ՇՐՋԻԿՆԵՐԸ

Շրջիկներն են մեր թաղի...

Գիշերային մառախուղին հետ՝ ձմրան, կամ ամառնային զեփիւռին զուգահեռ, մէկ առ մէկ, կամ խմբով, կը յայտնուին այս կամ այն անկիւնէն։

Առաջնորդն իրենց՝ սովն է միայն շուրջօրեայ։

Դնչերը պարզած վեր, ոտերու թեթեւ վազքով կը մօտենան մարդոց տարածքին, որ լքեալ է հիմա, այս ժամուն։

Մէկը սեւ, միւսը սպիտակ, մէկ ուրիշը սրճագոյն։ Մէկը կարճ ու լեցուն, միւսը սլացիկ, մէկ ուրիշը ոսկրոտ։ Բոլորը սոված, բոլորը կառչած կեանքին՝ աննպատակ, բայց ուժգին։

Շներն այս կը տեսնեմ ամէն գիշեր, երբ արթուն է ոչ ոք՝ բացի իրենցմէ եւ մարմնիս մէջ ապաստանած էակէն այս, որ գիշերուան հետ բախումի մէջ է։

Երեք բաժակ սուրճ, երկու գաւաթ թէյ՝ օրէնք է։

Սոված է հոգիս. Կարօտ է միտքս։

Ու թունչս պարզած վեր, մտային թեթեւ ոստումներով կը մօտենամ անհպելի, անիրական, անտեսանելի տարածքին, որ լքեալ է հիմա ու միշտ, այս ժամուն։ Լքեալ է ու ազատ ամէն կապանքէ եւ կուռքէ...

Եւ պարկեր են, որ կը պատռին շնատամներուն տակ՝ ցուրտին...

Ու գրքեր են, որ կը բացուին ձեռքիս տակ՝ փոքրիկ լապտերիս լոյսին...

Եւ միսն ու ոսկորն է, որ կը քաշուի դուրս, կը դառնայ գիւտ...

Ու միտքն ու հմայքն է, որ կը հանեմ դուրս, կը բերեմ մօտ...

Եւ կռիւն է, որ կը սկսի այնտեղ, ու հաչոցներ են, որ կու լան...

Ու կռիւն է, որ կը սկսի այստեղ, ու ապրումներ են, որ կու գան...

Եւ հագեցումն է, որ չկայ այնտեղ...

Ու նոյն ի՛նքն է, որ չկայ այս կողմը պատին...

Եւ կը հոշոտէ ընկերն ընկերոջ...

Ու կը փակեմ պատուհանը իմ։

 

Շրջիկն եմ ես մեր թաղի. Մտովի։

Շրջիկն եմ ես աշխարհի. կտոր մը հոգի։

Ու շներն են բարեկամս, շներն են հայելիս, շներն են այն կողմը պատիս։

Առաջնորդը մեր՝ սովն է։

Սիրած ժամը մեր՝ երեքը մթին։

Նպատակը մեր՝ չկայ։

Ինքն է, կեանքը, որ եկեր է անգամ մը, նստեր է մեր մէջ, արմուկը ծնկին դրեր, ձեռքը կզակին, քիթին տակէն կը ժպտայ, եւ խաժ աչքերով մեզի կը նայի։ «Հոս եմ» կ՚ըսէ, «կա՛մ» կ՚ըսէ, եւ մմլին ենք մենք իր, զինք ծծողը, զինք ապրողը մինչեւ վերջին կաթիլը լոյսի, եւ վերջին անկիւնը  մթին…

Մենք՝ սովածներս, կարօտներս, հիւանդներս գուցէ…

Մենք՝ շրջիկներս այս  թաղի, շրջիկներս աշխարհի։

ԵՐԱՄ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 8, 2019