ՅՈԲԵԼԵԱՆԷ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը արդէն 40 տարեկան է։ Պոլսահայ իրականութեան տեսակէտէ յատկանշական յոբելեան մըն է այս մէկը։ Ամբողջ չորս տասնամեակ գործունէութիւն ծաւալելէ վերջ «Մարալ» այսօր պատուանդանի վրայ է՝ մեր բոլոր գեղարուեստասէրներու սրտին մէջ։

«Մարալ»ի անցեալն ու ներկան հետաքրքրական զուգահեռականներ կը պարզեն թէ՛ Իսթանպուլի եւ թէ պոլսահայ համայնքի արդի պատմութեան հետ։ Համոյթի հիմնադրութեան ժամանակաշրջանը մեր քաղաքի բնակիչներու եւ մեր համայնքի անդամներու յիշողութեան մէջ կը բնորոշուի 1980 թուականի պետական հարուածին յաջորդած իրադարձութիւններու ազդեցութեամբ։ Քաղաքակրթութիւններու խաչմերուկին վրայ յայտնուած մեր քաղաքի մշակութային կեանքը խամրած ու ամլացած էր այդ տարիներուն։ Հոգեբանական մթնոլորտն ալ երբեք փոքրամասնութիւններուն համարձակութիւն չէր ներշնչեր՝ ազատ ինքնադրսեւորուելու եւ ենթաինքնութեամբ հանդէս գալու համար։ «Մարալ»ը ծնունդ առաւ այդպիսի շրջանի մը, այդօրինակ իրավաճակի մը մէջ։ Հանգուցեալ Պենոն Գուզուպաշի եւ լծակից ընկերներու որոնումներուն պտուղն է ան։ Տեսլականի մը մղումով ճանապարհ դուրս եկած խումբ մը նուիրեալներու լայն հորիզոններու արդիւնքն է այս համոյթը։ Այո՛, միանշանակ, «Մարալ»ի 40-ամեակը յատկանշական է, որովհետեւ տարիներու ընթացքին ան միշտ արդարացուցած է իր գոյութիւնը եւ, միեւնոյն ժամանակ, անոր իւրաքանչիւր յոբելեանը յաջորդ քայլափոխի վերաբերեալ նոր օրակարգ մը ձեւաւորած է պոլսահայութեան առջեւ։ Համոյթի յոբելեանները միշտ կը վերածուին ապագայի տօնակատարութեան, անցեալի արժեւորումն ու ձեռքբերումները կ՚ըլլան պարզապէս խթանիչ գործօններ։

«Մարալ» մէկէ աւելի հարցերու լուծման կը նպաստէ իր լինելութեամբ։ Անցեալ տասնամեակներու հոլովոյթին մէջ անբաղդատելիօրէն փոխուած է Թուրքիոյ կլիման։ Ինչու չէ՝ նոյնը կարելի է ըսել նաեւ երկիր մոլորակի կապակցութեամբ, երբ համաշխարհայնացման դարուն մշակութային զանազանութիւնը միշտ լուսարձակի տակ կը բերուի՝ ի դիմադրութիւն ահագնացող սթանտարտիզասիոնի։ Իսթանպուլի մնան մեծ քաղաքի մը մէջ աճած է հետաքրքրութիւնը՝ հայ մշակոյթի նկատմամբ։ Այս պատմական քաղաքին մէջ «Մարալ» կարեւոր պատուհան մըն է՝ բացուած հայ մշակոյթի վրայ եւ իր մակարդակով ու որակով անփոխարինելի դեր մը կը կատարէ անոր նկատմամբ լայն հասարակութեան հետաքրքրութիւնը յագեցնելու առումով։ Համոյթի ելոյթներուն արժանացած անմիջական հետաքրքրութիւնն ու ստեղծած արձագանգները վառ ապացոյցներ կը համարուին այս ուղղութեանբ։ Այս բոլորը կը ցոլանան նաեւ միջազգային հարթութեան վրայ՝ շնորհիւ համոյթի արտասահմանեան ուղեւորութիւններուն։ Այսինքն, իր առաքելութեան կտրուածքով համոյթը մեր համայնքը կը բանայ, կը տանի դէպի աշխարհ, դէպի համամարդկային ընտանիք։

