ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի հետ։ Քանի մը օր առաջ երկու վարչապետները արդէն հանդիպած էին Մոսկուայի մէջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երէկուան հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկուեցաւ Մոսկուայի վերջին հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրականացման ընթացքը։

Նիկոլ Փաշինեան եւ Տիմիթրի Մետվետեւ կարծիքներ փոխանակեցին Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններու օրակարգային հարցերուն շուրջ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 1, 2019