ՀԱՐԻՒՐ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ…

Նախակրթարանի եւ երկրորդականի դըպ-րոցական տարիներուն՝ Պէյրութ, մեր կրթական ծրագրին մէջ նաեւ ներմուծուած էին պատմութեան դասապահերը՝ թէ՛ հայոց պատմութիւն, թէ արաբերէն լեզուով «թարիխ», որ մէկ մասն էր պետական քննութիւններու ծրագրին: Իսկ պետական քննութիւնները մեր ժամանակ պիտի սկսէին նախակրթարանի հինգերորդ դասարանի սերթֆիքայի քննութիւններէն հասնելու համար իններորդ դասարանի պըրըվէի քննութիւններուն, ապա պաքալորէայի քննութիւններուն՝ առաջին եւ երկրորդ մասերով:

Բայց պատմութեան դասապահերուն մէջ հետաքրքրական կերպով կային կրկնուող իրականութիւնները: Վերջապէս, չէ՞ որ «պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ»… Մեր կրթական ծրագրին մէջ, գէթ՝ երեք պետական քննութիւններու պարագային, կար կրկնուող պատմութիւնը: Հոն էին Լեռնալիբանանի կառավարիչները եւ մեզի հպարտութիւն ներշնչող Տաուտ փաշան, որ հայ էր, պիտի հասնէինք նաեւ մինչեւ վերջին կառավարիչը՝ Յովհաննէս Գույումճեան փաշան, որ նոյնպէս… հայ էր: Մեզի համար այլ երկընտրանք չէինք կրնար տեսնել՝ բացի հայուն անունները գոց սորվելէ:

Եւ պիտի չուշանար մայիս վեցը՝ Լիբանանի նահատակաց տօնը եւ անոր պատմութիւնը: Նախակրթարանի տարիներէն սկսեալ եւ հետեւողականօրէն միջնակարգ եւ բարձրագոյն՝ կային քսանեւմէկ քաղաքական ու մտաւորական գործիչներու կախաղանները եւ անոց նահատակութիւնը, որոնք բոլորը պիտի մարմնաւորուէին Պուրճի կեդրոնական հրապարակի Նահատակաց յուշարձանին մէջ: Իրարու ետեւէ գալարուող այս նոյն պատմութիւններուն մէջ կար նաեւ միջազգային պատմութեան բաժինը եւ անոր մեծագոյնը՝ հարիւր տարիներու պատերազմը միջին դարուն, արեւմտեան Եւրոպայի մէջ Անգլիոյ թագաւորութեան եւ ֆրանսական արքունիքի միջեւ, երբ հինգ թագաւորական սերունդներ անհատնում պայքարներ մղած են:

Այդ տարիներուն մեր պատանեկան մտածողութեամբ եւ երեւի անմեղ հայեացքով մը կեանքին ընդհանրական վիճակներուն ու անցուդարձերուն հարց պիտի տայինք: Բայց ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ պատերազմ մը հարիւր տարի երկարի: Ինչպէ՞ս կարելի է, որ մարդիկ ու հաւաքականութիւններ կրնային տոկալ ու ապրիլ, հապա կեանքե՞ր՝ ի՞նչ տեսակի բովանդակութիւն եւ ընթացք պիտի ունենային պատերազմական վիճակի մէջ: Ու հապա հաշուա՞րկը… Հարիւր երկար տարիներ…

Կեանքի փորձն ու փորձառութիւնը պիտի սորվեցնէին, որ մարդուն, հաւաքականութեան եւ երկիրներու պատմութիւնը եւ անոր հոլովոյթները կրնային երկար եւ երկարաշունչ ըլլալ: Ասիկա աւելիով սկսանք սորվիլ եւ անդրադառնալ՝ որպէս լիբանանցիներ, երբ սկսան 1975 ապրիլի քաղաքացիական կռիւները: Երեւի ոչ կռիւ… այլ՝ պատերազմ…

«Թարիխ»ի դասերը ամբողջացուցած էինք: Սորված էինք այդ բոլոր կրկնուող պատմութիւնները՝ նախակրթարանէն սկսեալ: Հասած էինք աւարտական տարին՝ երկրորդական բաժնին մէջ, երբ սկսաւ մեր… երկար տարիներու պատերազմը: Մեր սորվածին նմանութեա՞մբ… Հարիւր տարիներու պատերա՞զմը…

Եթէ պատերազմը եղաւ հանգրուանային, այսպէս ըսած՝ կռիւ-խաղաղութիւն «փուլային» թէ «փաթեթային» տարբերակներով, բայց ընդհանուր մթնոլորտը միշտ ալ անորոշ էր: Պատերազմ-կռիւը ընթացաւ տարբեր բովանդակութիւններով եւ պարունակներով՝ մէկ կողմէ զինուորական առճակատումներու նաեւ՝ քաղաքական-համայնքային: Մըթ-նոլորտներ, որոնք մէկ-մէկ ապրեցանք իւրաքանչիւրը իր «համոյթով»: Այդ օրերուն՝ 1975 տարիներուն, չեմ գիտեր, եթէ կրնայի պատկերացնել, թէ պիտի հասնէինք այսօր՝ 2019 տարուան վերջաւորութեան, երբ պատմութիւնը ինքզինք պիտի կրկնէր…

1975 երկրորդական վարժարանի մեր աւարտական դասարանէն երեւի մնացինք միայն երկու դասընկերներ՝ ամբողջ Լիբանանի մէջ: Իմ բարեկամները մէկ-մէկ սկսան լքել երկիրը՝ չուզելով ապրիլ այս անապահով վիճակներուն մէջ: Կային տակաւին «մարգարէական» տեսութիւնները այդ օրերէն սկսեալ. «Այս խնդիրները երկար են: Աւելի լաւ է՝ ձգել ու երթալ»: Ճի՞շդ էին… երեւի… չեմ գիտեր… Հապա՞ ես ու իմ նմաննե՞րը… Սխալեցա՞նք… Առիթը չունեցա՞նք…

Այսպէս պիտի քակէինք մեր ապրած օրերու իւրաքանչիւր օղակը, որուն հետ ու անոր մէջէն՝ մեր ապրած իւրաքանչիւր փորձառութիւնը: Վախը, սարսափը, ճնշումը, ընկճուածութիւնը, առեւանգումները եւ հասնելով… մահուան՝ մօտիկ եւ հեռաւոր անձինք: Այդ իւրաքանչիւր օղակին մէջ կար կեանք մը, որ ապրեցանք՝ թէկուզ, անորոշ: Կեանքը չէր կեցած… Կը շարունակուէր… Այդ շարունակուող եւ իրար կապուած սարսափազդու օղակներուն մէջէն սկսայ տեսնել, որ իմ սորված «թարիխ»ի դասերս որքան իրական են եղեր, թէ նոյնքան իրական է հարիւր տարիներու պատերազմը։

Մեր կեանքերուն մէջ սկսան նաեւ կազմաւորուիլ լիբանանեան, բայց նաեւ լիբանանահայու ապրելու վճռակամութիւնը եւ կեցուածքը: Այդ կեցուածքին հետ՝ նաեւ նկարագիրը: Սկսանք սորվիլ, թէ ի՛նչ կրնայ նշանակել լիբանանցի ըլլալ, բայց նաեւ՝ հայ… եւ վերջապէս՝ լիբանանահայ: Լիբանանահայ գաղութի ու անոր ղեկավարութեան միասնական ու հաւաքական «դրական չէզոքութիւնը» ցոյց տուաւ, որ տագնապին ու պատերազմին հոլովոյթներուն մէջ գաղութին որդեգրած կեցուածքը եղաւ հեռատես եւ գաղութը խնայեց աւելի ծանր վնաս-ըրգըմբեր 21, 2019, Իսթանպուլարէզ կը նետուի անվախ կերպով, եւ ի՛նչ ալ ըլլայ արդիւնքը կամ հետեւութիւնը, հանդարտութեամբ եւ հաստատամներէ ու կորուստներէ, քան այն, ինչ որ պատերազմը պատճառեց: Վերջապէս, պատերազմական կեանք ապրեցանք, եւ կարելի չէ ըսել, որ վնաս երբեք չունեցանք, անպայմանօրէն ունեցանք, բայց անիկա նուազ էր: Ասիկա արդիւնք էր գաղութի խոհեմ կեցուածքին եւ միասնական դիրքորոշումին:

Եթէ 1990-ին զինուորական առճակատումները, այսպէս ըսած, դադրեցան, բայց ոչ երեւի՝ համայնքային-քաղաքական, քաղաքացիական ու, տակաւին, տնտեսական եւ ընկերային: Մենք սորվեցանք, որ լիբանանեան քաղաքական կեանքի թնճուկը որքան ներքին է ու տակաւին, արտաքին: Մեր այս գեղեցիկ երկիրը միշտ ալ «քաշքշուքի» ենթարկուած է իր համայնքային-քաղաքական կառոյցներուն միջեւ: Մեր 1975 թուականի որդեգրած միասնական կեցուածքն ալ փոխուեցաւ եւ ստացաւ տարբեր պԲայց այդ փոխուած կեանքերով նաեւ սորվեցանք, որ մեր երկրին քաղաքական-ընկերային եւ թէ համայնքային «վերիվայրումներուն» մէջէն, եթէ ոչ միշտ, յաջողութիւններ արձանագրեցինք՝ որպէս լիբանանահայ գաղութ, հոն էր, ուր առանձին գործեցինք:

Այսօր Լիբանան դարձեալ ճգնաժամի մէջ է: Այս ալ հարիւր տարիներու մէկ շաղկապն է: Ներկայ ճգնաժամը որակուած է որպէս ըմբոստութիւն՝ տիրող փտածութեան եւ կաշառակերութեան ընդհանուր իրավիճակին դէմ՝ պայքար: Յստակ է, որ դարձեալ անորոշ վիճակի մէջ մտած ենք որպէս երկիր, ի տարբերութիւն նախկին վիճակներուն՝ մինչեւ այսօր տակաւին չկան զինեալ առճակատումներ, աղօթենք ու մաղթենք, որ այդ մէկը չըլլայ. այսուհանդերձ, տագնապն ու անորոշութիւնը իրենց ծանրագոյն վիճակին մէջ առկայ է:

Նկատի ունենալով, որ գործիս բերումով անընդհատ ճամբորդութիւններ կը կատարեմ, հետեւաբար ստիպուեցայ վերջին այս իրադարձութիւններուն քանիցս գիշերել Պէյրութի օդակայանին մէջ՝ խուսափելու համար ճամբաներու փակումէն եւ թռիչքին չհասնելու կացութենէն: Եւ հոն՝ օդակայանի ոչ հանգստաւէտ պայմաններուն մէջ, սկսայ մտածել այն երկար ճամբուն մասին, որ քալեցինք Լիբանանի մէջ: Այդ երկար ճամբուն թիւերու եւ տարիներու հաշուարկը եղաւ արդէն քառասունեւհի՞նգ… Տակաւին չենք հասած հարիւր տարիներու «տեսլականին»… Բայց արդէն բաւարար է հասկնալու, թէ ի՛նչ կրնայ ըլլալ կեանքը այն պատմութեան դասերուն մէջ, որ սորվեցանք:

Ընդհանրապէս փորձած եմ այդ «ինչո՞ւ» հարցումներուն մէջ ինքզինքս չչարչրկել: Ինչո՞ւ իմ բարեկամներն ու ընտանիքի հարազատները պիտի մեկնէին այլ տեղ, եւ ես կեանքս պէտք էր շարունակէի Միջին Արեւելքի մէջ: «Ինչո՞ւն» երեւի պատասխան չունի: Չեմ ալ գիտեր, թէ հարիւր տարիներու պատերազմի ժամանակ երբեւիցէ ունէ՞ր: Բայց կայ միւս հարցումը՝ «ի՞նչ» եւ «ի՞նչ պիտի ընենք»:

Չեմ գիտեր, թէ հորիզոնին վրայ կ՚երեւի՞ շուտափոյթ լուծում: Պիտի տեսնենք, թէ ինչպէս երկիրը, նոյնպէս ալ մենք՝ որպէս լիբանանահայ գաղութ կ՚անցնինք ապահովական եւ յատկապէս տնտեսական-ընկերային ճգնաժամէ ու մանաւանդ՝ անորոշութենէ: Տակաւին չենք խօսիր ընկճուածութեան, հոգեբանական ու հոգեկան տագնապներու մասին… Պէտք է նաեւ յստակեցնել եւ ընդունիլ, որ լիբանանահայ գաղութի կարողականութիւնը՝ մարդուժի, ղեկավարութեան ու այլ, այն չէ, ինչ որ էր 1975 տարիներուն: Եթէ այս օրերու ճգնաժամի ու տագնապի պարունակը տարբեր է, քան այն ինչ, որ էր քառասուն եւ աւելի երկար տարիներ առաջ, տակաւին կը մնայ տագնապը իր բոլոր բովանդակութիւններով: Այս տագնապը ստեղծած է տնտեսական ահաւոր ճգնաժամ, ընկերային բարդութիւններ, անորոշութիւններ: Ընդունինք նաեւ, թէ շատ պիտի ըլլայ լիբանանահայերու թիւը, որոնք պիտի ուզեն գաղթել: Ահա, հոս կը սկսի մեր պարտականութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը, որ այս բոլոր իրավիճակները դիմագրաւենք դարձեալ հաւաքական միտքով եւ կեցուածքով՝ հաւաքականը իր ներքին ու արտաքին ծաւալներով: Ներքինը՝ ներլիբանանեան մեր կեանքերուն տալ միասնական կազմակերպչական ընթացք եւ կառոյց, բայց նաեւ՝ արտաքինը: Արտաքինը՝ գաղթող ուզողները նաեւ համադրուած ու կազմակերպուած ձեւով առաջնորդել մայր հայրենիք: Ուշադիր ըլլանք, որ այս ճգնաժամին ու քաոսային իրավիճակներուն մէջէն լիբանանահայը իր փրկութեան լաստը «հոս» թէ «հոն» չնետէ…

Հարիւր տարիներու պատերազմը: Մեր պատմութեան իւրաքանչիւր դասը դարձաւ ու կը դառնայ ապրող իրականութիւն: Այդ օրերուն՝ միջին դարաշրջանին իր ապրող կեանքով, մեր օրերուն՝ իմ եւ իւրաքանչիւրիս եւ մեր բոլորին ապրող փորձառութեամբ: Այս փորձառութիւնը պէտք է վերածել ապրելու եւ գոյատեւելու հրամայականի: Հրամայական՝ ապրելու եւ գոյատեւելու հաւաքական ջանքով: Հաւաքական ջանքը՝ «հարիւր տարիներու պատերազմի» մէջէն ու տակաւին…

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2019