ՏԽՐՈՒԹԻՒՆ
Համեմունքի չափաբաժին, զոր յաճախ կը զգամ կերակուրիս մէջ։
Մինչ այս տողերը գրելը, երկար խորհեցայ, ծանր ու թեթեւ ըրի… ի վերջոյ որոշեցի սփռել իմ խռովայոյզ զգացումները։
Չէ՞ որ տխրութիւնը նոյնպէս բնատուր զգացում մըն է, որ ժամանակ առ ժամանակ կը բախէ դուռը իւրաքանչիւրիս։ Աւելի՛ն, վերջերս ան որոշած է առանց շարժառիթի՝ յաճախ այցելել ինծի։ Թերեւս պատճառը այնտեղ, ոչ հեռուն, մեր տան պատերէն դուրս թափառող տխուրաչեայ աշունն է։ Ան ոսկեհանդերձ ու միգասքօղ կը շրջի քաղաքէ քաղաք, երկրէ երկիր…
Ամառն ու ձմեռը կամրջող սա հրապոյր եղանակը, ինչպէս միշտ, իր կախարդական վրձինը հպելով բազմագոյն ներկապնակին՝ ներկեց դաշտ ու անտառ, ծառ ու տերեւներ։ Այսպիսով, հեքիաթի վերածեց ամէն ինչ իր շուրջը։
Եւ ընդհանրապէս, միթէ կարելի՞ է անտարբեր անցնիլ ոսկիի ու կրակի պէս վառ ու գունեղ աշխարհի քովէն։ Տերեւաթափ, մեղմիկ հով, դողդոջուն թուփեր, աննկարագրելի ու անթերի գեղեցկութիւն… Գեղեցկութիւն, որ սա օրերուն իր ճիշդ պատճէնը գտած է իմ հոգւոյն մէջ՝ թախծոտ ու գունեղ…
Գուցէ զարմանաք, սակայն ես կը սիրեմ աշնան գոյներով ներկուած քաղցրահամ տխրութիւնը։ Կը սիրեմ զայն վայելել առանձին. հանգիստ ու խաղաղ սենեակի անկիւն մը, խորհրդաւոր լռութեան մէջ, ես ու իմ թեւածող մտքերը։ Ի դէպ, աւելորդ չէր ըլլար գաւաթ մը տաք թեյ կամ տուրմ։
Ըստ իս, տխրութիւնը դադարն ու սկիզբն է խինդ ու ծիծաղի, աղբիւրը՝ ներշնչանքի։ Ուրիշ բառով մը՝ տխրութիւնը հանգստութիւն է. ննհրաժեշտ զգացում մը մտքերը ի մի բերելու, կեանքը վերաիմաստաւորելու եւ արժեւորելու համար։ Քաղցրահամ տխրութեան ատեն է միայն, որ կը հանգչի իմ միտքն ու հոգին։ Բաց աստի, անձայն մեղեդիներու ելեւէջներուն տակ միտքդ կը սաւառնի ժամանակներու, դէմքերու, դէպքերու եւ իրադարձութիւններու միջեւ։ Երկվայրկեաններու ընթացքին, սրընթաց կերպով կը ճամբորդես դէպի աշխարհը, դարերն ու ժամանակները…
Առանց բախելու՝ ներս կը մտնես քու ուզած դռնէն. առանց թոյլտուութեան կը յղես հարցեր… Ու մէկ ալ տեսար լռութեան մէջ ձայն մը, որ լսելի է միմիայն խորաթափանց հոգւոյդ, կ՚արձագանգէ, կը պատասխանէ քեզի։ Եւ այդ պահուն ամպերը տեղի կու տան ու կը ծագի պայծառ արեւը։ Ինքնըստինքեան հոգիդ կը ջերմանայ, միտքդ կը լուսաւորուի։ Գունագեղ թախիծը հանդերձ իր բոլոր գոյներով կը լքէ քեզ, ներս հրաւիրելով ուրախութիւնն ու երջանկութիւնը։ Պայծառ գոյներով շաղախուած արեւահամ զգացումներուն անմիջապէս կը հետեւին նոր ուժն ու եռանդը։
Այլեւս հոգիդ կը ցնծայ… Մոխրագոյնի յիսուն երանգները այլեւս փոխարինուած են կարմիրով…
Կրնա՞ք խորհիլ, թէ զանազան առիթներով որքա՜ն շատ ապրած եմ այս խորհրդաւոր զգացումը, որ քաջածանօթ եմ անոր հերթականութեան։ Սա պահուն կը թուի, թէ հասած եմ վերջնակէտին։ Ուր որ է, հոգւոյս մէջ արեւ պիտի ծագի, սակայն, ինծի անյայտ պատճառներով՝ արեգակը կը դանդաղի…
Ժամացոյցի սլաքները կը շտապեն պատմութեան գիրկը, իսկ իմ թախիծը կը շարունակէ ուղեկցիլ ինծի ու յիշեցնել Վահան Տէրեանի հետեւեալ տողերը.
Եւ աշխարհը պայծառ է նորից,
Երկիրը հարազատ է դարձեալ,
Օրօրում են անուշ մի թախիծ,
Եւ գալի՛ք, եւ ներկա՛յ, եւ անցեա՛լ…
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