ՖՐԱՆՍԱ ՄԻՇՏ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԻՐ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ
Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը երէկ յայտարարեց, որ Փարիզ կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ իր յանձնառութեան՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համար բանակցուած ու տեւական լուծման մը գտնուելուն ուղղութեամբ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակներէն ներս։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, բանբերը երէկ պատասխանեց ֆրանսացի լրագրողի մը հարցման՝ Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի շաբաթավերջին Պաքու կատարած այցելութեան շուրջ։
«Ֆրանսա հաւատարիմ է Մինսքեան խմբակի շրջանակներէն ներս ստանձնած իր յանձնառութեան՝ բանակցուած եւ տեւական լուծում մը գտնելու ուղղութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի ձգձգուած հակամարտութեան համար։ Ներկայ կարգավիճակը չի բխիր կողմերէն որեւէ մէկուն՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի շահերէն», ըսաւ ան յիշեցնելով, որ ֆրանսական կողմը Մինսքեան խմբակին կը համանախագահէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն եւ Ռուսաստանի հետ։
Քէ տ՚Օրսէի բանբերը մատնանշեց նաեւ, թէ անցեալ տարուան Հոկտեմբերին Օլանտի նախաձեռնած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու Փարիզի հանդիպումը հնարաւորութիւն տուած է պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերելու կողմերուն միջեւ տեղեկատուութեան փոխանակման վերաբերեալ, ինչ որ արդէն սկսուած է իրականացուիլ։ Բանբերը աւելցուց, թէ այդ հանդիպումը նպաստած է, որպէսզի նոր թափ հաղորդուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակներէն ներս ընթացող բանակցային գործընթացին՝ Մատրիտեան սկզբունքներուն հիման վրայ։ «Վերջին ամիսներուն լարուածութեան սրացումները կը հաստատեն այդ սկզբունքներու իրականացման անհրաժեշտութիւնը», ըսաւ ֆրանսացի բանբերը։