ԳԱՐՇԵԼԻ ԴԱՏԱՐԿԱԽՕՍՆԵՐ ԵՒ ԶԶՈՒԵԼԻ ՈՒՆԱՅՆԱՄԻՏՆԵՐ
Ընկերային կեանքի ներդաշնակութեան եւ ընդհանուր խաղաղութեան ու անդորրութեան վտանգ սպառնացող մարդկային արարքն է՝ դատարկախօսութիւնը, այսինքն անիմաստ, աննպատակ եւ սնամէջ ամէն խօսակցութիւն եւ նողկալի ունայնամտութիւնն է մարդոց, այսինքն առանց հետեւանքը խորհելու, առանց դատելու, բանականութեան ներհակ գաղափար յայտնե՛լ, որոնք ամենէն շատ վնաս կը պատճառեն մարդկային ընտանիքին, մարդկութեան ընդհանուր կառուցուածքին, կատարելագործութեանը։
Արդարեւ, այս երկու արարքն է, որ կը ստեղծեն անհամաձայնութիւններ, անմիաբանութիւններ, ատելութեան չար ոգի, նախանձ եւ վրէժխնդրութեան վա՛տ զգացումներ։ Ուստի, կ՚ըսուի, թէ եթէ մարդիկ իրենց բացակայութեան իրենց մասին խօսուածները լսեն, աշխարհի վրայ բարեկամ մը իսկ չի մնար եւ ամէն ոք թշնամի կ՚ըլլայ իրարու…։
Սիրելինե՜ր, բնաւ ուշադրութիւն ըրա՞ծ էք, կամ անդրադարձած էք իրողութեան մը։ Խնդրեմ, անգամ մը անկեղծութեամբ դիտել փորձենք մեր շուրջը։ Երբ երեք հոգի միատեղ կը խօսակցին, ընդհանրապէս կը խօսին այդ պահուն բացակայ չորրորդ անձի մը մասին, եւ որուն մասին շատ անգամ կը բամբասեն։ Ամէն մարդ ազատ համարձակ կը խօսի բացակայ չորրորդ անձին մասին, առանց մտածելու, թէ բացակայի մը մասին դիւրին է այդ՝ քանի որ ան ինքզինք պաշտպանելու հնարաւորութիւնը չունի։ Բայց ամէն մարդկային բարոյականութեան հակառա՛կ է խօսիլ մէկու մը մասին՝ որ բացակա՛յ է այդ պահուն եւ կարող չէ՛ պատասխանել իր մասին ըսուածներուն։
Բայց գրեթէ ամէն օր, որպէս բնական սովորութիւն մը՝ մենք բոլորս կ՚ընենք ասիկա. կը խօսինք միշտ այն «չորրորդ անձ»ի մը մասին՝ ներկայութեանը երկու անձերու եւ չե՛նք խորհիր, թէ սխա՛լ կ՚ընենք…։
Աւելի՛ն ըսեմ, իմ սիրելի ընթերցող բարեկամներ, իմ սիրելի եւ անկեղծ սրտակիցներ։ Երբ երեք հոգի կը խօսին չորրորդի մը մասին, եւ երբ այդ երեք հոգիէն մին հեռանայ իրենց քովէն, անմիջապէս կը սկսին խօսիլ անոր մասին։ Եւ երբ իրարու կը յայտնէին իրենց համակրանքը ջերմօրէն, կը սկսին այս անգամ բամբասել անոր մասին։ Իրենց քովէն հեռացողը, ո՛ր մէկը ըլլայ՝ երեւոյթը նո՛յնն է. կը բաւէ, որ երրորդ մը բացակայի, անմիջապէս կը սկսի բամբասանքը անոր մասին։ Անծանօթ չէ այս իրողութիւնը, քանի որ ան կը պատահի յաճախ մեր շուրջը՝ երբեմն չենք անդրադառնար իսկ, քանի որ սովորական է դարձեր այսպէս վարմունք մը։
Ուստի, դատարկաբանութեան ամենէն զգալի ձեւն է բեմբասանքը, որ թէ՛ բամբասողին եւ թէ իր մասին բամբասանուողին վնաս կը պատճառէ։
