ԿԵԱՆՔԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ
Կեանքը, որ անվերջ պայքար մըն է, մարդ ապրելու եւ վայելելու համար զայն, անպայմա՛ն կարիքը ունի լուրջ պատրաստութեան՝ ուսումի, մտաւոր աշխատանքի եւ մանաւանդ փորձառութեան։ Առանց պատրաստուելու կեանքի պայքարին մղուիլ՝ կը նշանակէ ընդունիլ արդէն այդ պայքարին մէջ պարտութիւնը, քանի որ այդ պայքարը անողոք եւ անգո՛ւթ է։ Արդարեւ, մարդուս համար ո՛չ միայն կարեւոր է պատրաստութիւնը, այլ նաեւ անհրաժե՛շտ, որ կը սկսի շատ կանուխէն։
«Պատրաստութիւն» ըսելով ընդհանրապէս կը հասկցուի ուսում, կրթութիւն, փորձառութիւն՝ որոնք ենթական պէտք է գործի վերածէ։ Այսքանը գոհացուցիչ կարելի է համարել, եթէ ենթական ուշադրութեամբ եւ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ՝ հաւատքի հոգիով լեցուած բաւարարուի այդ պատրաստութեամբ։ Բայց այն մարդը՝ որ ինքզինք բաւարար կը նկատէ պայքարելու կեանքի դէմ, կը սխալի, քանի որ ո՛չ ոք ինքնաբաւ է եւ կարիքը ունի պատրաստութեան, գոնէ նուազագոյն չափով։
Մարդ, որ պիտի պայքարի կեանքին դէմ, պատրաստութիւնը պէտք է ըլլայ ինքնին կեա՛նքը։ Կանուխէն սկսելու է այս պատրաստութիւնը։ Մանկութեան սորվելու է գործածել իր խելքը. մանուկը պէտք է գիտնայ, թէ ինք բանաւոր էակ մըն է եւ ո՛չ թէ ուրիշներէ կառավարուող «մեքենայ» մը։ Պատճառաբանութեան մէջ ո՛չինչ կայ ծածուկ կամ խորհրդաւոր, զոր մանուկը չկարենայ հասկնալ, յետ մանրամասնութիւնները սորվելու։ Այս պատրաստութիւնը տիրական է եւ էակա՛ն։ Այս տիրական պատրաստութիւնը նախ կը սկսի մայրենի լեզուով, գործ մը ո՛չ այնքան ալ դժուար, եթէ դաստիարակը նախ ի՛նք լաւ գիտէ զայն։ Արդարեւ, սորվեցնելու համար պէտք է նախ սորվիլ եւ գիտակցութիւնը ունենալ այն ճշմարտութեան՝ թէ մարդ կը սորվի նաեւ սորվեցնե՛լով…։
Այս նախապատրաստական ուսումը եւ որուն կը հետեւի զանազան ծանօթութիւններ կեանքի մասին, որ աւելի լա՛ւ հասկնալ կու տայ կեանքը՝ կը մշակէ, կը խորացնէ, կ՚ընդլայնէ գիտութիւնը եւ փորձառութիւնը։ Անշուշտ պէտք չէ զանց առնուի հոգեւոր ուսուցումը՝ որ պիտի ազնուացնէ հոգին, ինչպէս ընդհանուր ուսուցումը կը զարգացնէ միտքը եւ նոր հորիզոններ կը բանայ մարդուս առջեւ, երեւակայութեան կարողութիւնը կ՚աւելցնէ։
Սակայն օրէնքը միշտ բացառութիւններ պիտի ունենայ ամէն մարզի մէջ, ինչպէս բնութեան մէջ։ Կան մարդիկ, որոնք չեն կրնար զանազանել գոյները, ուրիշներ՝ ձայնախազերը եւ այն։ Նոյնպէս կարելի է հանդիպիլ մարդոց, որոնք խօսքով չեն կրնար արտայայտել իրենց մտքին յղացումները։ Սակայն ասոնք բացառութիւններ են եւ պէտք չէ ընդհանրացնել եւ նկատի առնել։ Բացառութիւնները չեն խախտեր էականը՝ սկզբունքը։