Գալով «Մարալ»ի խորհրդանշածին՝ պոլսահայութեան համայնապատկերին վրայ… Մեր ընկերամշակութային կեանքին մէջ միշտ առանձնայատուկ ձգողականութիւն մը ունին այն միաւորումները, որոնք ժամանակներու մէջ տոկունութիւն ապահոված են եւ իբր այդ ստեղծած՝ իրենց աւանդութիւնը։ «Մարալ»ը, անտարակոյս, այսպիսիներու շարքին է յաչս համայնքին։ Համոյթը պոլսահայ իրականութեան մէջ միշտ կը յաջողի մէկ քարով երկու թռչուն որսալ, որովհետեւ նոյնաժամանակ կը նպաստէ թէ՛ մարդակերտումի եւ թէ հայապահպանման մարտահրաւէրներու դէմ դիմադրութեան։ Խորքին մէջ, այդ երկուքը իրարմէ շատ ալ տարբեր չեն, սակայն ձուլման պատճառած խուճապը սփիւռքի հաշուարկները կը տանի՝ այդ երկուքը տարանջատելու անհեռանկար մօտեցման։ «Մարալ» այս կէտին վրայ կ՚ըսէ իր խօսքը։ Համոյթը մէկ կողմէ նոր սերունդի համար գեղարուեստի հետ շփման հնարաւորութիւն կը ստեղծէ, ինչ որ մարդակերտումի վեհ գործի բաղադրիչներէն մին է, իսկ միւս կողմէ հայ մշակոյթին հաղորդ դառնալու կարելիութիւն կ՚ընձեռէ անոր։ Սա, իր հերթին, անհրաժեշտութիւն մըն է՝ հայկական ինքնութիւնը ժառանգելու ճանապարհին։ Տակաւին չենք խօսիր Հայաստանի հետ մշակուած առողջ համագործակցութեան դրական ազդակին մասին։ Աւելի՛ն, այս բոլորը միասին արտադրելու միջավայրին ու կարգապահութեան մը մէջ։

«Մարալ»ին ուղղուած ամբողջ դրուատիքի եւ անոր վերաբերեալ բոլոր ակնկալութիւններու խաչմերուկին կանգնած է հերոսական անուն մը՝ Կարպիս Չափքան։ Գեղարուեստական ղեկավարէ մը շատ աւելին է ան, երեխտաշատ ու վըճ-ռական սպասաւոր մը հայ մշակոյթի։ Արուեստագէտի կոչումը եւ ինքնութեան զգայնութիւնները համատեղելով Կարպիս Չափքան ճակատագրական պատասխանատուութիւն մը ստանձնած է համոյթի 40 տարիներու ոդիսականի ամբողջին մէջ։ Պոլսահայ իրականութենէն ներս ան վաղուց կը մարմնաւորէ յանձնառութիւն մը, որու նկատմամբ այնքան հաւատարիմ է ու նախանձախնդիր։ Կարպիս Չափքան հայ մշակոյթի ծառայութեան ճանապարհին մրցանիշներու տէր ախոյեան մըն է։ Իր կերպարը կը պարփակէ նաեւ՝ իրմով դրոշմուած այս համոյթի յարատեւութեան եւ յաջողութեան ամբողջ գաղտնիքը։ Այլ խօսքով, Չափքանի վաստակն ու եռանդը պայմանաւորած են «Մարալ»ի ամբողջ երթը եւ այս ճշմարտութիւնը պէտք է անպայման արձանագրուի ո՛չ միայն յանուն արդարութեան կամ երախտագիտութեան, այլ նաեւ՝ որպէս ապագայ պատրաստելու անհրաժեշտ նախադրեալ։

Այսօր թէեւ կը նշենք «Մարալ»ի 40-ամեակը, սակայն գիտենք ու վստահ ենք, թէ սա այժմէն ժամադրութիւն մըն է յաջորդելիք յոբելեանին համար։

Բարի երթ…

(Այս գրութիւնը հրատարակուած է «Մարալ»ի 40-ամեակի յոբելենական ելոյթի յայտագիր-գրքոյկին մէջ)

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2019