ՇՕՇԱՓԵԼԻ ՀԵՌԱՆԿԱՐ

Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյ յայտարարեց, որ Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութենէն վերջ պիտի հրապարակուի փոքրամասնական վաքըֆներու ընտրական կանոնադրութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու ղեկավարութիւնները երկար ժամանակէ ի վեր վերանորոգել կարելի չ՚ըլլար՝ առկախուած ընտրութիւններու հարցին հետեւանքով։ Երկար ժամանակէ ի վեր սպասումներ խնդրոյ առարկայ էին այս ուղղութեամբ, սակայն ամէն անգամ կ՚ապրուէին յուսախաբութիւններ։ Այս անգամ, ըստ երեւոյթին, այս խնդրի յաղթահարման ուղղութեամբ լուրջ հեռանկար մը ստեղծուած է։

Ազգային մեծ ժողովի երդիքին տակ, նոր տարուայ պիւտճէի քննարկումներուն ժամանակ, նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյ տեղեկացուց, որ պատրիարքական ընտրութենէն վերջ տեղի պիտի ունենան փոքրամասնութիւններու վաքըֆներուն ընտրութիւնները։ Խորհրդարանի Ծրագրաւորման եւ պիւտճէի յանձնաժողովէն ներս տեղի ունեցած քննարկումներուն ժամանակ Մեհմէտ Նուրի Էրսոյ պատասխանեց հարցումի մը, որու ընթացքին անդրադարձաւ փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու առկայ հարցերուն։

«The Independent»ի թրքերէն տարբերակի թղթակցի հաղորդումներով, Մեհմէտ Նուրի Էրսոյ յիշեցուց, որ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը կապուած է Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան եւ փոքրամասնական համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան համար անհրաժեշտ կանոնադրութիւնը պատրիարքական ընտրութիւններէն անմիջապէս վերջ պիտի հրապարակուի։ Նախարարը յիշեցուց, որ փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու համար վարչայիններ նշանակելու ուղղեալ շրջաբերականը ժամանակաւոր լուծում մըն է եւ պատրիարքական ընտրութիւններէն վերջ վաքըֆներու ընտրութիւններուն համար անհրաժեշտ կանոնադրութիւնը պիտի հրապարակուի։

«Մօտաւոր ապագային կայ պատրիարքի ընտրութիւն։ Պատ-րիարքական ընտրութենէն անմիջապէս վերջ մեր առաջնահերթ գործը պիտի ըլլայ այս մէկը։ Վաքըֆներու ընտրութիւններու վերաբերեալ խնդիրը կը լուծենք։ Ներքին գործոց նախարարութեան հետ կը հետապնդենք այս նիւթը, որպէսզի ապագային այլեւս դժուարութիւններ չապրուին», ըսաւ Էրսոյ։

Ինչպէս ծանօթ է, Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու ընտրութիւնները կը կատարուին Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ հրապարակուած կանոնադրութիւնով։ 2013 թուականի փետրուարին Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը այդ կանոնադրութեան գործադրութիւնը կասեցուցած էր՝ կարիքները չդիմագրաւելու պատճառաբանութիւնով։ Այդ թուականէն ի վեր համայնքային վաքըֆները հնարաւորութիւն չունէին նոր վարչայիններ ընտրելու։ Ստեղծուած դժուար իրավիճակին մէջ 11 մարտ 2019 թուականին հրապարակուած էր շրջաբերական մը, որ հնարաւորութիւն կը ստեղծէր նշանակովի դրութեամբ վարչայիններ ապահովել համայնքային վաքըֆներուն համար։ Նախարարը խորհրդարանին մէջ ընդգծեց, որ այս մէկը ժամանակաւոր կարգադրութիւն մըն է։

Այսպէսով, երկար ժամանակ վերջ առաջին անգամ փոքրամասնական համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան խնդրի կարգաւորման ուղղութեամբ արդէն լուրջ եւ շօշափելի հեռանկար մը ուրուագծուած կ՚ըլլայ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական հաւաքականութիւններուն առջեւ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 16, 2019