ԿԱՏԱՐԵԼՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ

Մարդ իր ստեղծագործութենէն կոչուած է կատարելութեան, բարեփոխութեան եւ միշտ աւելի յառաջդիմութեան։ Մարդ քանի որ ստեղծուած է իր Արարչին՝ Աստուծոյ պատկերով եւ Անոր նմանութեամբ, ուրեմն  պէտք է նմանի Անոր եւ կատարեալ ըլլայ, որովհետեւ Ան կատարեալ է։ Եթէ Արարիչը կատարեալ է, արարածն ալ պարտաւոր է կատարեալ ըլլալու եւ կատարելութեան ձգտելու, ինչպէս արդէն կոչուած է իր արարչութեան օրէն իսկ։

«Բայց գիտենք թէ Աստուած ամէն բանի մէջ բարի բաներու համար գործակից կ՚ըլլայ անոնց, որոնք կը սիրեն զայն եւ որոնք կանչուած են անոր նախասահմանումով, որովհետեւ զանոնք որ նախապէս կը ճանչնար՝ նախասահմանեց կերպարանակից ըլլալու Իր Որդիին պատկերին, որպէսզի ան ըլլայ անդրանիկը բազմաթիւ եղբայրներու մէջ, եւ զանոնք որ նախասահմանած էր՝ զանոնք ալ կանչեց, եւ զանոնք որ կանչեց՝ զանոնք ալ արդարացուց, եւ զանոնք որ արդարացուց՝ զանոնք ալ փառաւորեց», կ՚ըսէ  Պօղոս առաքեալ (ՀՌՈՄ. Ը 28-30)։ Այս կը նշանակէ՝ զանոնք զգեստաւորեց Աստուծոյ զաւկի որդեգրութեան փառքով։

Եւ ահաւասիկ, որպէս քրիստոնեայ, այս պէտք է ըլլայ մեր իւրաքանչիւրին նպատակը նախասահմանութեան, որուն հասնելու միջոցներն են կոչումը, արդարացումը եւ որդեգրութիւնը։ Այս միջոցները միացած Սուրբ Հոգիին շնորհներուն հետ, համեմատական եւ բաւարար են հասնելիք նպատակին. այն է՝ մեր նմանութիւնը Աստուծոյ Որդւոյն, թէ՛ երկրիս վրայ եւ թէ՛ յաւիտենական կեանքին մէջ։ Արդարեւ, Աստուծոյ գործերը երբեք չեն շեղիր իրենց նպատակէն։ Իսկ եթէ շեղած են, այդ կը նշանակէ որ մեր գործակցութեան մէջ թերութիւն մը, պակաս մը կայ։

Իւրաքանչիւր մկրտուած անձի բաւարար շնորհ մը տրուած է հասնելու սրբութեան, այսինքն կոչուած է կատարելութեան։ Ուրիշ խօսքով անոնք կոչումը ունին հասնելու նախասահմանութեան նպատակին։ Բոլոր քրիստոնեաներ կոչուած են սուրբ եւ կատարեալ ըլլալու, ոչ անշուշտ նոյն աստիճանին եւ նոյն չափով, քանի որ «աստղ քան զաստղ առաւել է փառօք», այսինքն՝ աստղը աստղէն աւելի է փառքով։

Մարդոց կոչումները եւ ճանբաները անթիւ, անհամար են իրենց ծաւալով եւ զանազանութեամբ, բայց իւրաքանչիւր մարդու տրուած է բաւարար շնորհք մը՝ հասնելու նպատակին, որուն կոչուած է եւ այդ նպատակին հասնելու ճամբան եւ անոր մանրամասնութիւնները։ Արդարեւ, Աստուած անկարելին չի պահանջեր, նոյնպէս Աստուած կ՚աւելցնէ մէկուն շնորհքը, երբ անիկա կը համապատասխանէ շնորհքին։