Ջղայնութիւնը, անձին տիրապետութեան պակասը, ընդհանրապէս վախը, տագնապը, յաջողութեան փափաքը, ձախողութեան մտահոգութիւնը, եւ ուրիշ զանազան կիրքեր եւ զգացումներ, յաճախ եւ առհասարակ ինքզինք կորսնցնել կու տան, եւ այն ատեն մարդ կը տատանի, կը մոլորի եւ անգիտակցաբար սխալ ճամբայ կը բռնէ կեանքի պայքարին մէջ, եւ կը պարտուի՛։ Մարդուս անկո՛ւմն է ասիկա։
Բայց որոշ օրէնք մըն ալ կայ, թէ մարդ իր լաւ սորվածը եւ ըմբռնածը կրնայ դիւրաւ արտայայտել, կրնայ դիւրութեամբ կեանքի կոչել եւ արդիւնաբեր գործի վերածել։ Արդարեւ, մարդ կը մտածէ եւ կը խորհրդածէ բառերու օգնութեամբ եւ ամէն մտածութիւն, որ կը ծնի իր մէջ, բառերու շնորհիւ իրեն յատուկ ձեւը եւ մարմինը կ՚առնէ։ Հետեւաբար եթէ մարդ մտածելու սովորութիւնը ստանայ, պիտի ստանայ նաեւ ունակութիւնը մտածելու իր բառերը եւ խօսքերը, որոնք բնականաբար իր բերանը պիտի գան արտայայտելու իր մտածումը։
Արդարեւ, մտածումները ուղիղ կերպով արտայայտել, խօսիլ, խօսքով համաձայնիլ եւ հասկցուիլ՝ կեանքի պայքարին մէջ յաջողութիւն ձեռք ձգելու նախապայմաններէն մին եւ կարեւորագո՛յնն է։
Եւ խօսելու դիւրութեան ամենամեծ արգելքն է մտածելու պակասը։ Մարդ կը կարդայ, կը լսէ կամ կ՚ընդօրինակէ ուրիշ մարդոց մտածութիւնները, որոնք իրեն մտածութիւնները չեն. եւ կը ջանայ յիշողութեամբ եւ կրկնութեամբ իւրացնել զանոնք։ Արդ, յիշողութիւնը եւ կրկնութիւնը «մտածում» չե՛ն, եւ մտածել եւ վերյիշել միաժամանակ՝ բան մըն է, որ քիչեր միայն կրնան ընել։ Ուստի, հա՛րկ է կա՛մ յիշողութեան եւ կա՛մ մտածումին ուշ դնել. բայց մտքի այս երկու ճիգերը զիրար կը չէզոքացնեն եւ չեն կրնար միասին համաձայն քալել։ Ուրիշ բացատրութեամբ՝ յիշողութիւն եւ մտածում համընթաց չե՛ն։ Մինչ յիշողութիւնը կ՚աշխատի, կը գործէ, մտածումը կը դադրի աշխատելէ եւ գործելէ եւ փոխադարձաբար երբ մտածումը աշխատի, յիշողութիւնը կը դադրի։
Ի՞նչ պէտք ունի յիշողութեան մարդ մը, որ կը խօսի, կ՚արտայայտուի խորապէս համոզուած եւ իւրացուցած նիւթի մը շուրջ։ Յայտնի առածը կ՚ըսէ. «Ամէն մարդ ճարտասան է իր դատը պաշտպանած ատեն»։ Բնաւ ուշադրութիւն ըրա՞ծ էք. երբ մէկը իր իրաւունքը կը պաշտպանէ, ո՜րքան համարձակ, ո՜րքան յանդուգն կ՚ըլլայ, ո՜րքան ինքնավստահ եւ բարձրաձայն կը խօսի. պարզ մարդ մը այդ պահուն կատարեալ ճարտասան մը, պերճաբան մը կը դառնայ։
Քաղաքական մարդիկ, փաստաբաններ, գիտուններ, բանաստեղծներ, զինուորականներ, վաճառականներ միշտ պատրա՛ստ են խօսելու եւ միշտ ճարտասան են, երբ իրենց դատը եւ կամ շահը վտանգի մէջ են. երբեք յանկարծակիի չեն գար եւ դիւրաւ եւ առատօրէն, արագ կ՚արտայայտուին։
Ճշմարտութիւնը պաշտպանողներ, ճշմարտութեան նուիրուածներ միշտ պատրա՛ստ են արտայայտելու իրենց անշեղ մտածումները, քանի որ ճշմարտութիւնը մէ՛կ է եւ անյեղլի…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 13, 2019, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/27/2024
- 11/27/2024