ՏՕՆԱԿԱՆ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ հայկական երաժշտական աշխարհին տեսակէտէ յատկանշական ձեռնարկ մը, որու ընթացքին ապրուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ «Գոհար» համոյթի եւ հայ աստղերու համատեղ համերգին վերյիշումը համախմբած էր երաժշտասէր շրջանակները։ Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան հռչակման օրուան ձօնուած համերգ մը կազմակերպուած էր 28 Մայիս 2011 թուականին։ «Գոհար» սիմֆոնիք նուագախումբ-երգչախումբի եւ հայ աստղերու համերգն էր այդ մէկը, որ կազմակերպուած էր Ազատութեան հրապարակին վրայ։ Վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ կազմակերպուած անմոռանալի երաժշտական ձեռնարկներէն մին եղած էր այդ համերգը, որ մասնակիցներու յիշողութեան մէջ տակաւին կը պահէ իր թարմութիւնը։ Նկատի ունենալով այդ երեկոյթին արձանագրած փայլուն յաջողութիւնը, համերգը ամփոփուած է սկաւառակի մը մէջ։ Երէկ, ահա այդ DVD-ներուն շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ, ինչ որ դարձեալ ստեղծեց խանդավառ մթնոլորտ։
«Գոհար»ի գործադիր տնօրէն Սեւակ Սերովբեան հաւաքոյթի ընթացքին ընդգծեց, որ սկաւառակները թէեւ պատրաստ էին շուրջ մէկուկէս տարի առաջ, սակայն շնորհանդէսը չէր կազմակերպուած։ Այս ուղղութեամբ գլխաւոր դրդապատճառը եղած է այն տխուր հանգամանքը, որ «Գոհար»ի խմբավար մաէսթրօ Սեպուհ Աբգարեան վատառողջ էր։ Նկատի ունենալով, որ ան երկար տարիներ ղեկավարած էր այս խումբը, վարիչները յարմար չէին դատած իր բացակայութեամբ նման ձեռնարկ մը իրականացնել։ Աւելի վերջ, Սեպուհ Աբգարեան արդէն դժբախտաբար կնքեց իր մահկանացուն։
«Վստահ եմ, որ հիմա մեզի հետ միասին ուրախ է այս տօնին առթիւ։ Այս պատճառով է, որ ուշացանք։ Այսօր այս ձեռնարկին կը մասնակցին մաէսթրօներ, երաժիշտներ, 2011-ի համերգի մասնակիցները։ Ուրախ ենք, որ բոլորը կրցան գալ։ Առիթը պատեհ կը նկատենք, որպէսզի ներկայացնենք մեր նոր մաէսթրօն՝ Նաթալի Գալստեանը։ Նոր մաէսթրօն արդէն նոր ծրագրով կ՚աշխատի։ Այս տարուան համար ծրագիր չունինք», ըսաւ Սեւակ Սերովբեան եւ աւելցուց, որ Նաթալի Գալստեան աշխատած է Սեպուհ Աբգարեանի հետ, երկուքն ալ ծաւալած են համերաշխ գործունէութիւն։
«Գոհարը Հայաստանի աստղերուն հետ» խորագրեալ համերգի սկաւառակի շնորհանդէսին ընթացքին ներկայացուեցաւ նաեւ հանգուցեալ մաէսթրօ Սեպուհ Աբգարեանի յիշատակին ձօնուած ժապաւէն մը։ Երէկուան ձեռնարկը կազմակերպուած էր նախաձեռնութեամբ Գոհար Խաչատուրեանի, որ մայրն է այս համոյթի հիմնադիր ու հովանաւոր լիբանանահայ գործիչ Յարութ Խաչատուրեանի։ Ան իր մօրը անունով կոչած է 2000 թուականին ստեղծուած համոյթը, որ մինչեւ անցեալ տարի գործած է Սեպուհ Աբգարեանին մականին ներքեւ։ Ներկայիս նուագախումբի կազմին մէջ կը գտնուին 150 երաժիշտներ, 15 երգիչներ եւ 15 պարողներ։ Գոհար Խաչատուրեան երէկուան շնորհանդէսին ընթացքին շնորհակալագրեր ու մետայլներ յանձնեց բոլոր անոնց, որոնք աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցած էին իր ծաւալով եզակի ու զան-գըւածային այս ձեռնարկին։ Այս շրջագծով պարգեւներ նախատեսուած էին Արսէն Սաֆարեանի, Զարուհի Պապայեանի, Արամէի, Անտրէի, Հայքոյի եւ այլ երգիչ-երգչուհիներու համար։ Պարգեւատրեալներու շարքին գտնուեցան նաեւ ձեռնարկը կազմակերպած թեքնիկ անձնակազմի դէմքերը։
«Մարիոթ Արմենիա» պանդոկի համալիրէն ներս կազմակերպուած շնորհանդէսը պատուեցին Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Շիրակի Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Միքայէլ Եպսկ. Աջապահեան եւ այլ հիւրեր։