ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Ալթըմէրմէրի Գլխադիր Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ տիկնանց կազմը։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։ Յառաջիկայ 15 դեկտեմբերին նախատեսուած է Ալթըմէրմէրի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը։ Տիկնանց խնամակալութեան ներկայացուցիչները նորին սրբազնութիւնը հրաւիրեցին նախագահելու այդ արարողութիւններուն։

Իր կարգին, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանն ալ օրհնութիւնն ու յաջողութեան մաղթանքը փոխանցեց տիկնանց խնամակալութեան ներկայացուցիչներուն։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 30, 2019