ՀՈԳԵՒՈՐ ԲԱՐՁՐ ՄԱԿԱՐԴԱԿ
Մարդ էակը բնոյթով անձնասէր է, եւ այդ իսկ պատճառով տեւական կը հետապնդէ զօրութիւն, քաջութիւն, փառք-պատիւ եւ յաղթութիւն։ Այս իմաստով տկարութիւն կը նշանակէ ամէն տեսակի պարտութիւն եւ կորուստ, որ կը վիրաւորեն իր անձնականութիւնը եւ արժանապատուութիւնը։ Ուրեմն մարդ կ՚ուզէ միշտ շահիլ, տիրանալ եւ ո՛չ թէ կորսնցնել։ Եւ մարդ այս տեսակէտէ անյագ է եւ միշտ կ՚ուզէ աւելին, չի բաւարարուիր իր ունեցածով։ Եւ այս անյագութիւնը ցոյց կու տայ նաեւ իրաւունքի մասին։ Ան միշտ կ՚ուզէ իրաւունք ունենալ, իր իրաւունքէն աւելիին տիրանալ եւ միշտ ունենալ՝ առանց կորսնցնելու, առանց վնասուելու։ Ան ընդհանրապէս հանդուրժողութիւն չունի կորսնցնելու եւ երբեք չ՚ուզեր, որ որեւէ բան պակսի իրմէ եւ նաեւ՝ իրաւունք։
Ի՞նչ պէտք է հասկնալ երբ «իրաւունք» կ՚ըսենք։
Իշխանութիւնը, որպէս ղեկավարիչ հիմնարկութիւն, կամայականութիւններու առաջն առնելու, անձնական քմահաճոյքները արմատախիլ ընելու եւ ընկերութիւն մը կազմող անհատները որոշ ուղղութեամբ առաջնորդելու համար պարտականութիւն կը համարէ օրէնքով, կանոններով որոշել ամէն մէկ անձի յարաբերութիւնը դէպի իշխանութիւն, դէպի իրարու եւ դէպի ուրիշ անհատներ եւ շրջաններ, որոնք դուրս են ընկերութենէն։ Այս կերպով կը սահմանուի ամէն մէկ անհատի եւ ամբողջութեան իրաւունքներու սահմանները եւ պարտականութիւններու կարգը։
Իրաւունքը մէկ կողմէ կ՚ապահովեցնէ մարդու ազատութիւնը եւ բարոյական կամքի զարգացումը՝ թոյլ չտալով ուրիշներուն ոտնակոխ ընել այդ սրբազան եւ նուիրական կարգը, միւս կողմէ կը զսպէ մարդու անհատական քմահաճոյքը՝ ուղղուած ընդհանուրի բարեկացութեան դէմ եւ կանոններու տակ կը ձգէ։
Իրաւունքի այս տեսակէտէն ընկերութիւնը՝ անհատներէ կազմակերպուած հաւաքականութիւնը կը մտնէ իրաւաբանական շրջանի մէջ՝ կարգ եւ կանոնով, օրէնքներով։ Այսպիսով, ընկերութիւնը՝ որուն վարիչն է իշխանութիւնը, իր առանձին կարգ-կանոնով, իր բարոյակրթական, պատժողական եւ ուղղիչ միջոցներով կը կազմէ ամբողջական մարմին մը՝ իրաւաբանական մտքով, որով եւ կը զբաղի իշխանական իրաւունքը։
Ուստի իրաւունքը համախմբումն է այն կանոններու, իրաւունքներու եւ պարտականութիւններու, որոնք տրուած են ընկերութեան անդամներուն համար։ Իրաւունքը, անհատին բարոյական ստացուածներուն եւ պարտականութիւններուն ամբողջութիւնն է։
Բնական օրէնքը որ ներկայ է իւրաքանչիւր անձի սրտին մէջ եւ վերահաստատուած՝ անոր բանականութեան կողմէ, ընդհանրական է պատուէրներուն մէջ, իսկ իր իշխանութիւնն ալ կը տարածուի բոլոր մարդերուն վրայ։ Ան կ՚արտայայտէ անձին արժանապատուութիւնը եւ կը սահմանէ հիմը անոր իրաւունքներուն եւ անոր հիմնական պարտականութիւններուն։
