ՄԵՍՐՈՊԷՆ ԵՒ ԽՈՐԵՆԱՑԻԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ԱՅՍՕՐ ՄԵՐ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐԸ ՍԻՐԱԾ ԵՆՔ ՅԵՏ ՄԱՀՈՒ

Այս մասին մտածեցի, երբ համակարգիչի լուսամուտին յայտնուեցաւ տեղեկութիւն մը: Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է, որ «ՀՀ-ՈՒՄ ԳԻՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԵԼ ՆՇԱՆԱԿԵԼ Է ԱՄԷՆ ԱՌԱՒՕՏ ԳՆԱԼ ԻՆՍՏԻՏՈՒՏ, ՍՈՒՐՃ ԽՄԵԼ ԵՒ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼ ՏՈՒՆ»: Այսինքն հայ մտաւորականութիւնը ոչինչ է, ոչինչ ըրած է:
Եթէ պետական ղեկավարը ա՛յս ըսէ, ի՞նչ պիտի ըսէ ամբոխահաճութեան (populisme) ուռկանին մէջ բռնուած եւ հեռուն չտեսնուող զանգուածը:

Ի՜նչ դառնութիւն կայ այս խօսքին մէջ, մարդոց նկատմամբ, որոնք գրական, գիտական եւ ուսումնասիրական հսկայ հարստութիւն կուտակած եւ կտակած են, եւ կը շարունակեն այդ ընել, հակառակ անցեալի եւ ներկայի դժուարութիւններուն: Այդ կ՚ընեն՝ որովհետեւ կը հաւատան բանի մը. ազգային լինելութեան: Արդեօ՞ք վարչապետը չունենալով ազգին կտակելիք նոյն ձեւի հարստութիւն, կը վերականգնէ խորհրդային օրերու սեւացրէ՛քի քաղաքական ոճը, որպէսզի մեծերու վերացումէն ետք գաճաճները հսկայ ըլլալու խաբկանք ստեղծեն:

Ստացուած տեղեկութիւնը կ՚արտագրեմ ամբողջութեամբ.
Ազգային օրակարգի մեծ վերնագրի ներքոյ, շատ երկար տարիներ բոլորիս աչքի առաջ Հայաստանում հաստատուել են կոռուպցիոն կարգեր: Այս մասին, այսօր՝ նոյեմբեր 20-ին, Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզում Մխիթարեան միաբանութեան վանահայրերի եւ Վենետիկի հայ համայնքի ներկայացուցիչների հետ հանդիպման ժամանակ նշեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը: «Սա է պատճառը, որ մեր ազգային օրակարգը ընկալելի չէ նրանց ազգային օրակարգի համար: Ազգային օրակարգը շատ երկար տարիներ եղել է շատ յարմար տանիք մենաշնորհներ հաստատելու, կոռուպցիոն հարստութիւններ կուտակելու, կուսակցական համակարգեր մտցնելու այդ թւում կրթական համակարգում, կրթական համակարգի որակը գցելու այն աստիճան, որ այսօր ՀՀ-ում կարող ենք ասել, գրեթէ չկայ ոչ միայն մրցունակ բուհ, այլ եւս մրցունակ ֆակուլտետներ: Ցաւօք, այսօր մենք բոլոր ոլորտներում ունենք պրոֆեսիոնալ մակարդակի խնդիր: Մենք այս խնդիրները պէտք է լուծենք»,- յայտարարեց Փաշինեանը: Նրա խօսքով Հայաստանում շատ մեծ չափով գիտական գործունէութիւնը վարել նշանակել է ամէն առաւօտ գնալ մի շէնք, որի ճակատին գրուած է գիտահետազօտական ինստիտուտ, օրուայ առաջին կէսին սուրճ խմել եւ վերադառնալ տուն: «Շատ բնական է, որ նման գործունէութեամբ զբաղուող որեւէ շրջանակի այդ կոմֆորտ զոնայից փորձում ես դուրս բերել, դա առաջացնում է որոշակի խնդիրներ: Բայց մենք գնալու ենք այդ ճանապարհով: Եոլա գնալու տրամաբանութիւն թոյլ չենք տալու Հայաստանի ոչ մի ոլորտում», ասել է նա:
Եթէ Սուրէն Դանիէլեանը, Ռիթա Սաղաթէլեանը, Աշոտ Մելքոնեանը, Պետրոս Դեմիրջեանը, Սերժ Սրապիոնեանը, Երուանդ Խաչատրեանը, Հենրիկ Էդոյեանը, եւ բիւր ուրիշ մտաւորականներ, գիտնականներ, տասնեակներով գիրքեր հրատարակած են մեր այսօրուան հարստութիւնը վերածելով յաջորդ սերունդներուն համար ժառանգութեան, օրուայ առաջին կէսին սուրճ խմելով եւ վերադառնալով տուն, պէտք է հասկնալ, որ մենք գործ ունեցած ենք եւ ունինք գերմարդոց հետ, superman-ներ: Մոլիէրի, ֆրանսացի մեծ կատակերգակի «Իմաստուն կանայք»ի հերոսուհիներէն մին կ՚ըսէ. «Աստուած իմ, այնքա՜ն ցածրայարկ է ձեր միտքը» (Mon Dieu, que votre esprit est d’un étage si bas): Քննադատութիւնը միշտ ցանկալի է, եթէ ինքզինք տրամադրէ ճշմարտութեան, յաջողութեան եւ յառաջդիմութեան, բայց կը դառնայ ցածրայարկ, երբ կը դառնայ սեւացրէ՛ք, ամբոխային տրամադրութիւններու կեր հայթայթող նախանձ եւ բանսարկութիւն:

