ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ Է
Երջանկութիւնը սրբութի՛ւն է։ Սրբութիւնը միա՛կ ուղին է, որ կ՚առաջնորդէ այդ նպատակին. մարդուս սրտին բոլոր փափաքները, ուրիշ բան չեն ըներ եթէ ոչ հեռացնել զինք այն ճամբայէն, որու ծայրը երջանկութիւնն է։ Ուրեմն կը հետեւի՝ թէ երջանկութիւնը չափաւորութեան մէջ է, ինչ որ կը նշանակէ՝ զսպել եւ հակակշռել կիրքերը, սրտի փափաքները խղճի մաղով մաղելով զանազանել բարին եւ չարը, օգտակարը եւ վնասակարը, սուրբը եւ պիղծը։
Յիսուս կ՚ուզէ մարդուս երջանկութիւնը, եւ կ՚ուզէ, որ զայն գտնէ մարդը հոն՝ ո՛ւր է իրապէս եւ միակ ուղիով որ հոն կ՚առաջնորդէ։ Եւ եթէ հոն է նաեւ մարդուս փափաքը, կամքը կը նոյնանայ Իր փափաքին, Իր կամքին հետ եւ այս «միութիւն»ը հիմնուած աստուածային իրականութեան վրայ՝ իսկապէ՛ս յաւիտենական է։
Արդարեւ, ճշմարիտ եւ անկեղծ բարեկամութիւնն ալ երջանկութի՛ւն է։
Այս իմաստով, բարեկամութիւնը չի կայանար միայն երկու կամքերու «միութեան» մէջ, այլ բարեացակամութեան մը մէջ, որ պէտք է թագաւորէ երկու բարեկամներու միջեւ։ Բարեկամը ուրիշ «Ես» մըն է։ Բարեկամի մը բարեացակամութիւնը, որ կ՚ենթադրէ անկեղծութիւն, պարզ եւ արդար բարեսիրութիւն մը չէ, այլ՝ հասնող եւ գորովոտ սէր մը։ Իսկական բարեկամ մը յաճախ մեզմէ գերազանց է եւ իր շրջահայեցութիւնը զինք երբեմն չափազանց պահանջկոտ կ՚ընծայէ իր բարեկամութեան եւ յարաբերութեան մէջ։
Այսպէս չէ մեր աստուածային Բարեկամը՝ Յիսուս Քրիստոս։ Արդարեւ վեհանձն է Ան եւ զգայուն մեր վիշտերուն եւ ցաւերուն հանդէպ. կը ճանչնայ, գիտէ մեր հիւանդութիւնները եւ անոնց օգնութեան կը հասնի կարեկից գորովոտ սրտի մը բոլոր գորովով։ Մենք գիտենք, թէ Իր ձեռքերուն մէ՛ջն են եւ թէ մեր բոլոր կեանքը Իրմէ կանոնաւորուած է։
Մեր աստուածային Բարեկամը եթէ մեզ պատժէ, պատճառը Իր սէ՛րն է։ Մեզ չի պատժեր Իր հաճոյքին համար, այլ պարզապէս, որովհետեւ վիշտը մեզի կարեւոր է եւ օգտակա՛ր։ Եթէ կարեւոր չդատէր՝ պիտի խնայէր մեզ։
Բոլոր ցաւերը, վիշտերը՝ որոնք անօգուտ, անշահ կերպով կը կրենք, մեր կողմէ կու գան եւ մենք մեզի կը պարտադրենք։ Աստուած երբ մեզ հարուածէ, կը ցաւի։ Արդարեւ, Ան «չի կրնար» մեզ պաշտպանել մեր անձին դէմ, առանց մեր ազատութիւնը վերցնելու, առանց մեր մարդկութիւնը նուաստացնելու եւ մեզ վերածելու ինքնագործ վիճակի մը։ Այս կը նշանակէ՝ որ Աստուած հաւատարիմ է իր Խօսքին, իր տուածին, կոչումին մարդուն՝ անոր «ազատ կամք»ին։
Բայց այն դասը որ պէտք է առնենք ցաւի եւ վշտակրութեան դպրոցէն, մեզ չի՛ պարտադրեր եթէ ոչ մեր կարիքներուն համեմատաբար, մեր պահանջներուն համեմատութեամբ։ Եթէ փորձը չնչին ըլլար, մեզ պիտի չսրբացնէր եւ պիտի չփրկէր, բայց փորձը երբեք աւելի բարձր պիտի չըլլար մեր հոգւոյն կատարելութեան պահանջածէն։
Գիտենք նաեւ որ Աստուած կը փափաքի մեր բարիքը եւ թէ Իր Նախախնամութիւնը, հոգածութիւնը եւ շնորհքը երբեք պիտի չպակսին մեզմէ կեանքի պայքարին եւ յաւիտենական փրկութեան համար։
Ուստի «յանցաւո՛ր» է մարդ, որ Իրմէ կը պահանջէ Իր սիրոյն տեսանելի նշանները, նախ քան ամբողջովին Իրեն յանձնուիլը։ Երբ Իր սէրը շօշափելի կերպով տեսանելի ըլլար, այլեւս մարդուն վստահութիւնը ան-նըպատակ եւ առանց արժանիքի պիտի ըլլար։ Իսկ երբ ցաւի, վշտի եւ անձկութեան, նեղութիւններու ժամը հասած է եւ մարդկային ամէն յենարան մարդս լքած, այն ատեն ահա՛ կը հնչէ «վստահութեան զանգ»ը։
Իսկական, անկեղծ բարեկամութեան մէջ կը գտնուի փոխադարձ ծառայութիւններու շարք մը. ո՛չ վարձկան ծառայութիւններ, ո՛չ կեղծ եւ կարծեցեալ ծառայութիւններ, համրուած եւ եսասէր, պարզ հաշիւներու վրայ հիմնուած, այլ՝ վեհանձն ծառայութիւններ, անսակարկ նուիրականութիւններ՝ մատուցուած ուրախութեամբ եւ երախտագիտութեամբ, որ իսկական երջանկութեան ճշմարիտ ակնաղբի՛ւրը, սկզբնապատճառն է։ Ուստի երջանկութիւն չէ այն՝ որ ուրիշին երջանկութեան վրայ չէ հաստատուած եւ ուրիշին երջանկութենէն չի ծնիր եւ ուրիշին երջանկութեան չի՛ մասնակցիր։
Յիսուս կ՚ըսէ. «Ես չեկայ ծառայութիւն ընդունելու, այլ՝ ծառայելո՛ւ»։ Ան առաջուց ճանչցաւ ի՛նչ որ պիտի ընէր մեզի հետ եւ մեզմո՛վ։
Արդարեւ, հասարակութեան մը մէջ, հաւաքակութիւնը կազմող անձերէն եթէ նոյնիսկ մէկ հոգի երջանիկ չէ՝ դժբախտ է, ապա ուրեմն բոլոր հաւաքականութիւնը դժբա՛խտ է, երջանիկ չէ՛, քանի որ երջանկութիւնը միայն անհատական հոգեվիճակ մը չէ, այլ՝ հասարակաց հոգեվիճակ մը։ Եւ եթէ մէկը ուրիշի մը քով ինքզինք երջանիկ կը զգայ եւ կը տեսնէ, որ այն ուրիշը դժբախտ է, այլապէս ան ինքզինք կը խաբէ, երջանիկ կը զգայ ինքզինք, բայց իր հոգւոյն խորը ան դժբախտ է։
Այո, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, այս պատճառով՝ երջանկութիւնը սրբութի՛ւն է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 25, 2019, Իսթանպուլ