ԼԱՒՐՈՎԻ ՊԱՔՈՒ ԱՅՑԸ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ շփումներ ունեցաւ Պաքուի մէջ, ուր ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Պաքուի մէջ ծաւալուած քննարկումներուն ժամանակ օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Ալիեւ գանգատ յայտնեց հայկական կողմի յայտարարութիւններուն կապակցութեամբ։ Ան նշեց, որ Պաքու պիտի շարունակէ համագործակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ։ Ալիեւ յիշեցուց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները մօտաւոր ապագային պիտի ունենան հանդիպում մը։ Ուստի, ան յոյս յայտնեց, թէ բանակցային գործընթացէն ներս միջնորդները պիտի շարունակեն իրենց աշխոյժ մասնակցութիւնը։

Իր կարգին, Սերկէյ Լաւրովն ալ ընդգծեց Ռուսաստանի յանձնառութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին նպաստելու ուղղութեամբ։ Ան յիշեցուց Վիեննայի գագաթաժողովին եւ Մոսկուայի հանդիպման ժամանակ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն գործադրութեան կարեւորութիւնը։ Լաւրով յոյս յայտնեց, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու այս շաբաթ նախատեսուած հանդիպումը այս բոլորին տեսակէտէ հնարաւորութիւններ կ՚ընձեռէ։ Ռուս նախարարը շեշտեց, որ քաղաքական երկարաժամկէտ կարգաւորման հասնելու համար ընելիք շատ գործ կայ։ Ըստ իրեն, պէտք է խուսափիլ՝ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ Հելսինքիի եզրափակիչ ակտին ներհակ հռետորաբանութենէ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2019