ՈՐՈՇՈՒՄ

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը կը շարունակուի թափով։ Երէկ աւարտեցաւ պատգամաւորներու թեկնածութեան առաջադրման համար նախատեսուած ժամկէտը, թէեւ Նախաձեռնարկ մարմինը կը ցուցաբերէ որոշ ճկունութիւն՝ քանի որ վերջնաժամկէտը զուգադիպեցաւ շաբաթավերջի։

Այս գործընթացին մէջ մամուլն ալ մշտապէս մեր համայնքի աչքին առջեւ է՝ որպէս առանցքային գործօն։ Թերթերու հրատարակութիւնները առարկայ կը դառնան հանրային կարծիքի մանրակրկիտ դատի, երբեմն նոյնիսկ հասնելով կասկածամտութեան սահմանին։ Ընտրութեան կողմերն ալ այս զգայնութիւնը կ՚օգտագործեն, նոյնիսկ երբեմն կը շահագործեն՝ ըստլիրենց նպատակներուն։

Այս բոլորը անմիջական ձեւով կ՚արժեւորուին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրութեան եւ վարչութեան կողմէ՝ մանաւանդ, որ թերթիս գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան պատգամաւորի թեկնածու առաջադրուած է մանիշակագոյն խումբին կողմէ։ Ուստի, համոզիչ ձեւով երաշխաւորելու համար թերթիս անաչառութիւնը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրութիւնն ու վարչութիւնը որոշած են ժամանակաւոր կարգադրութիւն մը ընել՝ մինչեւ պատրիարքական ընտրութիւն։ Այսպէս, Արա Գօչունեան պիտի շարունակէ վարել խմբագրի պաշտօնը, սակայն նախաձեռնութեան իրաւունքներու պարագային պիտի ունենայ որոշ սահմանափակումներ։ Սովորաբար իր կողմէ տնօրինուած կարգ մը խնդիրներ այս շրջանին պիտի համաձայնեցուին խմբագրութեանս եւ վարչութեանս կողմէ։

Արա Գօչունեանի «Օրակարգի նիւթերը» սիւնակը, մինչեւ պատրիարքական ընտրութիւն՝ պիտի ցոլացնէ իր անձնական կարծիքը եւ այդ մէկը կարելի պիտի չըլլայ վերագրել ԺԱՄԱՆԱԿ-ին։ Թերըիս մօտեցումները պիտի մատուցուին առանձին խմբագրականներով՝ ըստլանհրաժեշտութեան։

Զայս ի գիտութիւն կը հաղորդուի մեր ընթերցողներու եւ մեր համայնքին։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2019