ՉԱԼՈՆ ԻՄ ՇՈՒՆՆ ԷՐ
-Չալիկս, եկուր քիչ մը խաղանք,- իրենց համեստ առանձնատան դուռը բանալով ըսաւ փոքրիկ Արփին։
Գարնանային լուսապայծառ ու արեւոտ օր մըն էր։ Ծառերը կը ծաղկէին իրենց ճիւղերուն վրայ կրելով հազարաւոր երփներանգ՝ կարմիր, վարդագոյն, ճերմակ, կապոյտ գոյնի անուշաբոյր ծաղիկներ։ Այդ ծաղիկները քանի մը շաբաթ վերջ պիտի թափէին ու անոնց փոխարինելու պիտի գային պտուղներու բողբոջները։ Ժրաջան մեղուներն ալ կ՚աճապարէին ժամ առաջ օգտուելու, հաւաքելու ծաղկած պէս-պէս ծառերու ծաղիկներու նեկտարը։ Ամէնուր լսելի էր մեղուներու բզզոցը։ Տեղ-տեղ ալ մարդուս ականջին կը հասնէր թռչուններու առինքնող դայլայլը…
Սեւ-ճերմակ փոքրիկ, ցածրահասակ շունիկը, զոր Արփին տեսնելուն պէս շատ սիրած էր զայն ու կնքած էր Չալօ անունով, դուռին դիմաց, արեւուն շողերուն տակ երկննալով կը մրափէր՝ վայելելով գարնանային արեւը։ Դրան ձայնը լսելուն պէս, մրափած շունը կիսաքուն վիճակի մէջ տնկեց ականջները ու սեթեւեթանքով սկսաւ շարժել ճերմակ փարթամ պոչիկը։ Արփին կքելով նստաւ Չալոյին քովը ու անոր գլուխը շոյելով, ինչպէս կ՚ընէր սովորաբար, ժամանակները փոխելով արտասանեց Գուրգէն Մահարիէն իր սիրելի բանաստեղծական տողերը.
Չալոն իմ շո՛ւնն է, չալ-չալ աչքո՛ւն է,
Չալոն չքնաղ է, պայծա՛ռ Չալօ.
Ընկնում է ոտիս, աչքը փակում է…
Կարծես Չալոն կը հասկնար այս տողերուն իմաստը։ Անմիջապէս սեւուկ աչուկները բացաւ ու գոհունակութեամբ լեզուն կախած նայեցաւ իր փոքրիկ տիրուհիին։ Այնուհետեւ առոյգ շարժեց պոչիկը, լիզեց Արփիին ձեռքերը, երեսը։ Երկուստեք զիրար փաթթուեցան, խաղացին, թաւալուեցան գետինը, աղուոր մը զուարճացան… Առհասարակ Չալոն շատ կը սիրէր խաղալ Արփիին հետ։ Շունիկի տրամադրութիւնը բարձր էր, ան կը հաջէր, կը ցատկռտէր. վայրկեանի մը ընթացքին վազքով քանի մը պտոյտ կ՚ընէր Արփիին շուրջ։ Սլացիկ պոչը ցցած, կը քսուէր Արփիի ոտքերուն, ուրախութեան ձայներ կ՚արձակէր։
-Սեւուլիկս, այժմ ես կը կերակրեմ քեզ, որմէ ետք մենք միասին կ՚երթանք պտոյտի, րսաւ Արփին ու տունէն կտոր մը չոր հաց բերաւ շունիկին։ Վերջինս հոտուըտաց հացը, պահ մը ուզեց հրաժարիլ, սակայն անօթութենէն դրդուած կերաւ։
-Ներողամիտ գտնուէ իմ բարի շունիկ։ Տունը ուրիշ ուտելիք չկար։ Ստիպուած կրկին քեզի ցամաք հաց բերի։ Գոնէ մասամբ կը յագենաս։ Գիտեմ, տաք ճաշիկ մը կ՚ուզէիր, աւա՜ղ,- խորը յառաջ քաշելով, տխրութեամբ ըսաւ Արփին։- Գիտես, վստահ եմ, կու գայ այնպիսի օր, երբ մայրիկս թոյլ կու տայ, որպէսզի դուն մեզի հետ բնակիս մեր տանը։ Այլեւս ստիպուած չես ըլլար ձմրան ցուրտին, սառնամանիքին դրան դիմաց դողալու։ Բաց աստի, երբ մեծնամ, սկսիմ դրամ վաստակել, կը խոստանամ ամէն օր քեզ կերակրել տեսակ-տեսակ ճաշերով։ Ամէն օր քեզի համար կ՚առնեմ միս, կաթ, պանիր եւ այլն,- երանութեան գիրկը ինկած շարունակեց Արփին։
Արփիի սէրը կենդանիներու հանդէպ անսահման էր։ Իսկ Չալոն ան կը սիրէր ամենէն շատ։ Նոյնիսկ իր ընտանիքի անդամներէն ալ շատ։ Օր մը, քանի մը ժամով Չալոն անհետացաւ։ Արփին բոլոր թաղամասը ոտքի հանեց։ Անդադար աղեկտուր կու լար եւ ամէնուր կը փնտռէր իր սիրելի շունիկը։ Նոյնիսկ ստիպեց իր մայրիկին դիմել ոստիկանութեան։ Երբ երեկոյեան Չալոն ինքնակամ յայտնուեցաւ, ընտանիքը վերագտաւ իր անդորրը։ Հաւաքուած դրացիները ցրուեցան իրենց տուները։
