ԿԵԱՆՔԻ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆՆԵՐ

Կեանքը երկար ճամբորդութիւն մըն է. մարդ կը գտնուի ճամբու մը վրայ՝ ուր կան հանգրուաններ, կայաններ, որոնք առիթներ են նայելու եւ տեսնելու թէ՝ ո՛ւրկէ եկաւ եւ ո՛ւր կ՚երթայ, կերպով մը անցեալին նայելով՝ որոշել նոր ուղղութիւն մը դէպի ապագայ։ Մարդ կրնայ շարունակել իր ճամբան նոյն ուղղութեամբ եւ կամ փոխել իր ուղղութիւնը, աւելի լաւ եւ արդիւնաբեր տեղ մը հասնելու մտադրութեամբ։ Կեանքի հանգրուանները, կամ ճամբու կայանները, այս իմաստով առիթներ կը ներկայացնեն կարճ հաշուեյարդար մը կատարելու անցեալ կեանքի նկատմամբ եւ պատրաստել հաշուեկշիռ մը արդիւնաբեր ապագայի մը համար։ Այս պատճառով կարեւոր եւ օգտակար են կեանքի հանգրուանները՝ որոնք «կայան»ներ կ՚անուանենք կեանքի ճամբուն վրայ։

Զոր օրինակ, դպրոցական նոր շրջան մը, ամուսնութիւն, նոր աշխատանքի մը սկիզբը, նոր գործի մը ձեռնարկելը կեանքի հանգրուաններ են, որոնք «նոր էջ» մը կը բանան մարդուս կեանքի տետրակին մէջ եւ առիթ կ՚ընծայեն նոր ոգիով, նորոգուած միտքով շարունակելու կեանքի երկար ճամբան։

Ահաւասիկ, այս ուղղութեամբ կարեւոր են տարեդարձները եւ մանաւա՛նդ ծննդեան տարեդարձները։

Արդարեւ, մարդ երբ կը տօնէ իր ծննդեան տարեդարձը, եւ երբ հասած է որոշ հասուն տարիքի մը, գիտակցութիւնը կ՚ունենայ իր անցեալ տարիներուն ակնարկ մը նետելով նայիլ ապագային, եւ ապագան ձեւաւորել այնպէս՝ որ չկրկնուին անցեալի սխալները, զօրանան տկարութիւններ եւ լրանան թերութիւններ։ Ուստի, տարեդարձներ միայն ուրախութեան օրեր պէտք չէ համարուին, այլ՝ հաշուեյարդարի օրեր։

Մարդ իր ծննդեան տարեդարձին հաշուեկշիռ մը կը կատարէ իր ապագայի կեանքին համար։

Եւ ինչպէս ըսինք, կեանքը, իր անցեալով, ներկայով եւ ապագայով երկար ճամբորդութիւն մըն է, իսկ տարեդարձները՝ այս երկար ճամբորդութեան ընթացքին, ճամբու վրայ կայաններ՝ կանգ առնելու պահ մը եւ հարցնելու ինքնիրեն, թէ ո՞ւրկէ եկաւ այդ պահուն, ի՞նչեր ապրեցաւ եւ թէ դէպի ո՞ւր կ՚երթայ, ի՜նչեր պիտի ապրի։ Մարդ քանի որ «ազատ կամք»ով շարժող բանաւոր արարած մըն է, ապա ուրեմն կարողութիւնը եւ կարելիութիւնը ունի իր ապագային ընթացք տալու, սխալներուն անդրադառնալու, սրբագրելու զանոնք եւ ըստ այնմ փոխելու իր ընթացքը, բարեփոխելու իր ապագան։ Ա՛յս է մարդուն կոչումը որպէս բանաւոր եւ ազատ կամքի տէր արարած…։

Մարդ չի կրնար որեւէ կերպով փոխել իր անցեալը, քանի որ ջուրը միշտ դէպի յառաջ կը հոսի, բայց կրնայ դասեր քաղել անցեալէն՝ չկրկնել անցեալի սխալները, եւ աւելի զարգացնել այն բոլոր արարքները, որոնք կատարուած են անցեալին՝ որպէս օգտակար եւ լաւ գործեր։ Մարդուն կենսական պարտականութիւնն է եւ էական պատասխանատուութիւնը՝ ատեն ատեն ինքնաքննութիւններ կատարել ինքզինք կատարելագործելու համար։