Յիսուս կը յանդիմանէ թերահաւատութիւնը. «Թերահաւա՛տ, ինչո՞ւ տատամսեցար»։ Ուստի այս խօսքերը պէտք է միշտ հնչեն մեր ականջին։ Եւ երբ Պետրոս առաքեալի պէս սկսինք ընկղմիլ, այդ կը նշանակէ, թէ արդէն սկսած ենք տարակուսիլ։ Այն ատեն կը սկսինք նայիլ աջ ու ձախ, առաջ ու ետեւ եւ խորհիլ, թէ փրկութիւնը, խաղաղութիւնը եւ սրբութիւնը ամէն տեղ կրնանք գտնել, բացի մեր տեղէն։ Խոնարհութեան եւ փրկարար հաւատքի պակա՛սն է ասիկա։ Եթէ մենք անդրադառնայինք մեր կոչումին եւ գիտնայինք գործածել մեր ընդունած շնորհները, երբեք պիտի չիյնայինք։ Այդ շնորհները պիտի աւելնային, կրկնապատկուէին, տասնապատկուէին ի վարձատրութիւն մեր խոնարհութեան, մեր հաւատարմութեան եւ մեր կոյր հաւատքին Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ։

Գիտակցութիւնը մեր նախասահմանութեան, մեր կոչումին, մեր արդարացումին եւ մեր որդեգրութեան, որ մեզի վիճակուած է, այն է՝ մասնաւոր չափով մը եւ կերպով մը կերպարանակից ըլլալ Աստուծոյ Որդւոյն պատկերին, մասնակցութեամբ անոր առաքելութեան, մեզի պիտի ըլլայ մշտական խթան մը, մեզ բարձրացնելու եւ հասցնելու գերազանց կատարելութեան։

Այս բոլորին վրայ՝ կեանքը ինքնին ամենաբարձր դպրոցն է սիրոյ. իսկ սէրը՝ Աստուծոյ եւ մարդուն կատարելութի՛ւնն է։ Սէրն է, որ մարդը կը մղէ «կատարեալ մարդ» ըլլալու եւ նոյն սէրն է, որ զինք կը ստիպէ կեանքը տալու իր նմանին՝ իր ընկերոջ համար։ Արդարեւ, չկայ աւելի մեծ սէր, քան զոհել իր կեանքը ուրիշին համար։ Մարդուս կեանքին սկիզբէն մինչեւ վերջը սէրը շարժիչ ուժն է, որ կ՚ուղղէ, կ՚առաջնորդէ եւ գործի կը կոչէ իր էութեան բոլոր կարողութիւնները։ Քրիստոնեան փոխանո՛րդն է Քրիստոսի սիրոյն։

Իր կոչումին՝ հաւատացեալ մարդուն տրուած շնորհքին հաւատարիմ հաւատաւորին իւրաքանչիւր գործը ներշնչուած է սովորական զօրութենական եւ կամ գործնական սէրէն։ Եւ քանի որ իւրաքանչիւր գործի մէջ, ամենէն պզտիկէն մինչեւ ամենէն մեծը, սէրը կը գործադրենք, Սուրբ Հոգիին գործակցութեամբ սիրոյ տեւական աճում մը կ՚ունենանք, որ Աստուծոյ սէ՛րն է եւ որովհետեւ Աստուած Ի՛նք Սէր է։ «Աստուած սէր է, եւ ով որ սիրոյ մէջ է, սիրոյ մէջ կը մնայ, Աստուծոյ մէջ կը բնակի եւ Աստուած անոր մէջ» (Ա ՅՈՎՀ. Դ 16)։

Եւ սակայն ո՛ւր որ Աստուած կը բնակի, սրբութիւնն ալ կը բնակի, որովհետեւ որքան ալ սէրը եւ սրբութիւնը տարբեր բաներ են, բայց անբաժան են իրարմէ. միասին կը քալեն, համընթաց՝ միասին կ՚աճին կամ կը նուազին սաստկութեամբ, ինչպէս լոյսը եւ տաքութիւնը թէեւ տարբեր են, բայց անբաժան են իրարմէ։

Վերջապէս կատարելութեան միջոցներ են ողջախոհութեան պարտաւորութիւնը իր բոլոր կանխարգելիչ զգուշութիւններով, աղքատութեան կեանքը եւ հոգին, հնազանդութիւնը օրէնքին, բարեկարգութեան, հեղինակութեան. հնազանդութիւն՝ որ կրնայ գործադրուիլ, ամենափոքր մանրամասնութիւններէն մինչեւ ամենալա՜յն ծաւալի մէջ, ըստ հնազանդողի կամքին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 24, 2019, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2019