ՏԵՍԱՆԵԼԻ Ե՛Ւ ԼՍԵԼԻ

Երբ գիշերը կու գայ եւ իր սեւ քղանցքին տակ կ՚առնէ ամբողջ միջավայրը, ամբողջ տարածութիւնը եւ կը սկսի մութին տիրապետութիւնը՝ մութը սեւութեան մէջ անտեսանելի կ՚ընէ ամէն իրականութիւն։

Բայց միջավայրը իր ամբողջ տարածութեամբ միայն «տեսանելի» իրականութիւն մը չէ, այլ նաեւ՝ «լսելի՛» իրականութիւն մը. ան իր կարգին թէ՛ կերպարանք ունի եւ թէ՛ լեզու, քանի որ ան իրականութիւն մըն է։ Եւ եթէ միջավայրը միայն ցերեկուան լոյսովը տեսանելի է, ցերեկ եւ գիշեր լսելի՛ է։ Միջավայրը կը խօսի, ըսելիք բաներ ունի իր շուրջը գտնուողներուն, իր մէջ կեանք ապրողներուն՝ մարդոց, որ յաճախ իրարու ըսելիք ո՛չինչ կ՚ունենան…։

Միջավայրը՝ տարածութիւնը երբեմն զուսպ՝ եւ երբեմն որոտագին ձայնով իւրայատուկ յանգաւորութիւնը ունի եւ այդ սեփական ոճով լսելի կ՚ընէ ինքզինք։ Բայց մարդ, յաճախ չ՚անդրադառնար իսկ այդ խորհրդաւոր ձայնին։

Շա՜տ բան կ՚ըսէ միջավայրը, թէ ի՛նչ կ՚ըսէ՝ երբ կը փսփսայ, եւ կամ երբ կ՚որոտայ, հասկնալ, գիտնալ կարելի չէ՛։ Կու լա՞յ արդեօք իր տեսած անարդարութիւններուն վրայ, կամ թէ կ՚երգէ՞, կամ թէ կը քարոզէ՞, եւ ի՞նչի, որո՞ւ դէմ - գիտնալ կարելի չէ։ Բայց ան կը խօսի, լսելի դարձնել կ՚ուզէ իր խորհրդաւոր ձայնը՝ լոյսին ե՛ւ մութին մէջ, ցերեկ ե՛ւ գիշեր, ճերմակ քղանցքին ե՛ւ սեւ քղանցքին տակ։ Անոր լեզուի իմաստը մարդուս հասկցած, ըմբռնած կամ մեկնածն է։ Ուրեմն, այս ալ կը նշանակէ՝ որ բազմալեզուեան է միջավայրը, այնքա՜ն լեզու ունի որքան՝ ունկնդիրներ։

Միջավայրը, զոր օրինակ, մէկուն կը խօսի, ի՛նչ որ այդ մէկը՝ անհատապէս՝ կը հասկնայ, կ՚ըմբռնէ, անշուշտ եթէ կը լսէ…։ Ան կը խօսի ուրիշի մը, ան ալ կը լսէ իր հասկցած ձեւով միայն։ Ան կը խօսի, ի՛նչ որ լսողը ինք իրեն համար կը հասկնայ։ Եւ մէկուն հասկցածները կրնան հիմնովին տարբերիլ իրարմէ, մինչեւ իսկ հակասական իմաստներով մեկնաբանուին, իրերամերժ նշանակութիւններ ունենան, բայց տարբերին կամ ո՛չ՝ ահաւասիկ միջավայրին իրականութիւնը եւ անոր յայտարարութիւնը, լոյսին կամ մութին մէջ, որոնք անփոփոխ են։ Ա՛յդ է կարեւորը, ինչ որ շատ անգամ կը պակսի մարդոց մէջ։ Արդարեւ, կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը եւ վկայութիւններ ցոյց կու տան թէ՝ կան մարդիկ, որոնք լոյսին մէջ տարբեր, մութին մէջ բոլորովին տարբեր կը խօսին, քանի որ հաստատամիտ եւ անկերծ չե՛ն…։