Եթէ այդ «սուրճ խմողներ»ու կտակած հարստութիւնը չունենայինք եւ այսօր ալ չշարունակենք ստեղծել, ի՞նչ մնացած պիտի ըլլայ խորհրդային օրերէն, ի՞նչ պիտի մնայ այսօրուան «ճեզվէ»ներէն, «պրենտ»ներէն, բազմանդամ պաշտօնական «չարթերային տուրիզմ»ներէն, սփիւռք(ներ)ու ընդունելութիւններէն եւ մեծ հիւրանոցներու շքեղանքներէն: Արհամարհանքը մտաւորականին եւ անոր աշխատանքին հանդէպ, սովորութիւն է, նոյնիսկ երբ ան չի ծառայեր իշխանաւորին եւ էսթէպլիշմընթի փառքին: Երեւոյթը յատուկ չէ Հայաստանի: Սփիւռքի մէջ այդ արհամարհանքը կը դրսեւորուի քսակով, մարդոցմով՝ որոնք լուսապսակ կը փնտռեն «բարերարութիւններ»ով, իրենց չգիտցած բաներուն մասին խօսելով կամ ուրիշի գրածով բեմ բարձրանալով եւ շքանշաններ ստանալով, եւ քոմպինացիաներով:

Պէտք է խօսիլ կոռուպցիայի մասին: Ան բոլոր երկինքներու տակ եւ բոլոր ընկերութիւններու մէջ է, աւանդութիւն դարձած է հանգամանքի եւ դիրքի չարաշահումը: Իշխանաւորներ եւ զանազան մակարդակի եւ բնոյթի էսթէպլիշմընթի մարդիկ, միշտ ալ շահագործած են դիրք եւ հանգամանք: Այսօր, բոլոր երկիրներու մէջ, երեւոյթը քննադատողներ կան, եղած են: Բայց նոյն քննադատողները պէտք է տեսնել եւ դատել, երբ իրենք կ՚ունենան դիրք եւ հանգամանք:

Եթէ Հայաստանի վարչապետը հայ մտաւորականութիւնը դատափետելով եւ սեւցնելով ամբոխներու հակաընտրանի քէնին եւ նախանձին կը կարծէ յագուրդ տալ, ինքն իրեն համար վարկ եւ լուսապսակ ապահովել, կը սխալի: Հայաստանի մամուլը եւ ընկերային ցանցերը այնպիսի մանրամասնութիւններով կը խօսին իր եւ իր «թիմ»ի մասին, որոնք եթէ ուղղուած ըլլային սուրճ խմող մտաւորականներուն, անոնք շատոնց վանքերու մէջ ապաստանած կ՚ըլլային, Ռուսաստան կամ Ամերիկաներ փախած:

Պիտի հասկնա՞նք, որ ամբոխի սրճարանային-գինետնային անբաւարարութեան թիրախ դարձնելով ազգ պահած եւ պահող մտաւորականութիւնը, ո՛չ բարեկարգում կ՚ըլլայ, ո՛չ ալ իշխանութիւն կը պահուի:

Իսկ ինչ կը վերաբերի կոմֆորտ զոնային, երբեմն պէտք է լուսարձակի տակ բռնենք մենք մեզ, հանրային ծառայութիւնը չշփոթենք ընկերային յաջողութեան եւ ընտանեկան տուրիզմի հետ, որ իր կարգին կոմֆորտ զոնա է: Իսկապէս անգէտ պէտք է ըլլալ հասկցած չըլլալու համար, որ օտար աշխարհի մէջ մեր ազգի այցեքարտը, անցեալին եղած է, եւ այսօր ալ է, մեր ժողովուրդի գիտական եւ մշակութային ստեղծագործական ճառագայթումը, ներսը եւ դուրսը, մենք մեզ ճանչցած ենք մեր մտաւորականներով, արուեստագէտներով, ուրիշներ ալ մեզ ճանչցած են անոնցմով: Բայց երբ մի ոմն բեմ կը բարձրանայ հայ բանաստեղծի մասին ուրիշի գրածը կարդալով, կամ ուրիշ բանաստեղծի մը լատինատառ գիրերով չորս տողը հեգելով կը ծախէ ամեակի մը առիթով, մեր ժողովուրդը կը փոքրացնէ, քանի որ բոլոր ունկնդիրները եւ հանդիսատեսները անպայման անգիտակներ չեն:

Վերեւ նշուած տեղեկութեան մէջ, զոր ստացած էի համացանցով, հայ մտաւորական մը կը պատմէ հետեւեալը. «... այս պահուն Ղազախստան եմ: Երէկ գիտական մեծ համաժողով էր Ասթանայի մէջ: Զեկոյց ներկայացուցի՝ «Հայ պատմիչները ղազախներու մասին» թեմայով: Այնքան հպարտ էի: Ղազախները շնորհակալ էին մեր ազգի մեծերուն, որ անոնց շնորհիւ իրենց պատմութիւնը պահպանուած է: Հիմա՝ պանդոկի մէջ նստած, իմ վարչապետը զիս սուրճ խմող կ՚անուանէ: Ո՞ւր հասանք»։

Հայաստան կը ճառագայթէ ո՛չ իր ամբոխահաճութեան ասպետներով, populiste-ներով, ո՛չ ալ ազգը դրամատնային հաշիւի կամ տուրիզմի հետ շփոթողներով: Լուսանկարի եւ զբօսի տուրիզմ:

Ի՞նչ անուն պէտք է տալ հայ թոշակառուներու եւ զինակոչիկներու հաշւոյն կատարուող բազմամբոխ տուրիզմին, որուն մէկ անդամին ծախսը քանի մը տարի կրնայ սուրճ մատակարարել ինստիտուտներու օրուան կէսին սուրճ խմողներուն:

Աստանայի համաժողովին Հայաստանի վարկին բան մը աւելցուցած մտաւորականի խօսքի աւարտի երկու բառերը ահաւոր տխրութիւն կը ծորեն. «Ո՞ւր հասանք»:

Հասանք հոգեկան-ոգեկան կոռուպցիա:

Կրկին փափաք կ՚արթննայ մէջս «Անտունի» լսելու. «Իմ հոգին նման է էն փլած տներ»... Եւ փլած-փլուզուող ինչե՜ր...

Եւ քանի որ տօնական հագուստի պէս ամէն տեղ ցուցադրեցինք եւ զարդարուեցանք Թումանեանի 150-ամեակով, ես ալ, որպէս անմիջականի տխրած հանդիսատես, յիշեցնեմ անոր իմաստութիւնը.

Ժողովուրդը միշտ նայել է իր մէջ զանազան միջոցներով անուն հանած գործիչների երեսին ու գնացել է նրանց ետեւից, եւ վայ էն ժողովրդի մեղքը, որի գործիչները էնքան խղճմտանք չեն ունենար, որ իրենց փոքրիկ անձերն ու կրքերը կը դարձնեն հասարակութեան զբաղմունքի առարկայ եւ իրենց չնչին անձնական հաշիւների շուրջը փոթորիկներ յարուցանելով կը տան մեծ խնդիրների կերպարանք: Վա՜յ էն ժողովրդին:

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 7, 2019