«Անշուշտ ճշմարիտ օրէնք մը գոյութիւն ունի. անիկա ուղիղ իմացականութիւնն է. ան համաձեւ է բնութեան հետ, սփռուած՝ բոլոր մարդոց մօտ. ան անփոփոխելի է եւ յաւիտենակա՛ն։ Անոր հրահանգները պարտականութեան կոչ մըն են։ Անոր դրած արգելքները կը զգուշացնեն յանցանքէն։ Սրբապղծութիւն է ներհակ օրէնքով փոխարինել զայն։ Արգիլուա՛ծ է չգործադրել անոր որեւէ մէկ տնօրինումը. իսկ զայն ամբողջութեամբ յետսկոչելը, ո՛չ ոքին տրուած է», կ՚ըսէ Մարկոս Թուլիուս Չիչերօ։
Բնական օրէնքը անյեղլի է եւ անոր հիմնուած իրաւունքը՝ անայլայլելի եւ մշտնջենակա՛ն։ Ան կը գոյատեւէ գաղափարներու եւ բարքերու մակընթացութեան տակ եւ թիկունք կը կանգնին անոր յառաջդիմութեան մէջ զայն արտայայտող կանոններու շնորհիւ։
Այս պայմաններու ներքեւ պէտք է լա՛ւ որոշել իրաւունքի սահմանները։ Մարդիկ շատ անգամ չափազանցելով իրաւունքի չափը եւ կշիռը, իրաւունքի համար զիրար կը մեռցնեն, մարդկային կեանքը եւ արժանապատուութիւնը ոչինչ կը համարեն։ Չափազանցուած իրաւունքը կեանքի բարձրագոյն արժէքը չի ներկայացներ որ արդարանալի ըլլայ ամէն ինչ զոհել անոր համար։
Արդարեւ չափազանցուած իրաւունքը բարոյական, մանաւանդ հոգեւոր, բարձրագոյն մակարդակին յատուկ արժէք մը չի ներկայացներ։ Տարբեր բան մըն է «բարձրագոյն մակարդակ»ը՝ որուն վրայ պէտք է բարձրանայ մարդ եւ ահա՛ այդ բարձրութեան վրայ մարդուս աչքին առջեւ պիտի նսեմանայ իրաւունքի սկզբունքը եւ պիտի փայլի զոհողութեան սկզբունքը։ Արդարութիւնը առաքինութիւն է, արժէ՛ք մըն է, ազնուութիւն է, մարդուս համար դժուար է արդար ըլլալ. բայց արդար ըլլալէ աւելի դժուար է զոհելը։ Արդարեւ իրաւունքի ձայնը կը հնչէ. «Ատամ ընդ ատաման»։ Զոհողութեան սկզբունքի ջատագովն է Յիսուս Քրիստոս։ Ան չ՚ըսեր «իրաւունքիդ վրայ պնդէ ամէն գնով». ո՛չ։ Անոր պատուէրն է. «Մէկ երեսիդ զարնողին՝ միւսն ալ դարձուր», եւ նաեւ կ՚ըսէ. «Սիրէ՛ եղբայրդ եւ նաեւ՝ թշնամի՛դ»։ Ասոնք ո՛չ երբեք տկարութիւն կամ վատութիւն, ո՛չ իսկ պարտութիւն են, այլ, զօրութիւն, քաջութիւն, յաղթութի՛ւն. հոգեւոր այն բարձր մակարդակին վրայ կենալ, ուր Յիսուս կը կենայ, եւ ոեւէ մէկը՝ որ Յիսուսի կշիռովը կը կշռէ եւ կը գնահատէ կեանքի իրական արժէքները, արժանի՛ է հոն բարձրանալու։
Աւելի յստակ ըլլալու համար ըսենք.- եթէ կեանքի մէջ տասը արժէք կայ, իրաւունքով ձեռք ձգուածը՝ ստացուածը կամ շահուելիքը տասէն մէ՛կն է միայն։ Իմաստուն մարդը մնացեալ ինը արժէքը վրայ չի տար մէկին փոխարէն։ Եւ քրիստոնեան կրնայ այս իմաստութիւնը ունենալ, եթէ իրաւ եւ անկեղծ հաւատացեալ մըն է։ Ուստի մարդոց սկզբունքը, ընդհանրապէս իրաւունք է եւ արդարութի՛ւն, եւ շատ բնական է ասիկա աշխարհի համար, բայց աստուածային սկզբունքը կամ օրէնքը զոհողութիւն է՝ ի՛նչ որ բնական է երկնայինի համար։
Սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, սիրելի՜ներ, փորձենք անգամ մըն ալ դիտել եւ ապրիլ այս աշխարհը եւ կեանքը ո՛չ թէ լոկ իրաւունքի այլ՝ զոհողութեան տեսանկիւնէն եւ կարծեմ աւելի՛ պիտի մօտենանք երջանկութեան…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 6, 2019, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/27/2024
- 11/27/2024