Արդարեւ, միջավայրը բնութիւնն իսկ է, եւ բնութիւնը  բացարձակապէս արդա՛ր է, հաւատարիմ է զինք կազմաւորող օրէնք եւ կանոններուն, անկեղծ է՝ միշտ նոյն բնութիւնը թէ՛ լոյսին եւ թէ՛ մութին մէջ, թէ՛ ցերեկը եւ թէ՛ գիշերը, ճերմակ կամ սեւ քղանցքի տակ միշտ նոյնը եւ անփոփո՛խ։ Միջավայրը երբեք յետին նպատակներով չի խօսիր, չի գործեր՝ կը խօսի՛ եւ կը գործէ միշտ հաւատարիմ անշեղ սկզբունքներու։

Մարդուս հասկացողութիւնը սահմանաւոր է՝ հունաւոր աւելի կամ նուազ, շիտակ կամ սխալ, բայց իրականութիւնը՝ անյեղլի եւ տեւակա՛ն։

Ճշմարտութիւնը մարդկային մեկնութիւններէն կախեալ չէ։ Մարդ ի՛նչպէս ալ որ մեկնէ, հասկնայ կամ բացատրէ, ճշմարտութիւնը անփոփոխ է, ի՛նչ որ է, անկախաբար մեկնութիւններէ։

Արդարեւ, մարդ չէ՛ որ ճշմարտութիւնը պիտի ձեւէ, ձեւաւորէ, ստեղծէ իր սեփական կարծիքներովը, համոզումներովը եւ գաղափարներովը։ Շիլ աչքով նայիլ՝ ճշմարտութիւնը չի փոխեր, անոր նկարագիրը միշտ նո՛յնն է, շիլ կամ շիտակ նայուածքով ան միշտ ճշմարտութի՛ւն է…։

Կան մարդիկ՝ որոնք «հիւանդութիւն» մը ունին մարդկային մեկնութիւններուն հանդէպ, կը վախնան թէ՝ աս ու ան կրնան իրենց կարծիքներովը քանդել ճշմարտութեան հարազատութիւնը։ Երբե՛ք։ Ճշմարտութիւնը մէ՛կ է եւ անայլայլելի՛։

Ճշմարտութիւնը՝ կայ եւ կը մնայ անեղծ իր նկարագրին մէջ։ Ճշմարտութիւնը չի փոխուիր եւ չի վերջանար, չի դադրիր իրականութիւն մը ըլլալէ, նոյնիսկ երբ ուրաց-ւի, մերժուի։

Թո՛ղ խօսի միջավայրը, բնութիւնը ի՛նչպէս որ մարդ կը հասկնայ, բայց խօսքէն վեր, եւ առաջ, եւ վերջ կայ եւ կը մնայ խօսողին իրականութեան յաւիտենականութիւնը։ Եւ այսպէս՝ բնութիւնը արթուն կը պահէ հոգին յաւիտենական արժէքներու նկատմամբ։ Լսուածէն՝ տեսնուածէն՝ կարծիքներէն՝ մեկնութիւններէն՝ աւելին պէտք է հոգիին կեանքը պահպանելու, տեւականացնելու եւ հարստացնելու համար։

Ո՜վ բնութիւն, ո՜վ միջավայր, ո՜վ ճշմարտութիւն, ի՜նչ որ ալ կը նշանակեն քու խօսքերդ լսող ականջներու, եւ սակայն հոգիիս սա միակ տպաւորիչ եւ ապահովիչ պատգամը կու տաս. «Ե՛ս ահա՛ հոս եմ, յաւիտենապէ՛ս»։

Եւ ո՞ւր է, ինչպէ՞ս կարելի է հասնիլ ճըշ-մարտութեան։ Յիսուս սապէս կը պատասխանէ.

«Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» (ՅՈՎՀ. ԺԴ 6)։ Ուրեմն լսենք Ճշմարտութեան ձայնը, որ կը խօսի ցերեկ եւ գիշեր, լոյսին եւ մութին մէջ՝ միշտ նոյնը, միշտ անփոփոխ, միշտ անկե՛ղծ։

Յիսուս՝ Ճշմարտութիւնը՝ կեա՛նք է, սէ՛ր եւ յո՛յս։

Մարդուս հոգին կախեալ է անյեղլի ճշմարտութեան ներշնչած հաւաստիքէն, եւ ո՛չ թէ իրականութեան մը մեկնութենէն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 2, 2019, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2019