Դատարկախօսութիւնը, պարապ, անիմաստ խօսակցութիւնը, աւելի եւս ժամանակի վատնում է՝ մսխումը ամենաթանկագին արժէքին։ Մինչդեռ մարդ, ամենափոքր արժէք ներկայացնող նիւթական արժէք մը, ստացուածք մը չ՚ուզեր վատնել, ուշադրութեամբ եւ բծախնդրութեամբ կ՚օգտագործէ զայն։ Բայց մարդ, զարմանալի՜ է, որ նոյն բծախնդրութիւնը ցոյց չի տար ժամանակի համար։ Նիւթը եթէ վատնուի կերպով մը, դիւրին կամ դժուար, կարելի է վերագտնել զայն, բայց ժամանա՞կը։ Ան անկարելի՛ է վերահաստատել, անգամ մը, որ վատնուած է՝ ո՛չ վերադարձ եւ ոչ ալ վերագտնում։ Այո՛, վերադարձ չկայ ժամանակի համար։ Եւ մարդիկ կը շարունակե՜ն դատարկախօսիլ, վատնել ժամանակը, մսխել զայն։ Մինչդեռ Սուրբ Գիրքը կ՚ըսէ՝ թէ Աստուած վեց բանէ կը զզուի եւ Անոր հոգիին առջեւ եօթը բան պի՛ղծ են, որոնցմէ է՝ «ստախօս լեզու»ն, «չար խորհուրդ հնարող սիրտ»ը, «ստութիւն խօսող անիրաւ վկայ»ն եւ «եղբայրներու մէջ կռիւներ ցանող մարդ»ը (ԱՌԱԿԱՑ Զ 16-19)։
Շատախօսութիւնն ալ դատարկաբանութեան մէկ կերպն է։ Ուստի, դարձեալ Սուրբ Գիրքը կը վկայէ. «Իմաստունին բերնին խօսքերը շնորհալի են, բայց անմիտին շրթունքները զինք կը սպառեն» (ԺՈՂՈՎԻ Ժ 12)։ Եւ դարձեալ կ՚ըսէ. «Յիմարը իր խօսքերը կը շատցնէ…» (ԺՈՂՈՎԻ Ժ 14)։
Իսկ Պօղոս առաքեալ սապէս կ՚ըսէ. «Միաժամանակ, ծուլութեան վարժուելով՝ կը սկսին տունէ տուն շրջիլ, եւ ո՛չ միայն ծոյլ, այլ նաեւ բամբասող ու հետաքրքիր կը դառնան, եւ իրենց գործը չեղած բաներու մասին կը խօսին» (Ա. ՏԻՄՈԹ. Ե 13)։
Կանգ առնենք պահ մը Պօղոս առաքեալի վերոյիշեալ խօսքերուն վերջին տողին, ուր կ՚ըսէ. «…իրենց գործը չեղած բաներու մասին խօսիլ»։ Այս ալ կ՚ենթադրէ ունայնամտութիւն, ի՛նչ որ վտանգաւոր եւ վնասակար է՝ որքան դատարկախօսութիւնը։
Դիտեցէ՛ք, ձեր շուրջը սիրելինե՜ր, պիտի տեսնէք մարդիկ, որոնք մասնագէտներու պէս կը խօսին, պատգամներ, պատուէրներ, խրատներ, հրահանգներ կու տան իրենց շուրջիններուն՝ հմուտ եւ ամենագէտի հովեր կ՚առնեն եւ կը սպասեն, որ ամէն ոք հնազանդի իրենց, հպատակի եւ իրագործէ իրենց պատուէրները։ Այս իմաստով, կարծես ամէն մարդ բժիշկ է, ամէն մարդ դեղագործ, ամէն մարդ ճարտարագէտ, իրենց մակերեսային տեղեկութիւններով կ՚ուզեն տպաւորել եւ ուղղել մարդիկը։
Եւ կարծես ամէն մարդ օրէնսգէտ է եւ իրաւաբան, կարծիք եւ գաղափար կը յայտնեն, եւ ցաւալին այն է, որ կ՚ուզեն իրենց ըսածը ընդունուի որպէս վճիռ անբեկանելի՜, կը պարտադրեն, որ իրենց խօսքը ըն-դունուի որպէս օրէ՛նք։ Խե՜ղճ ունայնամիտներ, չեն գիտեր, որ իրենց այդ ինքնահաւանութիւնը եւ ունայնամտութիւնը ի՜նչ ընկերային վնասներու պատճառ պիտի ըլլայ…։ Ցաւալի՜ եւ անընդունելի իրողութիւն։ Իրապէս խղճալի՜…։
Հոս խորհրդակցիլ կ՚ուզեմ ձեզի հետ իմ սիրելի՜ բարեկամներ։ Ի՞նչ կը խորհիք. առանց գիտութեան, առանց տեղեկութեան կարելի՞ է գաղափար յայտնել որեւէ նիւթի շուրջ։ Կարծեմ հարիւրապատիկ վնաս կը հասցնէ անհիմն գաղարփար մը, քան բանաւոր եւ գիտական հիմք ունեցող համեստ տեսակէտ մը։ Եւ, դժբախտաբար, մեր թերութիւններէն մէկն է՝ ամէն մարդու ամէն ըսածին ականջ տալ եւ հաւանիլ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 24, 2015, Իսթանպուլ