ՏՈՀԱՅԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այս օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Քաթար։ Ան երէկ մեկնեցաւ Տոհա՝ Առաջին տիկին Նունէ Սարգսեանի հետ։ Քաթարի էմիր Թամիմ պին Համատ էլ Թանիի հրաւէրով տեղի կ՚ունենայ այս այցելութիւնը։ Քաթարի էմիրի դիւանէն ներս այսօր տեղի կ՚ունենայ Արմէն Սարգսեանի դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը։ Բացի Քաթարի էմիրէն, Արմէն Սարգսեան կը տեսակցի նաեւ հայր էմիր Համատ պին Խալիֆա էլ Թանիի հետ։ Քաթարի վարչապետ, ներքին գործոց նախարար Ապտուլլահ պին Նասէր պին Խալիֆա էլ Թանիի հետ ալ կը տեսակցի Արմէն Սարգսեան, որ կը մէկտեղուի նաեւ Քաթարի գործարար շրջանակներու ներկայացուցիչներու հետ։ Ան կ՚այցելէ նաեւ Իսլամական արուեստի թանգարան։

Տոհայի մէջ Արմէն Սարգսեան կ՚այցելէ Հայաստանի դեսպանատուն, ուր կը տեսակցի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։ Հայաստանի նախագահի եւ Քաթարի էմիրի նախորդ հանդիպումներու գործնական արդիւնքներէն մին է Տոհայի մէջ Հայաստանի դեսպանատան բացուած ըլլալը։ Քաթարի էմիրի եւ կառավարութեան գործօն աջակցութեամբ հաստատուած է դեսպանութիւնը ի նշան Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի նկատմամբ յարգանքի եւ համակրանքի։

Իր կեցութեան օրերուն Արմէն Սարգսեան կը մասնակցի նաեւ Տոհայի մէջ կազմակերպուած «Կրթութեան համաշխարհային նորարարութեան գագաթաժողով»ին եւ ելոյթով մը հանդէս կու գայ այս հեղինակաւոր հաւաքի ժամանակ։ Այս գագաթաժողովը միջազգային նախաձեռնութիւն մըն է, որու նպատակն է վերափոխել կրթութիւնը նորարարութեան միջոցաւ։ Քաթարի հիմնադրամին կողմէ սկիզբ դրուած նախաձեռնութեան մը շարունակութիւնն է այս գագաթաժողովը, որուն կը մասնակցին աւելի քան հարիւր երկիրներէ պետական կամ մասնաւոր հատուածի ներկայացուցիչներ։

Տոհայի «Համատ» միջազգային օդակայանին մէջ Արմէն եւ Նունէ Սարգսեան ամոլը երէկ դիմաւորուեցաւ Քաթարի Փոխադրութեան ու կապի նախարար Ճասիմ Սաիֆ Ահմէտ էլ Սուլէյթի եւ այլ պաշտօնատար անձնաւորութիւններու կողմէ՝ պատուոյ պահակախումբի ուղեկցութեամբ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2019