Երկուշաբթի 23, Դեկտեմբեր 2024
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ԻՒՆԷՍՔՕ-Է ՆԵՐՍ ՊԱՇՏՕՆ
Փարիզի «Նոր Յառաջ»ին մէջ կը կարդանք.-
Փարիզ ընթացող ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Գլխաւոր համագումարի 40-րդ նստաշրջանի շրջանակներու մէջ, նոյեմբեր 21-ին Հայաստան ընտրուած է նշեալ կազմակերպութեան՝ Կրթութեան միջազգային պիւրոյի խորհուրդի (2019-2023 ժամանակաշրջանին համար) եւ Գլխաւոր համագումարի իրաւական կոմիտէի անդամ (41-րդ նստաշրջանին համար)։
Կրթութեան միջազգային պիւրոն ԻՒՆԷՍՔՕ-ի առաջին կարգի հիմնարկ է, որ կազմակերպութեան անդամ բոլոր պետութիւններուն կը տրամադրէ կրթութեան ոլորտի մասնագիտական աջակցութիւն եւ փորձաքննութիւն:
Իրաւական կոմիտէն պատասխանատու է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կանոնադրութեան եւ այլ հիմնական իրաւական գործերու մէջ առաջարկուող փոփոխութիւններու մեկնաբանման եւ Գլխաւոր համագումարի փաստաթուղթերու վերաբերեալ մասնագիտական կարծիքի ներկայացման:
Ուրբաթ, Նոյեմբեր 22, 2019