ԵՐԿՈՒ ԶԱՐՄՈՒՀԻՆԵՐ (Բ)

ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՔԱՈՍԻ ՄԷՋ Է

Օր ըստ օրէ համերաշխ գերդաստանի տան կտուրին սկսան կուտակուիլ սեւ ամպեր։ Ընտանիքէն ներս տիրող երբեմնի լուսագեղ մթնոլորտը փոխակերպուցաւ լարուածութեան։ Անախորժութեան առաջնային պատճառը հանդիսացաւ՝ սէրը։ Անբիծ զգացում մը, զոր մարդիկ յաճախ կ՚ողողեն պղտոր ջուրերով։ Նանը ինքնամոռաց սիրահարուեցաւ երիտասարդի մը։ Այդ յաղթանդամ, գերհրապուրիչ ու գեղադէմ երիտասարդը իրենց դրացին էր, որ այրած էր ու կ՚այրէր բազում սրտեր։ Անոնց սէրը փոխադարձ էր ու մաքուր։ Սակայն անմեկնելի պատճառներով Նանի աչքերը կը տամկանային շատ անգամ։ Վերջերս ալ արցունքները դարձած էին Նանի անբաժան ուղեկիցը։

Երկու երիտասարդ սիրող սրտերու միացումին դէմ էին անոնց ընտանիքները.

-Նան, անկարելի է ձեր միացումը։ Այս երիտասարդը մենք կը ճանչնանք պզտիկութենէն։ Մեր աչքի առջեւ ծնաւ ու մեծցաւ։ Հաւատայ, որ ան չի փայլիր իր կենսագրութեամբ։ Անոր անունին շուրջ կը դառնան տհաճ խպսակցութիւններ։ Միակ ելքը ժամանակին անկէ հրաժարիլն է։ Կ՚աղաչեմ, որպէսզի իմ այս խօսքերը չնետես ականջի ետեւ,- իւրաքանչիւր անգամ այսօրինակ խորհուրդներ կու տար հօրաքոյրը Նանին։

Սակայն անմոռաց սիրահարած երիտասարդուհին կը սաւառնէր եօթներորդ երկինքին մէջ ու իր սիրահարին յղուած ոչ մէկ բացասական կարծիք ունակ էր ի նկատի առնելու։ Երիտասարդի մայրը նոյնպէս դէմ էր անոնց սիրոյն։ Ամէն ձեւով կը պայքարէր որդին Նանէն հեռու պահելու համար։ Օր մըն ալ կինը խիստ ցասումի մէջ հասաւ Նանի մեծ հօր տուն։ Դուռը բացաւ սիրահար աղջիկը։ Երիտասարդը բաւական կոպիտ ձեւով սաստեց Նանը. «Եւրոպաներու մէջ հասակ առած, անյայտ ջուրերով հոսած մէկը անկարելի է, որ դառնայ մեր տան հարսը։ Առաջին ու վերջին անգամ կ՚ազդարարեմ քեզ հեռու մնալ իմ մինուճար զաւկէն», աչքերը ծռած ըսաւ ան ու հեռացաւ։

Նանի փխրուն հոգին սա ստորնացուցիչ վիրաւորանքէն շատ նեղուեցաւ։ Քանի մը օրուան մէջ խեղճ Նանը ծով արցունք թափեց։ Այս միջադէպէն վերջ նոյնիսկ քանի մը անգամ Նանը փորձեց խզել իր բոլոր կապերը սիրեցեալին հետ, սակայն երիտասարդը ոչ մէկ կերպով կրցաւ հրաժարիլ անկէ։

Բոլորը դէմ էին անոնց սիրոյն։ Ուստի երիտասարդները որոշեցին դիմել խորամանկութեան։ Անոնք ամէննուն յայտարարեցին, թէ այլեւս բաժնուեցան, սակայն կը շարունակէին ծածուկ հանդիպել ու վայելել իրենց արգիլուած սէրը։ Մի միայն Նունիկն էր, որ տեղեակ էր զարմուհիին գաղտի կապէն ու միշտ կը քաջալերէր վերջինս։ Բոլորի աչքէն հեռու սիրահարները սկսան գաղտագողի հանդիպիլ գիշերները, երբ ամէն մարդ կը քնանար, կամ դասաժամերու հաշուին…

Սակայն, ի վերջոյ գաղտնիքը բացայայտուեցաւ։ Հերթական գիշերային ծածուկ հանդիպումը ձախողեցաւ։ Քանզի այդ գիշեր Նանի մեծ հօր աչքերուն քուն չեկաւ։ Ալեզարդ ծերունին փորձեց քնանալ, սակայն ապարդիւն։ Սիրտը նեղուեցաւ, որոշեց դուրս գալ եւ թարմ օդ շնչել։ Իրենց առանձնատան պատշգամը կը կենար, երբ յանկարծ ականջին հասան տարօրինակ փսփսուքներ։ Պահ մը անոր թուաց, թէ գողեր են։ Կամացուկ մօտեցաւ դարպասին, դուռը բացաւ ու ինչ տեսնէ. անոնք էին՝ Նանն ու սիրելին։ Պատկառելի ծերունին չհաւատաց իր աչքերուն, զարմանքէն քարացած կը կենար, այնուհետեւ գլխապտոյտ մը ունեցաւ.

-Նան, անմիջապէս տուն անցիր։ Իսկ քեզի հետ երիտասարդ տակաւին կը խօսինք,- զայրացած ըսաւ մեծ հայրը ու հեռացաւ։

Այդ գիշեր խաղաղ ընտանիքին մէջ կը տիրէր խառնաշփոթ։ Նանը անդադար կու լար։ Մեծ հայրը գլուխին խրատներ կը կարդար ու կը սպառնար տեղի ունեցածի մասին պատմել իր որդւոյն՝ Նանի հօրը.

-Հայրդ քու խնամքդ ու դաստիարակութիւնդ վստահած է մեզի։ Սակայն դուն ամէն ձեւով կը հրաժարիս զիս մտիկ ընելէ։ Այլեւս չի կրնար այսպէս շարունակուիլ։ Լոյսը բացուելուն պէս պիտի հեռաձայնեմ հօրդ ու ամէն բան պիտի պատմեմ։

Կիրքերը բորբոքեցան, Նանը փոթորկացաւ, կոտրեց սեղանին վրայ գտնուող սպասքը, տապալեց աթոռը։ Յիրաւի ընտանիքը քաոսի մէջ էր։ Առաւօտեան մթնոլորտը համեմատաբար կայուն էր։ Սակայն այդ գիշեր տեղի ունեցածը յառաջիկային երկպառակտեց ընտանիքը։ Նանը սկսաւ գործել իրերայաջորդ մեծ ու փոքր սխալներ։ Մեծ հայրը խղճաց Նանին ու որդւոյն ոչ մէկ բան պատմեց, փորձեց ինքնուրոյն ճողոպրիլ ստեղծուած անել իրավիճակէն, սակայն բոլոր ջանքերը մնացին ապարդիւն։ Եւ սա եղաւ անոր մեծագոյն սխալը։ Այսպէսով, ոչ մէկ հարց կրցաւ լուծում ստանալ, հակառակը՝ օր ըստ օրէ ընտանիքի պարագաներուն միջեւ կ՚աճէր լարուածութիւնը։ Երբեմնի համերաշխ, օրինակելի ընտանիքը բռնեց պառակտումի, կործանման ուղին։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2019