Երկուշաբթի 23, Դեկտեմբեր 2024
ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ
Յորդանանի Արտաքին գործոց նախարար Այման էլ Սաֆատ այսօր երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը հիւրընկալուի Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Ան հիւրն է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի, որ իր պաշտօնակցին հետ կը վարէ բանակցութիւններ եւ կը սարքէ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։
Այման էլ Սաֆատ կ՚ընդունուի նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։
Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2019