Կեանք, այս իմաստով իսկ ճամբորդութիւն մըն է դէպի կատարեալին, դէպի հոգեւոր գոհունակութեան եւ մտային զարգացման՝ մինչեւ հոն՝ ո՛ւր կարելի է հասնիլ։ Անշուշտ աշխարհի վրայ՝ կեանքի ընթացքին կատարեալ գոհունակութիւն կարելի չէ ունենալ, քանի որ այս աշխարհի ժամանակաւոր կեանքին մէջ բացարձակ կատարելութիւն գոյութիւն չունի, որովհետեւ բացարձակ կատարելութեան գաղափարը բոլորովին ներհակ է «կեանքի ժամանակաւոր ընթացք» մը ըլլալու ճշմարտութեան։ Արդարեւ, այն որ ժամանակաւոր է, չի կրնար կատարեալ ըլլալ, քանի որ ժամանակը չի բաւեր եւ միշտ բան մը պակաս կը մնայ։

Եւ ահաւասիկ, ճիշդ այս կէտին է, որ կարեւորութիւն կը ստանայ կեանքի հանգրուանները, կամ ըսենք, կեանքի ճամբուն վրայ՝ կայաններ, ուր մարդ կ՚անդրադառնայ իր ըրածներուն եւ կամ չըրածներուն, առաւելութիւններուն եւ կամ թերութիւններուն, զօրութիւններուն եւ կամ տկարութիւններուն, կարողութիւններուն եւ կամ անկարողութիւններուն, եւ մէկ խօսքով՝ անկատարութիւններուն եւ կամ մասամբ կատարելութիւններուն։ Մարդ պէտք է անդրադառնայ, թէ կեանքը միայն հաճոյք, ուրախութիւն, վայելք չէ, այլ կա՛յ նաեւ նեղութիւն, տրտմութիւն, տառապանք եւ ցաւ, վիշտ։

Անցեալի մէջ պատահած են այս բոլորը, եւ կեանքի այս հանգրուանին, ահաւասիկ կը ներկայանայ առիթ մը անցեալի մէջ պատահած լաւ ապրումերը կարենալ շարունակելու եւ աւելցնելու համար պէտք եղածը ընելու, իսկ այն բոլոր ապրումները որոնք ցաւ, վիշտ եւ նեղութիւն են պատճառած, կարելի եղած չափով նուազեցնելու։

Մարդուս կեանքը հաւասարակշռութեան, ներդաշնակութեան եւ չափաւորութեան վրայ հիմնուած ճամբորդութիւն մըն է՝ այն որ կրնայ հաւասարակշռել ներհակ ուժերը, կրնայ ներդաշնակել հակադրութիւնները, կրնայ չափաւորել կիրքերը, փափաքները, ան կրնայ ունենալ բարեփոխուած ապագայ մը։ Մարդուս կեանքը իրեն յանձնուած եւ վստահուած «արժէք» մըն է, զայն լաւ գործածել, օգտագործել անոր անհամար բարիքներէն՝ մարդուն ընդհանուր ընթացքէն, համոզումներէն, որոշումներէն կախում ունի։ Մարդ ի՛նք կը պատրաստէ իր ապագան՝ որ ծրագրուած է աստուածային ստեղծագործութեամբ։ Եւ ստեղծագործութիւնը տակաւին կը շարունակուի, եւ ուրեմն մարդը՝ բանաւոր էակը, այս ընդհանուր ծրագրին մէջ կրնայ շարժիլ իր «ազատ կամք»ով, կեանքի մանրամասն ապրումներուն մէջ, անշուշտ գիտակցութիւնը ունենալով էականին՝ արարչագործութեան ընդհանուր ծրագրին, որ կ՚իրականանայ Աստուծոյ կա՛մքով…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 28, 2019, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2019