ՊՐԱԹԻՍԼԱՒԱՅԷՆ ԿՈՉ
Պրաթիսլաւայի մէջ կազմակերպուած ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու 26-րդ հաւաքը հասաւ իր աւարտին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներուն՝ Ռուսաստանի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի պատուիրակութիւններու ղեկավարները այս առթիւ հանդէս եկան՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ համատեղ յայտարարութիւնով մը։ Պրաթիսլաւայի ժողովի շրջանակներէն ներս ի մի գալով այս համատեղ յայտարարութիւնը ստորագրեցին Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի՝ Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով տեղակալ Ֆիլիփ Ռիքէր եւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան պետական քարտուղար Ժան-Պաթիստ Լըմուան։ Այս առթիւ անոնք շեշտեցին, որ Մոսկուա, Ուաշինկթըն եւ Փարիզ կը շարունակեն հաւատարիմ մնալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հարցին մէջ միջնորդութեան։
Համանախագահ երկիրներու պատ-ւիրակութիւններու ղեկավարները դրական գնահատեցին Արցախ-Ատրպէյճան շփման գծին եւ Հայաստան-Ատրպէյճան միջազգային սահմանին վրայ բռնութեան յարաբերական ցած մակարդակը։ Անոնք կողմերուն շնորհակալութիւն յայտնեցին՝ լարուածութեան սրման վտանգը նուազեցնելու նպատակով անմիջական կապի ուղիները ամբողջովին օգտագործելու համար։ Այս մասին արտաքին գործոց նախարարները համաձայնած էին յունիսին՝ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած խորհրդակցութիւններուն ժամանակ։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարները ողջունեցին անցեալ տարուան ընթացքին ձեռնարկուած յստակ քայլերը, որոնք ուղղուած էին լարուածութեան նուազեցման եւ ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելու։ Այս ուղղութեամբ կոչ ուղղած էին համանախագահ երկիրները 2018-ի դեկտեմբերին Միլանոյի մէջ հրապարակուած յայտարարութիւնով եւ նախարարները 2019-ի յունուարին համաձայնած էին Փարիզի մէջ։
«Մենք կ՚ողջունենք մարդասիրական միջոցառումները իրականացնելու ուղղեալ ջանքերը, զորս քննարկած են երկիրներու ղեկավարները ապրիլին՝ Վիեննայի հանդիպման», նշուած է յայտարարութեան մէջ, ուր մասնաւորապէս կարեւորուած են վերջերս կազմակերպուած լրագրողներու փոխադարձ այցելութիւնները եւ բանտարկեալներու համաժամանակեայ ազատ արձակումը յունիսի 28-ին։ Նկատելով, որ նման ջանքերը կարեւոր դեր կը խաղան խաղաղ լուծման հասնելու ուղղեալ առարկայական բանակցութիւններուն տեսակէտէ նպաստաւոր մթնոլորտի մը ստեղծման հարցին մէջ՝ պատուիրակութիւններու երեք ղեկավարները կոչ ուղղեցին մարդասիրական եւ անվտանգութեան յաւելեալ միջոցառումներ իրականացնել։
Մտածելով հարազատները կորսնցուցած մարդոց սարսափելի տառապանքներու մասին՝ միջնորդները կողմերուն կոչ ուղղեցին կրկնապատկել ջանքերը՝ աջակցելու Կարմիր խաչին՝ անհետ կորսուած մարդոց համար տեղեկութիւններ փոխանցելու հարցին մէջ՝ ինչպէս երկու երկիրներու ղեկավարները պայմանաւորուած էին Փարիզի մէջ՝ 2014 թուականի հոկտեմբերին տեղի ունեցած գագաթաժողովին։ Գնահատելով ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի անձնական ներկայացուցչի զգալի աւանդը հրադադարի պահպանման հարցին մէջ՝ միջնորդները ընդգծեցին անոր՝ դիտարկման առաքելութիւնը ընդլայնելու շուրջ բանակցութիւններու վերսկսման կարեւորութիւնը։ Յայտարարութեան մէջ յի-շեցուեցաւ, որ այս մասին կողմերը համաձայնած էին 2016 թուականին։
Միջնորդները ողջունեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու 2020 թուականի սկիզբին համանախագահներու հովանաւորութեան ներքեւ կրկին հանդիպելու մտադրութիւնը։ Սա նպատակաուղղուած է առաւել խտացնելու խաղաղ կարգաւորման առանցքային խնդիրներու շուրջ բանակցութիւնները եւ աջակցելու բարձրագոյն մակարդակով յետագայ բանակցութիւններ կազմակերպելու։
Պատուիրակութիւններու ղեկավարները վերահաստատած են, թէ արդար ու երկարատեւ խաղաղութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլայ մասնաւորապէս ուժի չկիրառման, տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման ու հաւասար իրաւունքներու վերաբերեալ Հելսինքեան եզրափակիչ աքթի սկզբունքներուն հիման վրայ։ Անոնք վկայակոչեցին համանախագահ երկիրներու պատուիրակութիւններու եւ Ատրպէյճանի ու Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու՝ 2009-ին Աթէնքի նախարարական խորհուրդի հանդիպման աւարտին կատարուած համատեղ յայտարարութիւնը։ Այդ մէկը պէտք է ներառէ նաեւ յաւելեալ կէտեր, որոնք առաջարկուած են համանախագահ երկիրներու նախագահներուն կողմէ 2009-2012 թուականներուն։
Պատուիրակութիւններու ղեկավարները հերթական անգամ ընդգծեցին, որ այժմու կարգավիճակը անընդունելի է եւ հակամարտութիւնը չի կրնար ռազմական լուծում ունենալ։ «Հետեւաբար, կոչ կ՚ուղղենք կողմերուն՝ բարեխիղճ առարկայական բանակցութիւններ վարել՝ առանց յետաձգումներու կամ պայմաններու։ Պատուիրակութիւններու ղեկավարները վստահութիւն կը յայտնեն, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ձեւաչափը կը շարունակէ անփոփոխ հիմնակէտ ըլլալ կայուն կարգաւորման հասնելու համար։ Կոչ կ՚ուղղենք կողմերուն՝ համագործակցիլ իրարու եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ, որոնց մենք կը հրահանգենք շարունակել իրենց միջնորդական ջանքերը», աւարտին հասած է համատեղ յայտարարութիւնը։
Միւս կողմէ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանն ալ Պրաթիսլաւայի հաւաքին ժամանակ հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որուն մէջ գրեթէ ամբողջութեամբ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ «Հայաստան հաւատարիմ է բանակցային գործընթացին ու պիտի շարունակէ հետեւողականօրէն աշխատիլ խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ։ Միեւնոյն ժամանակ, անընդունելի է, երբ Ատրպէյճան ներկայիս ներքին քաղաքական զարգացումներու լոյսին ներքեւ կը ներկայացնէ խաղաղութեան գործընթացին համար նախապայմաններ, որոնք հրապարակուած են նախարարական խորհուրդի նախօրեակին շրջանառութեան մէջ դրուած փաստաթուղթին մէջ։ Հայաստան կը մերժէ նման ոչ-շինիչ մօտեցումները», ըսաւ Մնացականեան եւ աւելցուց, որ անցեալ ամիս կազմակերպուած լրագրողներու փոխադարձ այցելութիւնները կը համարուին հակամարտութեան բոլոր կողմերու միջեւ վստահութեան ձեւաւորման համեստ բայց կարեւոր օրինակ մը։