ՄԱԳԻՍՏՐՈՍԱԿԱՆ ԿՈՉՈՒՄ

2019 թուականը ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքին տեսակէտէ կ՚եզրափակուի ուրախառիթ լուրով մը, որ հասաւ Երեւանէն։ Այսպէս, թերթիս Երեւանի աշխատակից Անուշ Թրուանց գիտական կալուածէ ներս արձանագրեց կարեւոր յաջողութիւն մը՝ նուաճելով մագիստրոսի կոչում։ Սա Անուշ Թրուանցի տեսակէտէ արդար հպարտութեան մը առիթ է՝ մանաւանդ, որ իր աւարտաճառը գնահատուած է գերազանց։ Լրագրութեան եւ հրապարակագրութեան գետնի վրայ ծաւալած բեղուն գործունէութեան զուգահեռ՝ ան հետեւողական աշխատանքով յառաջ տարած է գիտական ծրագիր մը, որու արձանագրած յաջողութիւնը, անշուշտ, նոր հարթութեան մը վրայ կը դնէ Անուշ Թրուանցի պաշարն ու փորձառութիւնը։

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի աշխատակից Անուշ Թրուանց աւարտեց իր երկուքուկէս տարուայ մագիստրոսական ուսումը՝ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Գիտակրթական միջազգային կեդրոնին մէջ՝ գրադարանային-տեղեկատուական աղբիւրներու ուսումնասիրողի եւ թուայնացնողի մասնագիտութեամբ: Դեկտեմբերի 21-ին ակադեմիոյ մէջ տեղի ունեցաւ մագիստրոսական աւարտաճառի՝ թեզի պաշտպանութիւնը: Իբրեւ ուսումնասիրութեան նիւթ ան ընտրած էր՝ 1922-1932 թուականներու պոլսահայ մամուլը: Այս նիւթը ընտրուած էր Անուշ Թրուանցի գիտական ղեկավարի՝ պատմաբան Փրոֆ. Ալպերթ Խառատեանի, նաեւ Գրադարանային-տեղեկատուական բաժնի ղե-կավար Տիգրան Զարգարեանի առաջարկով։ Անոնք նկատի առած էին, որ արեւմտահայ մամուլի պատմութիւնը լաւագոյնս ուսումնասիրուած է, բայց պոլսահայ մամուլը՝ նշուած ժամանակաշրջանէն սկսեալ, գրեթէ ուսումնասիրուած չէ: Ալպերթ Խառատեան, որ կը զբաղի հայ պարբերական մամուլի եւ մամուլի մէջ հայ հասարակական-քաղաքական մտքի ուսումնասիրմամբ, ինչպէս նաեւ Օսմանեան շրջանի գաղթօճախներու պատմութեամբ, Անուշ Թրուանցը ուղղորդած է նշուած ժամանակաշրջանի պոլսահայ մամուլը ուսումնասիրելու եւ անոր մէջ հայութեան համար կարեւոր նիւթերը լոյսի տակ առնելու աշխատանքի ճանապարհին՝ իր խորհուրդներով եւ փորձառութեամբ առաւել եւս հետաքրքրական դարձնելով նիւթը:

Արդիւնքին մեր աշխատակիցը տասն տարուայ մամուլի ուսումնասիրմամբ մէջտեղ հանած է այդ տարիներուն Պոլսոյ (սակաւ նաեւ Թուրքիոյ այլ վայրերու) մէջ լոյս տեսած լրագրերու, ամսագրերու, հանդէսներու, տարեգիրքերու, տարեցոյցերու անունները։ Ուսումնասիրած է անոնց մէջ լոյս տեսած նիւթերը, մտաւորականութեան ներկայութիւնը՝ այդ տարիներու թերթերուն եւ միւս հրատարակութիւններուն մէջ: Իրենց գործունէութիւնը նոյն այդ ժամանակ դադրեցուցած հրատարակութիւններու անուններուն ալ անդրադարձած է առանձին, ինչպէս նաեւ հետեւած է այդ նոյն տարիներուն իրենց տպագրութեան վայրը փոխած պարբերականներու անուններու տեղաշարժին՝ ստանալով վիճակագրական տուեալներ եւ այլ մանրամասնութիւններ: Ուսումնասիրութեան մէջ Անուշ Թրուանց անդրադարձած է նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին՝ որպէս ո՛չ միայն 1922-1932 թուականներուն տպագրուած թերթերէն մին, այլեւ՝ նոյնիսկ անկէ առաջ սկսած ու մինչեւ մեր օրերը հասած հայ օրաթերթերէն ամենաերկարակեացը: Ան ԺԱՄԱՆԱԿ-ի էջերէն առանձնացուցած է հայութեան համար կարեւորագոյն նիւթերը, որոնց իր 112-ամեայ պատմութեան մէջ անդրադարձած է թերթը:

Անուշ Թրուանցի աւարտաճառը՝ մասնագիտական յանձնախումբի որոշմամբ գնահատուած է գերազանց:

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք մեր սիրեցեալ գործակից ընկերուհի Անուշ Թրուանցը, որու այս յաջողութիւնը կը պայմանաւորէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքին տարեմուտի տրամադրութիւնը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2019