ՍԵԲԱՍՏԻՈՅ ՄԷՋ ԱՌՏՆԻՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի տնօ­րի­նու­թեամբ, Ս. Զատ­կի տօ­նին առ­թիւ վեր­ջերս Սե­բաս­տիա այ­ցե­լե­ցին Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան եւ Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան։ Սե­բաս­տիոյ մէջ ա­նոնք դի­մա­ւո­րուե­ցան Երուանդ Մղտը­սըի կող­մէ։ Շրջա­նի հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը հո­գե­ւոր մեծ բա­ւա­րա­րու­թեամբ հե­տե­ւե­ցան Մղտը­սը ըն­տա­նի­քի բնա­կա­րա­նին մէջ մա­տու­ցուած առտ­նին Ս. Պա­տա­րա­գին, ձե­ռամբ Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեա­նի։ Տէր Հայ­րը կա­տա­րեց Ս. Պա­տա­րա­գի եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը։ Պա­տա­րա­գիչ Հայր Սուր­բը խօ­սե­ցաւ նաեւ քա­րոզ մը։

Ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին ներ­կա­նե­րը հա­մախմբուե­ցան սի­րոյ սե­ղա­նի շուրջ։ Ող­ջոյ­նի խօս­քով մը Տէր Հայ­րը շնոր­հա­ւո­րեց շրջա­նի հայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն Ս. Զա­տի­կը։

Ս. Պա­տա­րա­գէն օր մը վերջ այ­ցե­լու­թիւն տրուե­ցաւ նաեւ Սե­բաս­տիոյ գե­րեզ­մա­նա­տու­նը։ Հայր Սուրբն ու Տէր Հայ­րը կա­տա­րե­ցին Ան­դաս­տան եւ ընդ­հա­նուր հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն՝ հան­գու­ցեալ սե­բաս­տա­հա­յե­րու հոգ­ւոցն ի հան­գիստ։

Հո­գե­ւոր հայ­րե­րը այ­ցե­լե­ցին նաեւ քա­ղա­քի տա­րեց հա­յե­րէն մէ­կուն բնա­կա­րա­նը, ուր ա­նոր մա­տա­կա­րա­րե­ցին Ս. Հա­ղոր­դու­թիւն։

Տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն մաս­նա­կից­նե­րը ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն եւ սէր ար­տա­յայ­տե­ցին Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին նկատ­մամբ՝ հո­գա­տար վե­րա­բեր­մուն­քին հա­մար։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2015