ԳԱՆՏԻԼԼԻԻ ՄԷՋ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Գան­տիլ­լիի Ս. Եր­կո­տա­սան Ա­ռա­քե­լոց ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին մա­տու­ցուե­ցաւ Ս. Պա­տա­րագ, որ ստեղ­ծեց մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն։ Ս. Զատ­կի տա­ղա­ւա­րին յա­ջոր­դած քա­ռաս­նօ­րեայ շրջա­նին զու­գա­դի­պած այս Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան։ Ներ­կայ էր նաեւ Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան։

Ս. Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Գրի­գոր Սրկ. Քիւ­չիւ­քիւ­թիւ­ճիւ եւ Լե­ւոն Սրկ. Գու­յում­ճեան։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան Գա­տը­գիւ­ղի Ս. Թա­գա­ւոր Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի ան­դամ­նե­րուն կող­մէ՝ ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ Ու­րա­րա­կիր Կա­րօ Հա­լէ­պեա­նի եւ եր­գե­հո­նա­հա­րու­թեամբ Ար­տէն Գա­րի­պեա­նի։

Տէ­րուա­նա­կան ա­ղօթ­քէն ա­ռաջ Հայր Սուր­բը խօ­սե­ցաւ քա­րոզ մը։

Յա­ւարտ Ս. Պա­տա­րա­գի ներ­կայ ուխ­տա­ւոր­նե­րը պա­տուա­սի­րուե­ցան տեղ­ւոյն թա­ղա­յին խոր­հուր­դին կող­մէ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2015