ՊՐԱԹԻՍԼԱՒԱՅԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով երէկ հանդիպում մը ունեցան Պրաթիսլաւայի մէջ, ուր կը գտնուէին մասնակցելու համար ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու նախարարական 26-րդ խորհրդաժողովին։ Մնացականեանի եւ Մամետեարովի հանդիպումը տեղի ունեցաւ միջնորդութեամբ ու մասնակցութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն՝ Իկոր Փոփովի (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթիի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըրի (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկի։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ճանապարհի հրադադարի ամրապնդման, վստահութեան բարձրացման միջոցառումներու իրականացման, ինչպէս նաեւ յաջորդ տարուայ սկիզբին համատեղ աշխատանքը շարունակելու ծրագրերը։

Զօհրապ Մնացականեան ընդգծեց ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելու համաձայնութիւններու շրջանակին մէջ արձանագրուած համեստ արդիւնքը՝ Հայաստանէ, Արցախէ եւ Ատրպէյճանէ լրագրողներու փոխանակման ծրագրի իրականացման միջոցաւ։ Այս ամբողջին մէջ դիտարկուեցաւ լրագրողներու, հասարակութիւններու միջեւ նմանօրինակ ուղիղ ներգրաւուածութեան շարունակման հնարաւորութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ ընդգծուեցաւ վստահութեան ամրապնդման այլ միջոցառումներու հաստատման կարեւորութիւնը։

Անդրադառնալով նախօրէին Արցախի արտաքին գործոց նախարարին հետ Երեւանի մէջ ունեցած հանդիպման՝ Զօհրապ Մնացականեան անգամ մը եւս ընդգծեց Ստեփանակերտի իշխանութիւններու բանակցութիւններու ուղիղ ներգրաւման անհրաժեշտութիւնը՝ յատկապէս կարգաւորման բովանդակային հարցերու շուրջ։

Մինչ այդ, Պրաթիսլաւայի մէջ երէկ տեղի ունեցան նաեւ Զօհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետեարովի առանձին հանդիպումները ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ։ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումներու համատեսքին մէջ առանձնայատուկ ընդգծուեցաւ խաղաղութեան համար նպաստաւոր միջավայրի ձեւաւորման ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկումը՝ ներառեալ նախորդ հանդիպումներու ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն հաւատարիմ մնալը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2019