ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՍԱՆԵՐՈՒ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՆԱԽԱՃԱՇԸ

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած նախաճաշերը կը շարունակեն համախմբել՝ զանազան սերունդներէ սաներ։ Դպրեվանքի ընտանիքին տեսակէտէ վերջին շրջանին մասնաւոր ոգեւորութեան մը առիթ դարձած են այս նախաճաշի սեղանները, որոնք կը սարքուին կիրակի օրերը։ Անցեալ շաբաթավերջին 1980-ական թուականներու կէսերուն շրջանաւարտ եղած դպրեվանքցիներ եւ իրենց ընտանիքները ի մի եկան ու զիրար վայելեցին անմիջական զրոյցով։ Մասնաւորապէս Ամանորի տօնական շրջանին զուգադիպած այս հաւաքոյթը սրահին մէջ ստեղծեց բարձր տրամադրութիւն։ Դպրեվանքի սանուց միութիւնը այս շաբավերջին ալ կը պատրաստուի հիւրընկալել 1980-ականներու առաջին կէսի շրջանաւարտները։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2019