Չալոն Արփիի միակ հաւատարիմ ընկերն էր, որ միշտ իր կողքին էր։ Ան իր բոլոր գաղտնիքները, տրտունջքը, սպասումներն ու երազները կը պատմէր մի միայն Չալոյին։ Փոքրիկ աղջնակը դպրոցէն վերջ երբեմն Չալոն քաղաք զբօսնելու կը տանէր։ Շունիկը կը քայլէր պչրուհիի մը նման, հարցանշանի նմանող փոչիկը շարժելով աջ ու ձախ։ Իսկ ամառնային արձակուրդներուն անոնք միասին կ՚երթային գետ լողալու…
Կրկին ամառ էր. յուլիս ամիս։ Արփին գնաց արտերկիր ապրող մօրաքրոջը այցելութեան։ Իրականութեան մէջ ինքնակամ չմեկնեցաւ, այլ մօր յորդորով։ Առանց Չալոյի ոչ մէկ տեղ երթալ ուզեց։ Սակայն տնեցիները վստահեցուցին, թէ աչքի լոյսի պէս պիտի նային Չալոյին։ Արփին վստահեցաւ մօր խոստումին։ Երբ այգաբացին Չալոյէն հրաժեշտ առաւ ու նստաւ ինքնաշարժ, տեսկըըըւցեալ երգահանի եղբօր՝ ամերիկահայ յայտնի երաժիշտ Արթօ Թունչպոյաճեանի մասնակցութիւնը։ երաժշտութեան գլուխ գործոցներ։ քէ ներս սակ մը տխրութիւն պատեց անոր փխրուն հոգիին մէջ։ Կարծես Չալոն ալ վշտացած էր։ Շունը մինչեւ իր տեսադաշտէն ինքնաշարժի անհետանալը տխուր հայեացքով ճամբեց իր տիրուհին։
Արփին ամիս մը մնաց մօրաքրոջ ամարանոցը։ Հիանալի ժամանակ անցուց։ Սակայն Չալոն միշտ մտքին մէջն էր։ Ամէն անգամ երբ կը մօտենար հեռաձայնի ընկալուչին, իր մօրմէ նախապէս կը հետաքրքրուէր Չալոյով, այնուհետեւ կ՚անցնէր բուն խօսակցութեան։ Իսկ վերջաւորութեան անպայման կ՚աւելցնէր. «Մայրիկ, Չալոյիրփին ներքուստ շատ ուրախացաւ։ Առաջին իսկ հանդիպած խանութէն Չալոյին քանի մը տեսակ հացահատիկ գնեց։ Սրտատրոփ կը սպասէր Չալոյի հետ հանդիպման…
Ահաւասիկ ինքնաշարժը մօտեցաւ իրենց առանձնատան դարպասներուն։ Արփին ուրախութեամբ իջաւ ինքնաշարժէն ու վազեց դէպի տուն։ Զինքը դիմաւորող չկար։ «Թերեւս Չալոն դրացիներու շուներուն մօտ գնաց», ինքնիրեն խորհեցաւ Արփին։ Տնեցիները ուրախութեամբ դուրս ելան Արփին դիմաւորելու։ Աղջնակի միտքը Չալոն էր, ուստի.
-Բարեւ ձեզ, իսկ ո՞ւր է Չալոն։ Ինչո՞ւ զիս չի դիմաւորեր։
Խորհրդաւոր լռութիւն մը տիրեց։ Ոչ մէկը համարձակեցաւ պատասխանելու։
-Ինչպէ՞ս ես աղջիկս,- ես լաւ եմ, իսկ Չալոն ո՞ւր է, ինչո՞ւ չէք պատասխաներ։
-Չալոն, Չալոն քանի մը օրով գիւղ՝ մեր ազգականի տուն ղրկեցինք,- շփոթահար պատասխանեց Արփիի մեծ եղբայրը։
-Շունիկս շատ կարօտցայ, այլեւս չեմ կրնար համբերել։ Զիս անոր քով տարէք։
-Արփի, եկուր նստէ, քիչ մը զրուցենք,- զգուշութեամբ ըսաւ մայրը։
-Ոչ, նստիլ չեմ ուզեր, դուք բան մը կը թաքցնէք։ Անմիջապէս պատասխանեցէք, թէ ո՞ւր է իմ Չալոն,- տամուկ աչքերով ու բարկացած պահանջեց Արփին։
-Չալոն այլեւս չկայ։ Դուն չես կրնար զայն տեսնել։ Չալոն սատկեցաւ,- ափսոսանքով, հազիւ լսելի ձայնով ըսաւ Արփիին եղբայրը։
-Ի՞նչ,- հարցուց Արփին եւ ուշագնաց եղաւ…
*
Արփին բնաւ չկրցաւ համակերպիլ իր շունիկի կորուստին հետ։ Ան տարիներ շարունակ սգաց Չալոյին մահը։ Շունիկը յաճախ Արփիին երազին մէջ այցի կու գար ու կը թուէր.
Օրերի հեռուում նրա հաջոցը
Հնչում է կարծես լալով…
Չալոն իմ շունն էր, չալ-չալ աչքո՛ւն էր,
Չալոն չքնաղ էր, պայծա՜ռ Չալօ… (Գուրգէն Մահարի)։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