, մէկդի դնելով բոլոր տեսակի՝ դաւանական, յարանուանական, քաղաքական եւ այլ տեսակի տարբերութիւնները, փողոց կ՚իջնէին միաբերան պահանջելով Լիբանանի գործող կառավարութեան եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիին հրաժարականը։
Ուշագրաւն այն էր, որ ցոյցերու տարողութիւնը եւ բողոքի ալիքը անսպասելի էր ու շատ մը վերլուծաբաններու տեսակէտով, երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը աննախընթաց էր։
Աննախընթաց ոչ միայն թուային առումով, այլ նաեւ այն ապացոյցով, որ ցոյցերը կը կատարուէին Պէյրութէն բաւական հեռու շրջաններու մէջ։
Ցոյցերէն ետք առաջ քաշուած թէզը այն էր, որ զուտ ընկերային-տնտեսական առկայ ճգնաժամին եւ երկիրը արդէն իսկ մաշեցուցած խնդիրներուն դէմ բողոքի ելած ժողովուրդը չունէր քաղաքական նպատակ։ Ու թէեւ ճիշդ էր այդ կռահումը, բայց եւ այնպէս, ինչպէս բազում վերլուծաբաններ, այնպէս ալ այս տողերուն հեղինակը կը կարծենք ու կը հաւատանք, որ յստակ քաղաքական նպատակ ունէին ցոյցերը, որոնց կիզակէտին էր հարուածել Լիբանանի նախագահ զօրավար Միշէլ Աունի քաղաքական թէզերը ու այդպէսով երկրին մէջ ստեղծել հակաիրանական ընդհանուր ըմբռնում մը։ Անշուշտ այս տեսակէտը քննելու եւ տեսնելու հա-մար՝ ընթերցող անհատը պէտք է լաւապէս ուսումնասիրէ Մերձաւոր Արեւելքի գործընթացները. սկսելով Սուրիոյ հիմնախնդրէն, անցնելով մինչեւ Եմէն եւ Արաբական ծոց ու հասնելով մինչեւ Իրան եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններ։
Տխուրն ու մտահոգիչը այն է, որ բոլոր պարագաներուն ալ թիւ մէկ տուժողը Լիբանանի անզէն եւ պարզ ժողովուրդն է, որ այսօր յայտնուած է բաւական դժուար վիճակի մը մէջ։ Անշուշտ կայ նաեւ այն վարկածը, թէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ իրենց խաղը բանեցնել փորձող կողմերը լաւապէս կը փորձեն շահարկել որեւէ երկրի՝ այս պարագային լիբանանցի ժողովուրդին ապրած թշուառ վիճակը, որու հետեւանքով ժողովուրդին մէջ այս իշխանութիւններուն հանդէպ աճած ատելութիւնը։
Ի դէպ, Լիբանանի վերջին զարգացումներուն մասին յաւելեալ պատկեր մը ստանալու, նաեւ երկրին մէջ տիրող ընդհանուր վիճակը իմ ընթերցողներուն ներկայացնելու նպատակով օրերս հեռակապով հարցազրոյց մ՚ունեցայ լիբանանահայ ազգային գործիչ, բժիշկ Խաժակ Այնթէպլեանին հետ։
Ստորեւ հարցազրոյցը՝
-Լիբանանի ամբողջ տարածքով բողոքի ցոյցեր կան. ի՞նչ կը կարծէք, լիբանանցիները այս անգամ պիտի կարողանա՞ն իրենց նպատակները իրականցնել:
-Այս հարցը բաւական խրթին է, դժուար է կանխատեսել, թէ ինչ պիտի ըլլայ արդիւնքը: Հիմա ցուցարարները սկսած են պահանջել իշխանափոխութիւն, կառավարութեան հրաժարական, իշխանութեան վրայ գտնուողներուն՝ ըլլայ նախագահի կամ խորհրդարանի նախագահի հրաժարականներ, խորհրդանական արտահերթ ընտրութիւններ եւ այլն… բայց գաղտնիք չէ, որ Լիբանանի մէջ այսպիսի պահանջներ իրականացնելը շատ դժուար է, մի քանի իմաստով։ նախ այն պատճառով, որ Լիբանանը համայնքային երկիր է, կը յիշէք, թէ վերջին կառավարութիւնը ինչպէս կազմուեցաւ, շուրջ մէկուկէս տարի տեւած երկար բանակցութիւններէ եւ դժուարութիւններէ ետք Լիբանանը հազիւ կրցաւ կառավարութիւն մը կազմել: Հիմա կառավարութեան հրաժարումը կրկին ճգնաժամ պիտի յառաջացնէ երկրին մէջ եւ նոր կառավարութեան մը կազմութիւնը դժուար պիտի ըլլայ: Իսկ այս պայմաններով կամ համայնքային այս դրութեամբ եւ այս օրէնքներով, եթէ նոր կառավարութիւն կազմուի, նոյն տեղը պիտի հասնինք, բան մը պիտի չփոխուի: Այդ պատճառով ալ, երկիրը ծանր փուլերէ պիտի անցնի... Այդ փուլերուն մէջ կրնայ ներառուիլ սահմանադրական փոփոխութիւն, եւ չենք գիտեր, թէ արդեօք Լիբանանը պատրա՞ստ է ատոր: Մէկ խօսքով՝ եթէ փոփոխութիւն պիտի ըլլայ, ժողովուրդը ինք պիտի վճարէ ատոր գինը...։ Չմոռնամ ըսել, որ երկրին մէջ անտանելի տնտեսական ճգնաժամ ստեղծուած է եւ ժողովուրդին կացութիւնը դարձած է անտանելի ու հաւանաբար ատոր համար է, որ այսօր փողոց իջած ժողովուրդը պատրաստ է մինչեւ վերջ երթալու։
-Արդեօք ձեր տեսակէտով ժողովուրդին պահանջները արդարացի՞ են կամ չափազանցուա՞ծ: Կրնա՞ք այս առումով մանրամասնութիւններ տալ:
-Լիբանանի վիճակը վերջին տարիներուն յայտնի էր արդէն, տնտեսական ահաւոր նահանջի մէջ էր երկիրը եւ ժողովուրդի տնտեսական կացութիւնը կամաց-կամաց վատթարացում կ՚արձանագրէր: Իսկ Լիբանանի տնտեսական տագնապի պատճառները յստակ են։ Այդ պատճառներէն առաջինը՝ փտածութիւնն է, իսկ երկրորդը՝ Լիբանանի մէջ պաշտօնէութեան եւ ուսուցչական ամսաթոշակներու յաւելումներու օրինագիծի վաւերացումն էր, որ աւելի բարդացուց իրավիճակը։ Լիբանանի կառավարութիւնը ստիպուած եղաւ այս ճնշումներուն տակ, ինք իր պիւտճէէն շատ աւելի մեծ որոշումներ առնել, եւ պաշտօնեաներուն ամսականներու յաւելումները օրինականացնել։ Այն ատեն յայտնի էր, որ եթէ այս յաւելումները կիրառուին, պիտի գայ տեղ մը, ուր անկարելի պիտի ըլլայ պետական պիւտճէին հաշւոյն այս գումարները շարունակել վճարել: Եւ երբ Լիբանանի կառավարութիւնը հասաւ անել վիճակի առջեւ, այսինքն անկարելի էր այլեւս պետական պիւտճէին հաշւոյն այս վճարումները կատարել, կառավարութիւնը ստիպուեցաւ նոր որոշումներ առնել, ստեղծուած բացը լրացնել դարձեալ ժողովուրդին հաշւոյն, տուրքերու յաւելումներ դնելով։ Վերջինը այս Whats-app-ի տուրքերն էին, ինչ որ Լիբանանի կառավարութեան կողմէ առնուած սխալ որոշում մըն էր: Իրենք ալ չէին ակնկալեր, որ այսքան մեծ պոռթկում կրնայ յառաջացնել. ճիշդ է Whats-app-ի տուրքը չնչին էր, բայց ժողովուրդին մօտ մեծ պոռթկում յառաջացուց: Բնականաբար այդ պոռթկումը յանկարծ չյառաջացաւ, այլ տարիներու կուտակուած ճնշուածութեան արդիւնքն էր. կարծես ժողովուրդը առիթի մը կը սպասէր, որպէսզի պոռթկայ: Այս վերջին Whats-app-ի հարցը պարզապէս պատճառ մը եղաւ, որ մարդիկ հաւաքուին եւ փողոց իջնեն, ինչ որ անակնկալի բերաւ պետական բոլոր օղակները: Եղածը մեծ անակնկալ էր նաեւ ժողովուրդին համար, որ քաջալերուելով ստեղծուած պատկերէն եւ մէկ կողմ դնելով բոլոր համայնքային ու կուսակցական տարակարծութիւններն ու լարուածութիւնները, փողոց իջաւ...։ Կամաց-կամաց ցոյցերը աւելի մեծ տարողութիւն ստացան: Պէտք է ըսել, որ այո՛, ժողովուրդին պահանջը արդարացի է, նկատի առնելով նշեալ երեւոյթները՝ ըլլայ փտածութիւնը, տնտեսութիւնը բարելաւելու կամ տնտեսական այս ճգնաժամը փարատելու պետութեան առած սխալ որոշումները: Մէկ խօսքով՝ ժողովուրդի գրպանին մէջ սկսան փնտռել տնտեսական լուծումը, առանց դպնալու իրենց գրպաններուն կամ առանց բարեկարգումներ ընելու պետական փտած համակարգին մէջ:
-Շատեր մտավախութիւն ունին, որ այս շարժումը կրնայ շահագործուիլ քաղաքական արտաքին կողմերու կողմէ եւ որոշ հաշիւներով երկիրը ուղղակի տապալել կամ քաղաքացիական բախումներու տանիլ։ Ի՞նչ կը մտածէք այդ առումով:
-Այն մտավախութիւնը՝ որ այս ցոյցերը կրնան շահագործուիլ արտաքին քաղաքական ուժերու կողմէ, այո՛, այդ մտավախութիւնը միշտ առկայ է, մանաւանդ Լիբանանի պէս երկրի մը մէջ, ուր համայնքները եւ քաղաքական կուսակցութիւնները կը կառավարուին արտաքին քաղաքական ուժերու կողմէ, եւ երբ այս ցոյցերը սկսին ծառայել կամ վնաս հասցնել որեւէ արտաքին քաղաքական ուժի մը, ինչպիսին է՝ Պարսկաստան, Միացեալ Նահանգներ, Սէուտական Արաբիա, Սուրիա, կամ այլ քաղաքական որեւէ ուժի մը, այո՛, անոնք կրնան չարաշահել եւ տարբեր խլրտումներ յառաջացնել երկրին մէջ։ Հակառակ այս մտավախութեան սակայն, պէտք է շեշտել եւ դրական վերաբերուիլ այն երեւոյթին, որ արդէն ութերորդ օրը թեւակոխելով, ցոյցերը շատ խաղաղ բնոյթ կը կրեն։ Փորձեր եղան այս ցոյցերուն գոյն տալու, նոյնիսկ ցոյցերու ընթացքին որոշ արիւնալի դէպքեր եղան, բայց ժողովուրդը չտարուեցաւ, ընդհակառակը կրցաւ համախմբուիլ եւ ցոյցերը պահել խաղաղ: Ժողովուրդի այս վերաբերմունքն ու համախմբումը պէտք է դիտել որպէս այս ցոյցերուն ամենէն դրական կողմը։ Եթէ ժողովուրդը կրցաւ պահել այս համախմբուածութիւնը, որեւէ մէկը դժուարութիւն պիտի ունենայ չարաշահելու այս կացութիւնը:
-Լիբանանի մէջ ստեղծուած իրավիճակը ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ լիբանանահայութեան վրայ։
-Այո, լիբանանահայութիւնն ալ Լիբանանի ժողովուրդին մէկ կարեւոր մասնիկն է եւ մասնակից է այս երկրի առօրեային, ինչպէս նաեւ կ՚ազդուի երկրի տնտեսական կացութենէն, եւ ինքն ալ Լիբանանի ժողովուրդին հետ կը պոռթկայ: Ցոյցերուն մէջ կան հայ մասնակիցներ, թերեւս ալ մեծ թիւով հայեր, չենք կրնար հաշուել, որովհետեւ այս ցոյցերը սկիզբէն արդէն յայտնի են, որ համայնքային գոյն չեն ստացած։ Ժողովուրդը համայնքային կամ կուսակցական ղեկավարներու դրդումներով կամ քաջալերանքով չ՚երթար ցոյցերուն մասնակցելու, այլ ամէն մարդ ինք իր կամքով կ՚երթայ, կը մասնակցի։ Հետեւաբար հայերն ալ իրենք իրենց կամքով կ՚երթան եւ կը մասնակցին այս ցոյցերուն:
Իսկ թէ այս ցոյցերը ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի ունենան լիբանանահայութեան վրայ, դժուար է ըսել, այդ մէկը արդէն կախեալ է, թէ ցոյցերը ինչ արդիւնքով կ՚աւարտին։ Եթէ նոր իրավիճակ մը ստեղծուի Լիբանանի մէջ, բնականաբար լիբանանահայութիւնն ալ պիտի ազդուի թէ՛ դրական եւ թէ բացասական իմաստով (նայած արդիւնքներէն): Իսկ եթէ ցոյցերը կարողանան առնուազն միայն տնտեսական փոփոխութիւններու ենթարկել երկիրը, ապա պիտի շահի ամբողջ ժողովուրդը, որուն մաս կը կազմէ նաեւ լիբանանահայութիւնը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան