Պէտք չէ լուռ մնալ

Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Երլիքայայի երէկ Պատրիարքարան տուած այցելութեան կարեւոր իմաստ կարելի է վերագրել՝ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացէն ներս։

Համայնքային շրջանակները երկու հիմնական գործօնի լոյսին տակ կը մեկնաբանեն կուսակալի երէկուան այցը։ Առաջինը՝ Նախաձեռնարկ մարմնի կազմէն իրերայաջորդ հրաժարականներով ստեղծուած կացութիւնն է։ Այս խնդիրը միայն Նախաձեռնարկ մարմնի գործունէութեան կաղալուն տեսակէտէ անհանգստութիւն չի յառաջացներ, այլեւ՝ յաջորդ աշխատանքի անաչառութեան տեսակէտէ ալ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ։ Արդարեւ, Նախաձեռնարկ մարմնի կազմին մէջ մնալ կը շարունակեն այնպիսի դէմքեր, որոնք, ըստ էութեան, մեծաւ մասամբ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի համակիրները կը նկատուին։

Կուսակալ Երլիքայայի այցելութիւնը պայմանաւորած երկրորդ գործօնն ալ կը վերաբերի պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի պարագային կատարուած դատական դիմումներուն։ Լսումներ կան, որ արդարադատական մարմինները պատրաստակամութիւն յայտնած են այդ դատերու վարոյթները ընդունելու։ Բայց կայ նաեւ աւելի կարեւոր խնդիր մը, որովհետեւ դատական դիմումներու պարագային օրակարգի վրայ է գործընթացը կասեցնելու պահանջը։ Սա բաւական նուրբ խնդիր մըն է եւ դատական իշխանութիւնները այդպիսի վճիռներ արձակելէ առաջ պէտք է անպայման ունենան գործադիր իշխանութիւններու տեսակէտը։ Տուեալ դէպքին խօսքը կը վերաբերի Ներքին գործոց նախարարութեան եւ Իսթանպուլի կուսակալութեան։ Հետեւաբար, համայնքային շրջանակները այս ֆոնին վրայ կը մեկնաբանեն Իսթանպուլի կուսակալին երէկուան այցը։

Իսկապէս զարմանալի է, որ Պատրիարքարանի աղբիւրները լռութիւն կը պահեն երէկուան այցելութեան շուրջ։ Կուսակալի հետ հանդիպման պարագային պէտք է անպայման նուազագոյն տե-ղեկատուութիւն մը մատուցուած ըլլար մեր համայնքին։ Չենք գիտեր, եթէ Պատրիարքարանի ներկայ ղեկավարութիւնը կուսակալի այցի մասին հանրութիւնը պիտի լուսաբանէ իրեն մերձակայ լրատուամիջոցներու բովով կամ ոչ։ Բայց եւ այնպէս, ինչ որ ալ ըլլայ պաշտօնական հրապարակումի ազդեցութիւնը եւ լրջութիւնը բոլորովին աւելի տարբեր են։

Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին մէջ պետական մարմիններու հետ յարաբերութիւնները միշտ կը համարուին շատ նուրբ եւ հանրային կարծիքին անմիջական հետաքրքրութեան առարկայ կը դառնան։ Ուստի, այս առումով պէտք է ըլլալ առաւելագոյնս թափանցիկ։ Համայնքէն գաղտնի գործեր յառաջ տանելու տպաւորութիւնը բացարձակապէս պէտք է կանխուի։ Եթէ պաշտօնական հաղորդագրութեան մը հրապարակումը նոյնիսկ կուսակալութեան կողմէ նախընտրելի համարուած չըլլայ, դարձեալ պէտք է ճար մը գտնել հանրային կարծիքը բաւարարելու համար։ Այդպիսի վարկած մը, ըստ երեւոյթին, նուազ հաւանական է։ Այլապէս, կուսակալ Երլիքայա թէկուզ քանի մը նախադասութիւնով Գումգաբուէ մեկնելու ատեն ԺԱՄԱՆԱԿ-ին ըրած յայտարարութիւններէն ալ ձեռնպահ մնացած պիտի ըլլար։

Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի շարունակութիւնը երաշխաւորելու անհրաժեշտ նախադրեալներէն մին է թափանցիկութիւնը եւ ընդհանուր վստահութեան մակարդակի բարձրացումը։ 

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2019