ԼՈՒՐՋ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐ

Հայաստանի Գիտութեան եւ փորձագիտութիւններու հիմնադրամի (FAST) հիմնադիր-տնօրէն Արմէն Օրուճեան վերջերս հանդէս եկաւ առաջարկով մը, ըստ որու հայութեան ներուժը պէտք է ներգրաւել արհեստական բանականութեան ոլորտի վերաբերեալ լուծումներու մշակման մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Օրուճեանի դիտարկմամբ՝ արհեստական բանականութիւնը մարդկային կենսագործունէութեան զանազան ոլորտներուն մէջ այնքան տարածուած է, որ մարդն ու փորձագիտութիւնը հետզհետէ կը միաձուլուին։ Ըստ իրեն, հայ ժողովուրդը յառաջատար փորձագիտութիւններու կրաւորական սպառողէն պէտք է վերածուի զայն ստեղծողի։ Այլապէս ապագային իր տեղը չ՚ունենար աշխարհի վրայ։

«Ո՞րն է ապագան։ Կամ արհեստական բանականութիւնը մարդամեքենայ (ռոպոթ) կը դառնայ, յետոյ իրեն համար կը բացայայտէ, որ մարդու կարիքը չունի ու մարդը կը վերացնէ եւ կամ մարդու մէջ կը մտնէ, կը միաձուլուի անոր հետ՝ ձեւաւորելով նոր որակ մը, մարդկային նոր տիպ», ըսաւ Օրուճեան եւ շեշտեց, որ այս տեսլականի պայմաններով կը մտահոգուի հայոց՝ որպէս հանդիսատես ունեցած դերակատարութիւնով։ «Եթէ մենք որպէս հայ ժողովուրդ մասնակից չենք այդպիսի փորձագիտական զարգացումներու, մենք պարզապէս կը մնանք որպէս հանդիսատես, ինչ որ կործանարար է։ Մենք այսօր աշխարհի վրայ շատ քիչ մտաւոր սեփականութիւն կը ստեղծենք, եթէ ընդհանրապէս կը ստեղծենք», ըսաւ ան։

 «Հայաստանի նորարարական էքօհամակարգը» խորագրեալ ճանաչողական դասընթացքի ընթացքին արտայայտուեցաւ նաեւ FAST-ի փոխ-նախագահ Սուզաննա Շամախեան։ Այս առթիւ ան բացատրեց, որ Հայաստանի մէջ գիտութեան ու փորձագիտութիւններու զարգացումը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, որովհետեւ այդ պարագային զարգացում կ՚ապրին նաեւ տնտեսութեան միւս ճիւղերը։ Բացի գիտութեան ու փորձագիտութիւններու ներկայացուցած կարեւորութենէն, հետազօտութիւն կատարուած է, թէ Հայաստան ի՞նչ ունեցած է գիտական ներուժի տեսակէտէ, ի՞նչ ունի այսօր կամ աշխարհ ո՞ւր կ՚երթայ զանազան ոլորտներու մէջ եւ որո՞նք պիտի ըլլան ամենապահանջուած ուղղութիւնները Հայաստանի համար քսան տարի վերջ։ «Մենք բացայայտած ենք, որ Հայաստանի համար ռազմավարական առումով կարեւոր են հետեւեալ չորս ուղղութիւնները. տուեալագիտութիւն, պիօփորձագիտոթիւններ, առաջատար նիւթեր եւ մարդամեքենաշինութիւն», ըսաւ Սուզաննա Շամախեան եւ աւելցուց, որ այս ուղղութիւններով ալ զանազան նախագծերու զարգացման ծրագրեր կ՚իրականացուին ու կը գանձատրուին։ FAST էքօհամակարգի հետազօտութիւն մը իրականացուցած է, ստեղծուած է ճանապարհային քարտէս մը, որու մէջ մատնանշուած են Հայաստանէ ներս կրթութեան, գիտութեան եւ հետազօտական ոլորտներու զարգացման իրենց տեսլականները։ Հիմնադրամը աշխատանք կը տանի նաեւ կառավարութեան համապատասխան մարմիններուն հետ։

«Մենք չենք նայիր այս օրուան խնդիրները լուծելու տեսանկիւնէն, այլեւ առաւել երկարաժամկէտ հեռանկարներու վրայ կը կեդրոնանանք։ Ի՞նչ պէտք է ընել, որպէսզի Հայաստան ունենայ գիտական ուժեղ էքօհամակարգ մը։ Գուցէ մեզի պէտք չէ՝ այսօր մեր ունեցած 63 համալսարանը, այլ՝ մեզի պէտք է հինգ ուժեղ համալսարան, որպէսզի յաջողութիւն արձանագրենք», ըսաւ Սուզաննա Շամախեան։

Իր բացատրութիւններուն մէջ ան ներկայացուց նաեւ տուեալներ Հայաստանի եւ աշխարհի մէջ կրթութեան ու հետազօտական ոլորտներու ուղղեալ գանձատրումներուն վերաբերեալ։ Մասնաւորապէս, Հայաստանի համախառն ներքին աճի միայն 0.2 տոկոսը կը ծախսուի բարձրագոյն կրթութեան վրայ։ Շամախեան շեշտեց նաեւ, թէ Հայաստանի մէջ կը գտնուի գիտական հանրութիւն մը, որ կը ծերանայ։ Արդարեւ, Սովետական Միութեան փլուզումէն յետոյ գիտութեամբ զբաղողները կա՛մ լքած են երկիրը եւ կամ սկսած են ուրիշ բանով զբաղիլ։ Այս բոլորի հետեւանքով ներկայիս Հայաստան ունի միայն շատ ծեր կամ երիտասարդ գիտնականներ ու դասախօսներ։ Սուզաննա Շամախեան շարունակեց.

«Աշխարհի վրայ գիտութեամբ զբաղելու ամենաարդիւնաւէտ տարիքը 41-60 տարեկանն է։ Մենք այս տարիքային խումբին մէջ շատ քիչ մարդ ունինք։ Որքան որ ալ երիտասարդները մեզի համար կարեւոր են՝ որպէս թիրախային խումբ, գիտական գիտելիքը ստեղծող ըլլալով այնքան ալ հասու չեն։ Հետեւաբար, երէց սերունդը փոխարինելու անցումային փուլին անհրաժեշտ կ՚ըլլայ գտնել լուծումներ, այլապէս գիտութեան զարգացումը վտանգուած կ՚ըլլայ»։

Անցեալ ամիս Երեւանի մէջ կազմակերպուած Տեղեկատուական փորձագիտութիւններու համաշխարհային համաժողովը խթան հանդիսացած է, որպէսզի նմանօրինակ խնդիրները աւելի յաճախակիօրէն արծարծուին Հայաստանի հանրային կարծիքի օրակարգին վրայ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2019